
19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
«Ո՞վ սպաննեց հայերը». Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացուի Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» ֆիլմի փառատօնին` խաղարկային-վաւերագրական ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեան:
«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:
Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 8-ին, Գահիրէի մէջ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com