ԱՐՑԱԽ – Ստեփանակերտի Մէջ Մեծ Վարպետ Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մարզական Միջոցառում

ԱՐՑԱԽ – Ստեփանակերտի Մէջ Մեծ Վարպետ Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մարզական Միջոցառում

ԱՐՑԱԽ – Ստեփանակերտի Մէջ Մեծ Վարպետ Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մարզական Միջոցառում

19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՐՑԱԽ: – Մասթըր Կարօ Քեպապճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

«Կարօ Քեպապճեան տիտղոսակիր հայ է, սրտաբեկ հայ է,
մարտարուեստի Մեծ վարպետ է, մեծ մարդասէր է»,
հաստատած է նախարար Լուսինէ Ղարախանեան:

9 հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի` Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ մարզական ձեռնարկ մը` լիբանանահայ հասարակական գործիչ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր նախագահ եւ արեւելեան մարտարուեստի Մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Կ. Քեպապճեանի ընտանիքի անդամները, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Մոսիյեանը, հոգեւոր եւ պետական այրեր, Հայ սեւ գօտիներու միութեան աւելի քան 300 մարզիկներ, հիւրեր եւ բարեկամներ:

Օրուան հանդիսավարը յայտնեց, որ ձեռնարկը կազմակերպուած է Արցախի Ուշուի ֆետերասիոնը, որուն աջակցած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Ան հաստատեց, որ 1974 թուականին Կարօ Քեպապճեան արդէն դարձած էր մարտարուեստի աշխարհի ախոյեան: 1976-ին պաշտօնապէս հիմնած է Հայ սեւ գօտիներու միջազգային միութիւնը, ուր մինչ օրս մարզուած են շուրջ 50.000 մարզիկներ: Իսկ 1998 թուականին հիմնադրած է Արցախի Ուշու-քոնկ ֆու ֆետերասիոնը: 1998-ին Կարօ Քեպապճեան նշանակուած է Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Զայն բոլորս կը յիշենք որպէս դաշնակցական հաւատաւոր նուիրեալ անձնաւորութիւն: Մեծ վարպետը իր մեծագոյն ներդրումը ունեցած է լիբանանահայ, սփիւռքահայ եւ վերջին 30 տարիներուն Հայաստանի ու Արցախի երիտասարդ սերունդի ֆիզիքական պատրաստութեան եւ դաստիարակութեան մէջ:

Հանդիսավարը տեղեկացուց, որ Կարօ Քեպապճեան ծնած է Լիբանան. անոր պապերը արմատներով եղած են Արեւմտեան Հայաստանէն` Սեբաստիայէն, Կիլիկիոյ ազնուական ընտանիքէն: Հայրը` Կայծակ Քեպապճեան, եղած է Դրոյի զինակիցը, որ եղած է Կարօ Քեպապճեանի ծնողներուն պսակադրութեան կնքահայրը: Մեծ վարպետը յաճախած է Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, այնուհետեւ ուսումը շարունակածէ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ:

Այսօր տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ մաս կը կազմեն անոր հիմնադրած միութեան, որ առաջին հերթին հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ եւ իւրաքանչիւրին մէջ կը դաստիարակէ մեծատառ հայ մարդու գաղափարը: Միութիւնը տարիներու ընթացքին մեծցած է, ընդլայնած` Յունաստան, Ֆրանսա, Սուրիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա: Ամէնուր մեծ վարպետի աշակերտները կը շարունակեն անոր առաքելութիւնը:

1979 թուականին Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. վեհափառը ընդունելով Կարօ Քեպապճեանը` հաստատած է. «Այս միութիւնը եւ այս շարժումը մարդ էակի պատրաստութեան հարցին մէջ կարեւոր ճանապարհ են: Դուք առաքելութիւն կը հետապնդէք, այլ ոչ թէ ինքնանպատակ, ինքնագոհ կամ ինքնաբաւ կազմակերպութիւն էք: Դուք կ՛ապրիք հայութեան համար: Յատուկ գնահատանքի կ՛արժանացնեմ Կարօ Քեպապճեանի մատուցած ասպետական ոգու ծառայութիւնը»:

Հայաստանն ու Արցախը միշտ եղած են Կարօ Քեպապճեանի յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը: Միութեան աշակերտները հետագային եղան այն սերունդը, որ բանակի հրամանատարական կազմը դարձաւ, սահման պաշտպանեց, Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան մէջ իր ներդրումը ունեցաւ:

Կ. Քեպապճեան առիթով մը ըսած էր. «Մեր առաքելութիւնն է ամէն իմաստով ծառայել Արցախին: Քաղաքական առումով հանրայնացնել Արցախի Հանրապետութիւնը տարբեր մակարդակներու, որովհետեւ Արցախին առաջին հասնողը մենք ենք, հայութիւնը»:

Մեծ վարպետը կեանքին հրաժեշտ տուաւ 31 մարտ 2021-ին: Ան այժմ կը հանգչի Երեւանի Եռաբլուր պանթէոնին մէջ, բայց եւ այնպէս մեզի հետ կը շարունակեն ապրիլ անոր հոգին, լուռ ներկայութիւնը: Անոր պատգամները, հաւատքն ու յոյսը պիտի շարունակեն մնալ կենդանի` մեր միջոցով: Ան իր հանգիստը գտաւ այն տղոց մօտ, որոնց կողքին կանգնած էր միշտ, անոնց ուժ ու ոգի, կամք եւ վճռակամութիւն տուաւ: Քեպապճեան միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ, անոր թողած աւանդը սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտաւորութիւն ունինք մենք` ապրողներս»:

Ողջունելէ ետք Կարօ Քեպապճեանին կինը` Սիլվան, անոր զաւակները` Անին ու Արթիւրը, խօսքը փոխանցեց Մեսրոպ քհն. Մկրտչեանին: Ան իր խօսքը սկսաւ Կարօ Քեպապճեանի հոգիի խաղաղութեան եւ հանգստութեան աղօթքով` դիտել տալով, որ մարզադաշտին մէջ կանգնած երեխաները Կ. Քեպապճեանին առաքելութեան արգասիքն են, եւ որպէսզի անոր աշխատանքը շարունակուի, քահանան երեխաներուն մաղթեց այն ապագան, զոր անոնց կը ցանկար Մեծ վարպետը:

Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեանը, որ պատմեց, թէ երբ ինք 12 տարեկան էր, եւ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի իշխանութեան տակ էր, արգիլուած էր արտասահմանէն որեւէ բան մուտք գործէր Խորհրդային Միութիւն, եւ ըսաւ. «Սակայն չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս ձեռքս անցաւ արտասահմանեան ամսաթերթ մը, որուն առաջին էջին վրայ Կարօ Քեպապճեանի նկարն էր, եւ գրուած էր` «Աշխարհի քունկ ֆուի առաջին հայ ախոյեանը»: Մեր ուրախութիւնը անսահման էր, որ ան հայութիւնը կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհին մէջ: Այն ժամանակ մենք մարտարուեստի ժապաւէններ գաղտնի կը դիտէինք, որովհետեւ արգիլուած էին: Ո՞վ պիտի մտածէր, որ տարիներ ետք Արցախը կ՛անկախանար Ազրպէյճանէն, ես կը դառնայի նախարար եւ կը հանդիպէի Մեծ վարպետին հետ:

«Առաջին հանդիպումը անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է վրաս: Շուտով, թափով մտաւ, թափով ծրագիրները մշակեց եւ անցաւ գործի: Առաջին օրէն իսկ որոշեցինք, որ Արցախի մէջ պէտք է ըլլայ այնքան քունկ ֆուի մարզիկ, որքան Արցախի բանակն էր: Շատ դժուար էր, չկային մարզիչներ, չկար դահլիճ, եւ Կարօ Քեպապճեան, միանգամայն գործի անցնելով, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, կարողացաւ այս գործը կազմակերպել: Շուտով չորս մարզիչներ բերաւ արտասահմանէն, ֆինանսաւորեց անոնց աշխատավարձը, բնակարան առաւ, ինքնաշարժ առաւ, Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը տարածեց Արցախի գիւղերը: Ընդամէնը 2 տարի ետք 4000 հոգի ունէինք, որոնք արդէն մարզիկներ էին: Մենք պարզապէս կը ցնծայինք:

«Կարօ Քեպապճեան ոչ միայն Մեծ վարպետ էր, այլ նաեւ` մեծ հայրենասէր: Զարմանալի է, որ օրուան 24 ժամը ան կը մտածէր հայրենիքի մասին` գործնական գաղափարներով ու գործունէութեամբ: Չեմ կրնար պատկերացնել մարդոց այն հսկայ թիւը, զոր ան բերաւ Արցախ` Արցախը վերականգնելու նպատակով, տարբեր ասպարէզներով:

«ՀՅԴ-ի Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ միասին կարողացաւ հասնիլ այս մեծ յաջողութիւններուն», ըսաւ ան:

Ա. Սարգսեանի համաձայն, Կարօ Քեպապճեան մեծագոյն մարդ էր: Ան ամէն վայրկեան կ՛ապրէր հայրենիքով, իսկ Շուշիի վերականգման ժամանակ ան ըսաւ. «Ես պէտք է երթամ այնտեղ»: Եւ Կարօ Քեպապճեանը իր ընկերներուն հետ հիմնեց ամէնէն մեծ ու շքեղ պանդոկներէն մէկը:

Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ան իր որդիին` Արթիւրին հետ անմիջապէս եկաւ Արցախ: Ի հարկէ արցախեան երկրորդ պատերազմը ծանր ազդեց անոր վրայ, որովհետեւ ան տեսաւ հայրենիքի մէկ մասի կորուստը:

Խօսքը ուղելով ՀՍԳՄ-եան մարզիկներուն` ան հաստատեց, թէ ինք վստահ է, որ ապագային իրենց մէջէն պիտի ըլլան աշխարհի ախոյեաններ:

Խօսք առաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, որ հաստատեց, թէ Կարօ Քեպապճեան տիտղոսակիր հայ է, սրտաբեկ հայ է, մարմնամարզութեան մեծ վարպետ է, մեծ մարդասէր է: «Անտարակոյս Կարօ Քեպապճեանով Արցախի մարմնամարզութեան կեանքին մէջ նոր էջ բացուեցաւ: Անոր շնորհիւ մեր աշակերտներուն կամքն ու ոգին, մտածողութիւնը, վարքագիծը փոխուած են եւ պիտի շարունակեն փոխուիլ: Ան ոչ միայն ընդօրինակելի կերպար է ու վարպետ, այլ նաեւ կը շարունակէ դաստիարակչական ու կրթական հզօր ներգործութիւն ունենալ մեր սաներուն վրայ», յայտնեց նախարարը:

Խօսքը ուղղելով Քեպապճեանի կնոջ` Ղարախանեան ըսաւ.«Սիրելի՛ տիկին Սիլվա, ես համոզուած կ՛ըսեմ, որ Արցախի մէջ պիտի շարունակենք պահել այն աւանդոյթները, որոնց արմատները, ընթացքը դրած է Կարօ Քեպապճեան` Մեծ վարպետը»:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթիւր Մոսիեան, որ Կարօ Քեպապճեանը ներկայացուց որպէս նուիրեալ դաշնակցական եւ քաղաքական գործիչ: Ան հաստատեց, որ երկար տարիներ ըլլալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ` ան ջանք եւ եռանդ չէ խնայած Արցախը թէ՛ սփիւռքահայերուն եւ թէ՛ օտարներուն ընկալելի, ընդունելի եւ ճանաչելի դարձնելու համար: «Քեպապճեանի գրասենեակը կտոր մը հայրենիք էր, կտոր մը Արցախ` Լիբանանի մէջ: Անուրանալի է անոր ներդրումը քաղաքական դաշտին մէջ: Բարդ տարիներուն ան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ կազմակերպած է Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ամէնէն բարձրագոյն հանդիպումները:

«Պատմութիւնն ու յիշողութիւնը մարդիկը կը յիշեն ոչ միայն անոնց ապրած տարիներով, այլեւ` անոնց ապրած գործերով: Այդ իմաստով, մեծ հայու` Կարօ Քէպապճեանի կատարած գործերը թոյլ կու տան, որ մենք զայն ունենանք մեր յիշողութեան մէջ», եզրափակեց Մոսիեան:

ԱՐՑԱԽ – Ստեփանակերտի Մէջ Մեծ Վարպետ Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մարզական Միջոցառում

Խօսքերուն յաջորդեցին մարզիկներուն կատարողութեամբ ցուցադրական ելոյթներ`քոնկ ֆու, թաոլու, սանթա ուշու, թայչի, վինկ չուն, ցի կուն, ֆայթ մարզաձեւերէն:

Մեծ Վարպետ Կարօ Քէպապճեանի Անուան
Ուշու Քունկ Ֆուի Մարզադպրոց

«Մենք կը շարունակենք փայփայել մեր կապը
Արցախի ու անոր ժողովուրդին հետ»,
հաստատեց Սիլվա Աղամանուկեան Քեպապճեան:

Յիշատակի ձեռնարկէն ետք, ի պատիւ Կարօ Քեպապճեանին, «Ալեք Մանուկեան» 8 հասցէին վրայ գտնուող Ուշուի մարզադահլիճը վերանուանուեցաւ` «Մեծ Վարպետ Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի անուան ուշու քոնկ ֆուի մարզադպրոց», ուր տեղադրուեցաւ յուշատախտակ մը` մասթըրին նկարով ու ինքնակենսագրութեամբ:

Յուշատախտակի բացումը կատարեցին Քեպապճեանի կինը` Սիլվա Աղամանուկեան եւ Արցախի Ուշու քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի նախագահ Դաւիթ Գրիգորեան:

Այս առիթով Սիլվա Աղամանուկեան հաստատած է. «Այսօր մեզի համար վերածնունդի օր է, որովհետեւ տեսանք, թէ ինչպէ՛ս պատերազմէն ետք ամուսինիս «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի» նշանաբանով 300 մարզիկներ հանդէս եկան մարզական ելոյթներով: Մենք կը շարունակենք փայփայել մեր կապը Արցախի ու անոր ժողովրդին հետ»:

Անդրադառնալով ՀՍԳՄ-ի մարզիչներուն տարած աշխատանքին` Ուշու քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի նախագահ Դաւիթ Գրիգորեան ըսաւ. «Մարզիչները առաջնային նպատակ դրած են, որպէսզի ոչ միայն մարմնակրթութեան ոլորտին մէջ գնահատուին, այլ նաեւ դաստիարակեն արժանի զաւակներ մեր հայրենիքին համար»:

«Իւրաքանչիւրս տարբեր բնագաւառներու մէջ կ՛ընդհանրացնենք մեր հայրենիքի կարողութիւնը, ուժը, կազմակերպուածութիւնը, եւ ես կ՛ըսեմ, որ մեծագոյն ուժը մեր մարդկային հարստութիւնն է: Մենք պիտի շարունակենք առաջնորդուիլ Կարօ Քեպապճեանի կարգախօսով, որով եւ մինչ օրս առաջնորդուած ենք», նշեց Դ. Գրիգորեանը:

Աւարտին, տեղի ունեցած է 10 մենամարտով յուշամրցաշար:

Մասթըր Կարօ Քեպապճեան – ԼԻԲԱՆԱՆ

www.aztagdaily.com/archives/526068

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail