Նշելով, Որ Պատերազմի Առաջին Օրէն Իրենց Նպատակը Շուշին Գրաւելն Էր. Ալիեւ. «Ղարաբաղի Նոր Ժամանակաշրջանը Կը Սկսի»

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Նշելով, Որ Պատերազմի Առաջին Օրէն Իրենց Նպատակը Շուշին Գրաւելն Էր. Ալիեւ. «Ղարաբաղի Նոր Ժամանակաշրջանը Կը Սկսի»

11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: <Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ>

«Այսօր Հատրութի բնակավայրի ազատագրման առաջին ամեակն է: Այս առիթով ամբողջ սրտով կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ Ազրպէյճանի ամբողջ ժողովուրդը: Կը կարծեմ, որ այս օրը այստեղ` Հատրութի մէջ նշելը շատ իւրայատուկ դէպք է: Երկար դադարէ ետք, վերադարձած ենք Հատրութ-Խոջաւանթ: Կռիւով, արիւն թափելով եւ նահատակներ տալով վերադարձանք: Ալլահը մեր նահատակներու հոգիներուն խաղաղութիւն պարգեւէ: Անոնց արեան, կեանքերուն, քաջութեան գնով եւ մեր զինուորներու հերոսութեամբ է, որ պատմական արդարութիւնը վերականգնած ենք, ներխուժողները վտարած մեր բնօրրաններէն եւ վերադարձած մեր բնօրրանները», 9 հոկտեմբերին Խոջաւանթի մէջ հասարակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Ազրպէյճան24» կայքը կը հաղորդէ, որ ան նշած է, թէ Հատրութի եւ Ղարաբաղի մէջ ընդհանրապէս նոր ժամանակաշրջան մը կը սկսի:

«Հատրութի գործողութիւնը ղարաբաղեան Բ. պատերազմի ամէնէն կարեւոր գործողութիւններէն մէկն է: Այս գործողութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի, թէ՛ զինուորական, թէ՛ ալ ռազմավարական տեսանկիւնէ: Այս գործողութեան յաջող աւարտը մեզի առիթ ընծայեց իրագործելու Ղարաբաղը ազատագրելու մեր նպատակը: Այս շրջանին մէջ Հատրութի դիրքը ռազմավարական առումով իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ լեռնային շրջան մըն է», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է, թէ պատերազմի աւարտէն ետք խափանարարներու յատուկ խումբ մը Հայաստանի Շիրակ շրջանէն ուղարկուած է Հատրութի շրջանի կարգ մը գիւղեր:

«Նոյեմբերի վերջաւորութեան անոնք անցան Լաչինի միջանցքը եւ մուտք գործեցին այս շրջաններ: Ինչպէս գիտէք, անոնք զինաթափուեցան եւ ձերբակալուեցան: Անոնք, որոնք ոճիրներ չգործեցին, վերադարձուեցան, իսկ անոնք, որոնք ոճիրներ գործեցին եւ խափանարարները դատարանին մէջ հաշուետուութեան ենթարկուեցան: Ըսածս այն է, որ պատերազմի աւարտէն շուրջ 20 օր երկու շաբաթ ետք, երբ Հայաստան ստորագրած էր անձնատուութեան հռչակագիրը, անոնք դարձեալ փորձեցին Հատրութի վրայ յարձակում գործել: Սակայն ազրպէյճանական զինեալ ուժերը պէտք եղած քայլերը որդեգրեցին», ըսած է ան:

«Հատրութ եւ Մարտունի շրջանները, որոնք ատենօք մաս կը կազմէին նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին, իրարու միացնելով ստեղծած ենք Խոջաւանթ շրջանը: Նաեւ պէտք է յայտնեմ, որ նախկին Մարտունի շրջանի շուրջ 55-60 առ հարիւրը ազատագրուած է բռնագրաւողներէն, եւ ազրպէյճանցի քաղաքացիները այդ շրջաններ պիտի վերադառնան:

«Քանի՞ տարի կարելի է սպասել: Մինսքի խմբակը այսքան տարի եկաւ ու գնաց, առաջարկներ ներկայացուցին, հայերը չընդունեցին: Անկեղծօրէն, բազմաթիւ տարիներ համբերեցինք: Անոնց չէի կրնար ըսել: Նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին, երբ բազմաթիւ հարցազրոյցներ կատարեցի, չէի կրնար մեր ծրագիրներուն մասին ամբողջական կերպով խօսիլ, որովհետեւ զինուորական գաղտնիք էին: Մեր գլխաւոր նպատակը ամբողջական յաղթանակ արձանագրելն ու Շուշիի մէջ մեր դրօշը բարձրացնելն էր: Այժմ կրնամ ըսել, որ այդ նպատակը պատերազմի առաջին օրէն իսկ ճշդուած էր, եւ այդ նպատակը իրագործեցինք», յայտնեց Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով. «Ազրպէյճանի ժողովուրդը յաւիտեանս պիտի ապրի ազատագրուած հողերուն վրայ»:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today’s Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.
Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

www.aztagdaily.com/archives/525396

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail