Վազգէն Էթիեմեզեանին (Մահուան 25-ամեակին Առիթով) – ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 –
Տարբեր առիթներով եւ տարբեր պայմաններու մէջ ծանօթացած եմ ընկ. Վազգէնին:
Սկիզբը` Հայագիտականի ուսանողութեան տարիներուս, հայ մտքի իմաստասիրութեան իբրեւ դասախօսի, աւելի ուշ, ԶՈՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի տարիներուն, իբրեւ կուսակցական գաղափարական կազմաւորման գլխաւոր դասախօսներէն մէկը, ապա` Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ: Աւելի ուշ` հրատարակչական մարզին մէջ, թաղային կոմիտէի, հոգաբարձութեան եւ կրթական աշխատանքներուն ընդմէջէն: Շատ անգամ` իբրեւ խորհրդատու, Աքսոր Գասարճեան ազգային վարժարանի ծնող:
Այսպէս, եթէ յիշատակներու դարակը պարպես` հոս հոն զրոյցներ, մտորումներ, «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը վերլուծումները, շաբաթօրեայ հանդիպումներ եւ այլն:
Փաստօրէն, ընկ. Վազգէնին վաղաժամ մահը մեծապէս ազդեց ընտանիքին եւ անոր անմիջական բարեկամներուն ու մանաւանդ դաշնակցական եւ մտաւորական շրջանակին վրայ:
Վազգէն Էթիեմեզեանի նման հանդարտաբարոյ, խորք ունեցող, ժպտադէմ, լսող, վերլուծող, ամէն բան գիտցող, սակայն քիչ արտայայտուող, միտքերը լաւապէս բանաձեւող եւ պատգամող մտաւորական շատ չենք ունենար:
Հաւանաբար վերջին 25 տարիներուն ինծի համար նոյն ծանրութեամբ եւ յարգանքով դաշնակցական մտաւորական ունեցած ենք Ռուբէն Յովսէփեանը:
Վազգէն Էթիեմեզեանի անտիպ եւ մամուլով լոյս տեսած գործերը տակաւին չեն հրատարակուած: Հրապարակային, ազգային, գաղափարախօսական յօդուածները շատ են («Ազդակ»-ի, «Դրօշակ»-ի մէջ):
Երկու հատորով անոր գրութիւնները հրատարակելը, միտքն ու գրիչը անմահացնելը խիստ անհրաժեշտ է:
Այսօր անապատ դարձած մեր միջավայրին մէջ աւելի քան անհրաժեշտ է Վազգէն Էթիեմեզեանի տիպարով եւ գրիչով սերունդներ դաստիարակելն ու պատրաստելը:
Յիշեմ միայն, որ Վազգէն Էթիեմեզեանի անունով կամ ծածկանունով «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն համար կեանքի սպառնալիք ալ կար` վարձկաններու կողմէ: Սակայն ան լուռ, խաղաղ, պարզ, մեղմ ու խորունկ ժպիտով մը կը դիմագրաւէր բոլոր հալածանքները:
Մահուան 25-ամեակին առիթով մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը` անոր յիշատակին: Վստահաբար, աշխարհի չորս ծագերուն ապրող անոր աշակերտները իրենց մէջ ունին անոր փոխանցած ազնուութեան, համեստութեան, լաւ մարդ եւ լաւ դաշնակցական ըլլալու ու մնալու ներուժը:
www.aztagdaily.com/archives/526602