Կարնոյ, Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց, հին եւ հռչակաւոր ամրոց, Արարատեան Կոգվիտ գաւառ, որ ԺԵ. դարէ սկսեալ ծանօթ է Պայազէտ անուամբ

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Կարնոյ, Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց, հին եւ հռչակաւոր ամրոց, Արարատեան Կոգվիտ գաւառ, որ ԺԵ. դարէ սկսեալ ծանօթ է Պայազէտ անուամբ

Կարնոյ Դարոյնք ամրոց – Մեծ Հայք

19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

Յուլիս 16ին, 188 տարի առաջ, ռուսական զօրքը իր առաջին մուտքը կատարեց <Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց> Պայազէտ։

Արեւմտեան Հայաստանի ուղղութեամբ ռուսներու առաջին յառաջխաղացքի ժամանակներն էին։ Իսկ Պայազէտը, Կարնոյ նահանգին մէջ իր գրաւած ռազմավարական կարեւոր դիրքով, բանալի նշանակութիւն ունէր դէպի Մերձաւոր Արեւելքի խորերը՝ դէպի հարաւ եւ արեւմուտք տարածուելու ճամբուն վրայ։
Յատկանշականօրէն, ռուսներու Պայազէտ առաջին մուտքը կատարուեցաւ առանց կռուի։

Հազիւ 1600 զինուոր կը հաշուէր Պայազէտի պաշարման ձեռնարկած ռուսական զօրաբաժինը, որուն միացած էին 400 հայ կամաւորներ։ Բայց որովհետեւ Ռուսաստան յաղթական կ’արշաւէր բոլոր ճակատներով՝ թէ՛ պարսիկներու դէմ, Թաւրիզի ու Թեհրանի ուղղութեամբ, թէ՛ թուրքերու դէմ, Պալքանեան թերակղզիի երկայնքին ու Արեւմտահայաստանի տարածքին, Պայազէտի հայերը դժուարութիւն չունեցան բերդաքաղաքի կառավարիչին՝ Պահլուլ փաշային համոզելու, որ ռուսներուն դիմադրելը ապարդիւն է…

Այդպէ՛ս ալ եղաւ։ Պայազէտ անձնատուր եղաւ եւ ռուսները առանց արիւնահեղութեան տիրացան այդքան կարեւոր դիրք ունեցող բերդաքաղաքին։

Անմիջապէս եւ առաջին հերթին կ’արժէ ընդգծել, որ մինչ ռուսները իրենց կայսերապետական ծաւալումին եւ տաք ջուրերու տիրացման հաշիւները ունէին, անոնց կողքին պատերազմի դաշտ նետուող հայ կամաւորները կենաց-մահու հարց կը լուծէին…

Որովհետեւ պարսից խաներու եւ թուրք-քիւրտ փաշաներու ու պէյերու դաժան տիրապետութեան տակ, ինչպէս եւ անոնց միջեւ անվերջ շարունակուող ներքին պատերազմներու հետեւանքով՝ ոչ միայն աւերուած էր Հայաստանը, այլեւ պարբերական կոտորածներու թէ ճարահատ արտագաղթի պայմաններուն մէջ ստոյգ կործանումը կը սպառնար հայ ժողովուրդին։

Իսկ Պայազէտը միայն իր այդ նորայայտ անուանումով… թրքական էր։

Նորօրեայ Պայազէտը նոյնինքն պատմական Հայաստանի միջնաբերդերէն Դարոյնք գաւառն էր, որ Արշակունիներու օրով արքայանիստ բերդաքաղաք ալ եղած էր, ուր ապաստանեցաւ Պապ թագաւոր։

Հայկական անառիկ ամրոցի ամբողջ պատմութիւն մը կապուած է Դարոյնքի անունին, որ պարսկական թէ արաբական, մոնկոլեան թէ սելճուքեան բոլոր ասպատակողներուն աչքի փուշն էր։

Դարոյնք եղաւ նաեւ Բագրատունիներու եւ Արծրունիներու նստավայրը, մինչեւ որ օսմանցի թուրքերը 14րդ դարուն գրաւեցին բերդաքաղաքը եւ իրենց Պայազիտ Ա. սուլթանին անունով… թրքացուցին Դարոյնքը։

Անուանափոխման ենթարկուելով ու տասնամեակներ շարունակ պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ կռուախնձոր մնալով հանդերձ՝ Պայազէտ մնաց գերազանցապէս հայաբնակ քաղաք ու ամրոց։ 1555 թուին, պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ կնքուած հաշտութեան դաշնագրով մը, Պայազէտ վերջնականապէս տրուեցաւ թուրքերուն, որոնք բերդաքաղաքին կառավարումը յանձնեցին շրջակայքը բնակող Սլիվանլի քրտական ցեղին։

Նոյն այդ ցեղը կիսանկախ դրութեամբ կառավարեց Պայազէտը մինչեւ 19րդ դարու վերջերը։ Այսուհանդերձ՝ ինչպէս որ կը վկայեն Առաքել Դավրիժեցի եւ Սերովբէ Կարնեցի հայ պատմիչները, հայերը կառչած մնացին իրենց բերդաքաղաքին եւ 1828ին, ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ, Պայազէտը ունէր 1735 տուն հայ եւ 310 տուն մահմետական բնակչութիւն։

Պատմական այս տուեալներուն յիշեցումը կարեւոր է՝ իր ամբողջական խորապատկերով դիտելու եւ արժեւորելու համար ռուսական զօրքի Պայազէտ առաջին մուտքը։

Ինչպէս ամբողջ Արեւելեան Հայաստանի տարածքին, նոյնպէս եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար համակերպիլ իր սեփական հողին վրայ իբրեւ երկրորդ կամ երրորդ կարգի քաղաքացի ապրելու դաժանագոյն գերութեան։

Արեւմուտքն ու Եւրոպան շատոնց կռնակ դարձուցած էին Մերձաւոր Արեւելքի հինաւուրց իրենց հարազատին։ Յոյսի նոր աղբիւր դարձած էր Ռուսաստանը եւ անոր զօրքին Արեւմտահայաստան էջքը, յատկապէս Պայազէտ մուտքը յուսալի հեռանկարներ կը բանար Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան առջեւ։

Պատմութիւնը արդէն վճռած է, որ Ռուսաստան քալեց ու գնաց բացառապէս եւ միայն իր հաշիւներով ու ուղիով՝ պարզապէս «շրթունքի տուրք» վճարելով հայկական յոյսերուն եւ սպասումներուն…

Արա Ազատատենչ Հանչէրեան

Մշակոյթ – Կարնոյ, Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց, հին եւ հռչակաւոր ամրոց, Արարատեան Կոգվիտ գաւառ, որ ԺԵ. դարէ սկսեալ ծանօթ է Պայազէտ անուամբ
Map of Ararat Valley Kogvit Province Karnoy Daroink Fortress Greater Armenia

www.facebook.com/Greater.Armenia/photos/a.275814729428880.1073741828.275796882763998/289275941416092/?type=3

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail