Ապրող Հայրենասիրութեան Վկայութիւն մը՝ Արցախէն

artsakh-1
19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէ.

Շաբաթ, 16 Յունուարի յետմիջօրէին, Հայաստանի պատկերասփիւռի կայան մը ժամը 3էն 4 սփռեց խրախճանքի անպաճոյճ հաւաք մը, որ տեղի ունեցած է 31 Դեկտեմբեր 2015ի գիշերը, Արցախի արեւելեան սահմանամերձ շրջանի մը մէջ։
Մթնոլոտը հոգեխռով է եւ խրախուսիչ, հա՛յօրէն հոգեհարազատ, յագեցած՝ ազգային երգով ու պարով։

Խրախճանքի վայրն է Տիգրանակերտ բերդը, որ վերականգնած էր քանի մը տարի առաջ, պատմական քաղաքի վայրին մէջ կատարուած պեղումներուն իբրեւ արդիւնք, այսօր դարձած է զբօսաշրջիկներ նրգրաւող կոթող։

Այդ երեկոն զբօսաշրջայինէ տարբեր է։ Բակին մէջ տեղադրուած են համեստ բայց ճոխ սեղաններ, որոնց շուրջ բոլորուած են բանակայիններ՝ աստիճանաւորներ ու շարքային զինուորներ, արցախցի բնակիչներ, որոնց միացած են լրագրող, երգիչ ու կուսակցական գործիչ։

Իրարու կը յաջորդեն բաժակաճառեր (տարօրինակօրէն կարճ ու կուռ. Հայաստանի աւանդութեանց ծանօթը գիտէ, որ հոն բաժակաճառերը կրնան երկար տեւել…), բաժակները կը բարձրացուին ներկաներուն ու բացականերուն կենացը, կը յիշուին այն նահատակ հերոսները, որոնք կրնային այս բերդին մէջ ըլլալ նոյն պահուն, սակայն ինկած են ու զոհուած՝ որպէսզի հայրենի հողը մնայ անսասան ու նման խաղաղ երեկոներ պարգեւուին պայքարը շարունակողներուն…։

Յիշատակուող նահատակները միայն վերջին շրջանի զոհերը չեն, այլ ներկայ են հոգիները բոլոր անոնց, որոնք ինկան Արցախի ինքնապաշտպանութեան առաջին օրերէն, այսօր փարոսներ դարձած են Եռաբլուրի, Ծիծեռնակաբերդի թէ արցախեան աւաններու մէջ, նաեւ անոնց՝ որոնք դար մը առաջ, Սասունի եւ Վասպուրականի ինքնապաշտպանական կռիւներուն ինկան նահատակ…

Ծանօթ երգիչներու կողքին, կը բարձրանան ձայները նաեւ զինուորագրեալներուն եւ այլ մասնակիցներու։

Զինուորագրեալները մատղաշ երիտասարդներ են, հազիւ 20 տարեկան, իսկ երէցներուն շարքին են սափրուած կամ աղ-պղպեղ մօրուսաւոր-հաստապեխ ազատամարտիկներ՝ որոնք մասնակցած են Արցախի ազատագրութեան առաջին կռիւներուն։ Հայրը նստած է զաւակին կողքին, եղբայրը՝ եղբօր։ Հայրենիքի պաշտպանութեան մարտը բոլորը դարձուցած է ընկեր ու եղբայր, զինակից-ուխտակից, այնպէս՝ ինչպէս… մեր ֆետայիներն էին աւելի քան 100 տարի առաջ, այն օրերուն, երբ խմորուեցաւ հայուն ինքնապաշտպանական ոգին եւ ծնունդ տուաւ Դաշնակցութեան, մէկ դրօշի տակ համախմբելով հայրենիքի պաշտպանները, անոնց պայքարն ու նահատակութիւնը մեզի հասցնելով ազգային-յեղափոխական երգերու ընդմէջէն։

Քանի մը նախադասութեամբ արտայայտուած մտածումներն ու զգացումները, մաղթանքները՝ երկարաշունչ ճառերէ աւելի՛ լիցք ունին, իրենց պարզութեա՛մբ իսկ ազդու են, որովհետեւ հեռու են ձեւականութենէ, կը հնչեն այն հողին վրայ, որուն պաշտպանութեան յանձնառու են երէց ու երիտասարդ, աստիճանաւոր թէ զինակոչիկ։ձ Կը մտածեմ. այս մատղաշ տղաքը տակաւին ծնած չէին 1988-ին կամ 1993-ին, երբ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ճակատամարտները մեզ հասցուցին Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի հանրապետութեան հիմնադրութեան…։ Անոնք այսօր կրողներն են այդ օրերուն վերստին ծածանած պայքարի դրօշին։

Ճակատներէ հեռու սարքուած որեւէ խրախճանական սեղան, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, չի կրնար մարնաւորել այն ոգին, որ կարծես թէ ֆիզիքապէս շօշափելի է այդ պատմական բերդին պարիսպներէն ներս։ Երէցին ու երիտասարդին արտայայտութիւնը համահունչ երդում է հայրենի հողը պաշտպանելու, ՛՛մինչեւ վերջ պայքարելու՛՛, ՛՛Թշնամիին յարձակումներուն դիմաց մատնաչափ մþիսկ չնահանջելու՛՛։ Երդումին հասցէնե՞րը… իրենց ծնողներն ու Հայրենիքը, մեր ժողովուրդն ամբողջ։

Պահ մը կ՛երեւակայեմ, որ հաւանաբար, 19րդ դարու վերջերուն ու 20-րդ դարու սկիզբներուն ալ, մեր անմահ ֆետայիները այսպէս, աշխարհագրական տարբեր վայրի մը մէջ, դաժան օրերը ծաղկեցուցած են նման խրախճանքով. միասին երգած են, միասին պարած եւ միաձայն երդում տուած՝ արիւնով պաշտպանելու ժողովուրդ ու հող։ Հոս ալ ահա իրարու կը յաջորդեն հին երգերը, որոնց վրայ աւելցած են նորեր.- ՛՛Վէրքերով լի ջան ֆիտա եմ՛՛, ՛՛…Կարնոյ գլխին հայու դրօշ ծածանուէր՛՛, ՛՛Մենք անկեղծ զինուոր ենք… Դաշնակցութիւնը բախտաւոր օրեր պարգեւեց հայուն՛՛, ՛՛Ելի՛ր, Գէորգ, ելի՛ր, դուշմանը շատ է, հայոց ազգի համար մեռնիլը փառք է…՛՛, ՛՛…Կռիւ ենք մղում աղբերս ու ես՛՛։ Հաւանաբար նոյն խրոխտանքով երգած են ու պարած մեր անմահ ֆետայիները։ Այդ երգերը չեն պատկանիր միայն մէկ կուսակցութեան, այլ անոնցմով շնչած է կþապրի ու ամբողջ հայութիւնը։

…Երանի թէ նման իրականութիւններ յաճախ երեւին հայու բնակարաններու պաստառներուն վրայ, անոնք ցուցադրուին մեր դպրոցներուն եւ միութիւններու յարկերուն տակ՝ իբրեւ հայրենասիրութեան ապրող դասեր ու բարի վարակ։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail