Հրանդ Տինք (1954-2007). Իրաւատէր հայութեան վերջին նահատակը

DINK HORIZON
19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Յունուար 19ի այս օրը կը լրանայ իններորդ տարելիցը հայ ժողովուրդիմերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինքի նահատակութեան։2007 թուականի ճիշդ այս օրը, Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, Հրանդ Տինք զոհգնաց թրքական հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու…
53 տարիքը հազիւ բոլորած էր Հայութեան իրաւատիրական Ձայնը իւրովի ներկայացնող, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը քաջաբար ու բարձրաձայն ամրագրող եւ, ընդհանուր առմամբ, յանուն ազատութեան ու արդարութեան իր գերագոյնը՝կեանքը զոհաբերելու պատրաստ Հրանդ Տինքը։

Տինքի վրայ մահացու փափուշտը արձակող թուրք երիտասարդ ոճրագործը, տեսախցիկի արձանագրութեան համաձայն, «Կեաւո՜ւր» անարգական բացագանչութեամբ կնքեց իր արարքը եւ հեռացաւ ոճիրի վայրէն։Ոչ մէկ կասկած, որ կատարուածը քաղաքական ոճիր էր եւ ծնունդն էր թրքական ազգայնամոլ այլամերժութեան, որ այս պարագային հայատեացութեամբ մոլեգնած էր։Ոչ մէկ կասկած, նաեւ, որ պետական մեղսակցութեամբ կազմակերպուած ոճիր էր Տինքի ահաբեկումը։

«Ակօս»ի խմբագրապետը արդէն յաճախակի մահուան սպառնալիքներ կը ստանար՝ Հայասպանութեան ճանաչումին ի նպաստ իր բարձրաձայն արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգնգրութեանց համար։ Այդօրինակ սպառնալիքներու լոյսին տակ, հետեւաբար, բացառուած էր, որ ինքնագլուխ մոլագարի մը գործը ըլլար օր-ցերեկով այդպէս՝ համարձակօրէն կատարուած Տինքի սպանութիւնը։

Աւելի՛ն. նման սպառնալիքներու բնական հետեւանքներուն դէմ պաշտպանուելու նպատակով էր, որ Տինք դիմած էր պետական հսկողութեան եւ, առ այդ, զետեղուած էր խմբագրատան սեմին շարժումներըարձանագրող տեսախցիկը։Այդ նկատառումներով ալ օրին, կայծակնային արագութեամբ, շղթայազերծուեցաւ բողոքի ընդոստ ալիք մը գործուած քստմնելի ոճիրին դէմ։ Ոչ միայն Հրանդ Տինքի պարագաներն ու ընկերները, ոչ միայն Պոլսոյ հայութեան իրաւատէր շրջանակները, այլեւ նոյնինքն թուրք հասարակութեան ազատախոհ ու արդարամիտ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները փութացին տէր կանգնելու հայոց նորօրեայնահատակին ու անոր Պատգամին՝ «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Մենք բոլորս Հայ ենք» վանկարկումով հետեւելով անոր յուղարկաւորութեան բազմահազարանոց թափօրին։

Օրին ստեղծուեցաւ նաեւ այն տպաւորութիւնը, թէ ատենի վարչապետ Էրտօղանի ղեկավարած թուրքպետական աւագանին եւս ընդվզած էր ազգայնամոլ ծայրայեղականներու վերագրուած Տինքի սպանութեան քաղաքական ոճիրին դէմ։ Այդ իմաստով պաշտօնական ամբաստանութիւններ ալ հնչեցինթուրք պաշտօնական շրջանակներու կողմէ, որոնք թրքական բանակին եւ յատուկ սպասարկութեանց մէջյայտնագործել ուզեցին ոճրային որջեր…
Բայց նման վերագրումները թրքանպաստ քարոզչութեան ծառայելէ եւ ոճիրին բուն պատասխանատուները լուսարձակներէ հեռու պահելու նպատակէն անդին չէին անցներ։

Հրանդ Տինքի ահաբեկման ետին կանգնած մութ ուժերը բացայայտելու եւ օրէնքի խստութեամբ պատժելու սկզբնական օրերու պաշտօնական խոստումները այնքա՜ն խորամանկութեամբ շահարկուեցան Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ, որ Էրտօղան սկսաւ բարի վարուց վկայագիրներ ստանալ մեծապետական աշխարհի աջէն ու ձախէն։

Այդ դրամագլուխով ալ պաշտօնական Անգարան փորձեց, Եւրոմիութիւն իր մուտքը դիւրացնելու եւ համաշխարհային բեմի վրայ Ցեղասպանի խարանը Թուրքիոյ ճակատէն ջնջելու հաշիւներով, առաւելագոյն չափով շահարկել հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգը՝ շարունակտարածելով այն թիւրիմացութիւնը, թէ թրքական հանդուրժողականութեան շռնդալից ապացոյցը Անգարա պիտի տար Հրանդ Տինքի ահաբեկման պատասխանատուներուն անխնայ բացայայտումով ուպատժումով։

