Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Գահակալութեան Մեծաշուք Արարողութիւն

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Գահակալութեան Մեծաշուք Արարողութիւն

25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿՐՕՆԱԿԱՆ:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի գահակալութեան հայրապետական մեծաշուք արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի կեդրոնական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի` համաքրիստոնէական, համալիբանանեան եւ համահայկական մասնակցութեամբ, հանդիսացաւ սիրոյ եւ միասնականութեան հրաւէր մը:

Արդարեւ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը մէկ ամիս առաջ` անցեալ 23 սեպտեմբերին, ընտրելէ ետք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր հայրապետը` յանձին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի, անոր գլխուն վրայ զետեղելով ոսկեթել քողը, ապա անոր յանձնելով պատրիարքական գաւազանը, զինք ուղղեց մինչեւ պատրիարքական աթոռ, ուր զինք բազմեցուց, սկիզբ տալով նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքի պարտականութիւններուն ու պատասխանատուութեան պաշտօնական գահակալութեան, որպէսզի ան եկեղեցիէն տրուած իրաւունքներուն եւ իշխանութեան միջոցով ծառայէ Աստուծոյ ժողովուրդին:

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ եկեղեցական ու քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` մարոնիներու պատրիարք եւ կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ Պշարա Պութրոս Ռայի, յոյն կաթողիկէ Անտիոքի պատրիարք Եուսեֆ Ապսի, յոյն ուղղափառներու Անտիոքի պատրիարք Եուհաննա Եազիժի Ժ.-ի ներկայացուցիչ առաջնորդ Կոստանդին Քայյալ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիի ներկայացուցիչ գերապայծառ Ճոզեփփէ Ֆրանքոնէ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արմաշ արք. Նալպանտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, սրբազան հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ժորժ Քալլաս, Պէյրութի նահանգապետ դատաւոր Մարուան Ապպուտ, պետական, քաղաքական, զինուորական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հոգեւոր տիրոջ հարազատները:

Գահակալութեան կանոնը հանդիսապետեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կառավարիչ եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, շրջապատուած` սիւնհոդոսական հայրերով: Գահակալութեան արարողութեան ընթացքին արաբերէնով Աւետարանը ընթերցեց Ապսի պատրիարքը, իսկ սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին Աւետարանը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Ռայի պատրիարքը:

Գահակալութեան արարողութենէն ետք, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Միացեալ Նահանգներու Տիրամայր Նարեկի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի առընթերակայութեամբ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը գլխաւորեց հայրապետական իր անդրանիկ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, երախտագիտութիւն յայտնեց աստուածային նախախնամութեան, որ զինք կոչած է հայրապետական առաքելութեան, ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին, որ հաստատեց իր ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսական հայրերուն, եղբայրակից արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրեն վստահեցան պատրիարքական ծանրագոյն բեռը, «զոր միասնաբար պիտի կրենք ի խնդիր մեր հաւատացեալներու յաւիտենական փրկութեան», ըսաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հուսկ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց իր քահանայական կոչումին վրայ, որ սկսաւ ճիշդ «այս աթոռանիստ տաճարին մէջ եւ այս աւագ խորանէն` երթալու համար հեռուներ, շատ հեռուներ…»:

«Երէկ, քահանայութեանս սկիզբը, հոս` Լիբանան, եղբայրասպան պատերազմն էր, իսկ այսօր, գահակալութեանս սկզբնաւորութեան, կը վերադառնամ հոս, մշտականաչ մայրիներուն, մեր հայրենիքը, որպէսզի իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ բաժնեմ ամէն տեսակի նեղութիւն ու տառապանք, որոնց մէջ կը տուայտի մեր ժողովուրդը:

Սակայն, քանի անցեալի դժուարութիւնները յաղթահարեցինք եւ վերապրեցանք միասնաբար, հետեւաբար, լիավստահ եմ, որ աստուածային նախախնամութեամբ եւ Քրիստոսի` բարի Հովիւին անհուն ողորմութեամբ, մենք պիտի կարենանք յաղթահարել նաեւ ներկայի բոլոր նեղութիւնները», ըսաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, ապա հրաւիրեց բոլոր ներկաները «միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած, սիրտ-սրտով միացած մեր Փրկիչին` բարի եւ քաջ Հովիւին, ապաւինինք անոր հովանիին ու զօրութեան», եւ քարոզը աւարտեց ըսելով. «Բարի եւ քաջ Հովիւին մօր` Աստուածածին Ս. Կոյսին պաշտպանութեան ներքեւ ապրինք այս տագնապալից ու տառապալից ժամանակաշրջանը` խնդրելով անոր մայրենի յարատեւ ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ամէն»:

Սուրբ պատարագի աւարտին ընթերցուեցան կարտինալ Սանտրիի, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի եւ Փարիզի առաջնորդ գերապայծառ Միշել Օ’Փըթիի շնորհաւորական պատգամները, ապա նորօծ կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները:

aztagdaily.com/archives/526770

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail