Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի վրայ կանգնող այս կինը ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ մը չէ… բառին բո՛ւն եւ ամբողջական իմաստով ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ մըն է՝ նաեւ հեղինակ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու:
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԹԷ ԱՆՏԱՌԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ գիշեր իր մօտ գացի. հակառակ ցուրտ օդին, հակառակ տարիքին, հակառակ արդէճ իսկ երեք ժամ երգած ըլլալուն կը շարունակէր երգել:
Առանց զինք ճանչցած ըլլալուս, իր մասին գրած էի «Մայթերու Վրայ Մեռնող Արուեստը» խորագրով գրութիւն մը:
******
ՄԱՅԹԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՄԵՌՆՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
********
Հրայր Տաղլեան, «Ժամանակ» օրաթերթ, 2 Հոկտեմբեր 2021
Հիւսիսային պողոտայ եմ. խճողուած է՝ ինչպէս միշտ:
Լուսաւորութեան մէջ փողոցին անըմբռնելի մթութիւն մը կայ. այն մթութիւններէն՝ որոնք առանց պատճառի խռովք ու վրդովում կը յառաջացնեն մարդու ներաշխարհէն ներս՝ անծանօթ յոյզով մը խեղդելով արդէն իսկ մռայլ հոգիները:
Լուսաւոր այդ խաւարին մէջէն կ’անցնին զուարթ ու շէն մահկանացուներու ամբոխ մը, լուռ ու անտարբեր ի դիմաց կեանքի վշտագալար հոգիներուն, որոնք կը փորձեն իրենց հիւծած հոգիները քշելով հասնիլ կեանքի սրընթաց գնացքին: Այդ փողոցին մէջ յանկարծ մարդու սիրտէն խոյս կու տան խղճմտանքն ու գութը՝ ի դիմաց աղքատութիւն կոչուած թշուառութեան:
Քայլերս ակամայ կանգ առած էին տարաբախտ պառաւի մը դիմաց, որ հակառակ ցուրտին, իր երբեմնի շնորհալի ձայնը ձգած՝ ամբոխին մէջ կը փնտռէր իր յաճախորդները. այդ ժլատներու քմայքէն կախեալ էր իր օրապահիկը. անոնցմով երաշխաւորուած իր կենաց մահու պայքարի վերջնական արդիւնքը:
Այդ օր եկած էր դարձեալ բախտը փորձելու փողոցներուն մէջ:
Արիւնի հոտ մը կար ձայնին մէջ. ձայն՝ որ պէտք է սթափեցնէր անտարբեր հոգիները, կեանքի անփոյթ վազքին մէջ դանդաղեցնէր անկարեկիր մարդկութիւնը: Աղքատութիւնը ձեռքէն բռնած քաշկռտելով բերած հասցուցած էր զինք այստեղ՝ հսկայական պողոտայի վրայ աննկատ անկիւն մը շնորհելով:
Անզգալաբար ձեռքին մէջ կը դողդոջէր ձեռքի անտաշ ճպոտը:
Երկչոտ նայուածքները կը խուսափէր անցորդներու աչքերէն, որոնք հիմա անտարբերութեամբ կը նայէին իրեն, շատ անգամ կարեկցանքով ու վշտակցութեամբ: Հիմա ինք անոնց աչքին ողորմութիւն խնդրող չքաւոր մուրացիկ մըն էր, սակայն ո՛չ երբեք երգիչ ու արուեստագէտ եւ գուցէ այդ փառքի նուաստացումն էր պատճառը աչքերը մեր աչքերէն փախուստի մատնելուն:
Հակառակ ճաշարաններէն լսուող տհաճ ու անախորժ երաժշտութեանց, պառաւին ձայնը կը շարունակէ իր տիրական ներկայութիւնը պահել ամբողջ փողոցի երկայնքին:
Ձայնին զօրութիւնը կը ջատագովէ երբեմնի հզօր ու ազդեցիկ մեծութեան ու փայլքի մը անուրանալի գոյութիւնը, որ հիմա մեռած աստղի մը պէս չխամրելու վերջին փորձեր մը կ’ընէր:
Գուցէ անցեալին եղած ըլլար անուանի երգասաց մը՝ որ հիմա մուրացիկ մը որպէս իր ձայնին վերջին լարերը կը փորձէ մաշեցնել: Հայը օտարացնող երգերու մէջէն կը զանազանուէր իր ձայնը, որուն մէջ ծնունդ կ’առնէր մերթ Սայաթ Նովան, մերթ Աշուղ Հաւասին:
Ձայնին մէջ կը տողանցէին Նժդեհը, Անդրանիկը, Դրօն եւ ուրիշներ: Ձայնին մէջ կը կենդանանար Աստղիկ՝ Վահագնի կարօտը սիրտին:
Հսկաներու պանթէոն մը ամբողջ յարութիւն կ’առնէր այդ ձայնին մէջ. եւ ի՜նչ հեգնանք… երկնային այդ պարգեւը մարդոց կը մատուցուէր մերթ անվճար եւ ատեն ատեն մի քանի ղուրուշի մը դիմաց:
Մեղաւորի նայուածքով ժամանակ առ ժամանակ կը նայի դէմը փռուած թաշկինակին, որուն մէջ դրուած մի քանի դահեկանը կը պայքարէր քամիին յանձնուելէն: Ճակատագրի մէկ խաղով եթէ ծնած ըլլար օտարութեան մէջ, գուցէ այսօր դասուած ըլլայ յայտնի երաժիշտներու շարքին, առանց օրուան ապրուստ հոգալու մտատանջութիւնը ունենալու։
Ունայնութեա՜ն ուղեւորներ… ձեռք ձեռքի զոյգեր, երազկոտ ու անտարբեր կը շարունակեն անցնիլ՝ զանց ընելով պառաւին պատարագը, ուր Քրիստոսի մարմնին տեղ անհաւատ ժողովուրդին կը տրուի մշակոյթն ու արուեստը: Պիտի չարթննա՞յ երբեք անոնց խիղճերը գերող անպարտելի քունը:
Կը պատարագուի արուեստն ու մշակոյթը՝ ապաշնորհ մարդոց անողորմ ոտքերուն տակ, մինչ պառաւը մեռած նայուածքները հեռուն սեւեռած կը շարունակէր ներբողել սէրը:
Հաւատացէ՛ք, պառաւին համար երգը շա՜տ շա՜տ աւելի նշանակութիւն ու իմաստ ունէր՝ քան բոլոր այն երգիչները, որոնք այսօր բարձրախօսը վերցուցած, կը փորձեն իրենց ագռաւի ձայնին սոխակի երանգ տալ: Պառաւին մօ՛տ է որ կը կենդանանար «երգը կեանք է» լոզունգը:
Վերադարձայ տուն, սակայն պառաւին ձայնին արձագանգը տակաւին կը շարունակէր լսուիլ ներաշխարհիս մէջ: Հիմա է, որ կը զգամ տարտամ դառնութիւնը ճակատագրին:
Եւ ինչքա՜ն մշակոյթ ու արուեստ, ամէ՛ն օր կը զոհուին մեր հսկայ քաղաքի աննկատ մայթերուն վրայ:
***
Յ.Գ. Երգող կինը ծանօթ է Ժասմին անունով (բուն անունը՝ Յասմիկ Անտոնեան): Նկարահանուած է նաեւ Ժասմինը կեանքը ներկայացնող ժապաւէն, որ կը կոչուի «Հիւսիսային Պողոտայի Թագուհին»:
