Ալիեւն Ու Էրտողանը Արցախի Մէջ Դրած Են Այսպէս Կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հիմը
27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: <<Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական ռեժիմի պաշտօնեաները եւ քոչուոր թափառաշրջիկ թուրքերը>>
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ծանօթացած են Ահմատպէյլի-Վարանդա (Ֆիզուլի)-Շուշի ինքնաշարժի մայրուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
«ԱզերԹաճ»-ի հաղորդումով` պետութիւններու ղեկավարները մասնակցած են Հորատիզ-Ջրական (Ճեպրայիլ)-Կովսական (Զանգելան)-Աղբենդ (այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք») ինքնաշարժային ճամբու հիմնարկէքի արարողութեան:
www.aztagdaily.com/archives/527093