Բայց այդ բոլոր խոստումներն ու թիւրիմացութիւնները անցեալին հետ մոռցուած են եւ սուտ փուչիկներու պէս օդը ցնդած են այսօր։Տինքի նահատակութեան իննամեակին, թրքական արդարադատութիւնը կը շարունակէ ամէն միջոցիդիմել, դատախազներ անգամ գործէ հեռացնել, որպէսզի Տինքի սպանութեան դատաքննութիւնը կատարուած ու փակուած համարուի՝ ոճիրը վերագրելով ինքնագլուխ գործած ծայրայեղական յանցագործներու…
Թրքական իշխանութիւնները այսօր եւս կառչած կը մնան 2012ին իրենց սարքած դատավարութենէն հանուած անհիմն ու խայտառակ այն դատավճիռին, որ հեգնելով ողջմտութիւնը թէ՛ թուրք հասարակութեան եւ թէ՛ միջազգային հանրային կարծիքին՝ պաշտօնապէս արար-աշխարհին փորձեց համոզել, թէ Տինքի սպանութիւնը «կազմակերպութեան մը գործը չէ»…Այս առումով ալ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան իւրաքանչիւր տարելիցի հետ, ահա ինը տարիներէ իվեր, Թուրքիոյ հայութեան իրաւատէրի արդարագոյն ձայնը դարձեալ կ՚ահաբեկուի։Հրանդ Տինք ծնած էր 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա։ 7 տարեկանին ծնողներուն հետ Մալաթիայէնտեղափոխուած էր Պոլիս, ուր ծնողներու ամուսնալուծման հետեւանքով յանձնուած էր Կէտիկփաշայի հայկական մանկատան խնամատարութեան։Ուսումը ստացած էր նախ Պեզճեան վարժարանին, ապա Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելով՝ աւարտած էր Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կաճառները։ Վկայուելով՝ կատարած էր զինուորական ծառայութիւնը, որմէ ետք նուիրուած էր հրապարակագրական ասպարէզին։

Թրքական մամուլին իր աշխատակցութեան կողքին, Հրանդ Տինք 80ականներուն կանոնաւորաբարաշխատակցեցաւ պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» թերթին՝ Ջութակ ծածկանունովքննադատական յօդուածներ լոյս ընծայելով հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ թրքական խեղաթիւրումներու մասին։
1996ին Հրանդ Տինք հիմնեց թրքալեզու «Ակօս» թերթը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել Թուրքիոյ հայութիւնը եւ դառնալ անոր ձայնն ու իրաւունքներուն պաշտպանը։Յատկապէս Հայասպանութեան հարցով հակադրուելով Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին՝ Տինքբազմիցս հալածուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 2005ին դատապարտուեցաւ 6ամսեայ պայմանական բանտարկութեան:

Իր ազատախոհ եւ յանդուգն հրապարակումներուն առ ի գնահատանք՝ Հրանդ Տինք 2005ին արժանացածէր Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան «Խօսքի եւ Խիղճի Ազատութեան» տարեկան մրցանակին, 2006ին՝ Գերմանիոյ «Շթեռն» ամսաթերթի հիմնադիր Հենրի Նաննենի՝ «Մամուլի Ազատութեան եւ Լրագրողական խիզախութեան» մրցանակին, Նորվեկիոյ՝ «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Բեոռնսի Անուան» մրցանակին եւ 2007ին՝ յետ-մահու՝ Հ.Հ.նախագահի յատուկ մրցանակին։

Հրանտ Տինքի յիշատակին ստեղծուեցաւ «Հրանտ Տինքի անուան Միջազգային Հիմնադրամ»ը՝ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւն կատարելու առաջադրանքով։ Հիմնադրամը 2009ին լոյս ընծայեց Տինքի «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» գիրքը, նուիրուած՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց։Հրանդ Տինքի անունով փողոց մը կոչուեցաւ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ, իսկ Փարիզ՝ դպրոց մը:Հայ Դատի մերօրեայ նահատակին՝ Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչելով, ընթերցողի ուշադրութեանկը յանձնենք «Հրանդ Տինքին» խորագիրը կրող մեծատաղանդ բանաստեղծ Զահրատի քերթուածը.-
«Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ չեն կրակեր.
Հրանդ հաւատաց։ Թէպէտ երկչոտ՝հաւատաց, թէ աղաւնի մըն է։

Բայց կրակեցին։

Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.

«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած՝անկողինի մէջ»։
«Թող պառկի լոյսերու մէջ։

Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝անաղարտ արձանի մը պէս»։

http://horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail