
Այցելութեան Մը Փոխանցած Ուղերձները – Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ռիատ այցելութիւնը ուշագրաւ իրադարձութիւն է եւ վերլուծական տարբեր հայեցակէտեր կը ճշդէ
28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ռիատ այցելութիւնը ուշագրաւ իրադարձութիւն է եւ վերլուծական տարբեր հայեցակէտեր կը ճշդէ:
Նկատենք շատ արագ, որ հակառակ 30-ամեայ անկախութեան հռչակման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ չկային դիւանագիտական յարաբերութիւններ:
Վերջին տարիներուն Երեւանն ու Ռիատը, անկախութեան կամ պետութեան հռչակման տօներուն զիրար կը շնորհաւորէին: Այդքան միայն: Անշուշտ այս երեւոյթը իր քաղաքական բացատրութիւնները ունէր: Առանց թշնամական յարաբերութիւններ ունենալու Երեւանի նկատմամբ, Ռիատը բնականաբար կրօնական թէ քաղաքական հանգամանքներով կը գերադասէր Անգարայի եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու խորացումը:
Արաբական աշխարհին մէջ թրքական գործօնի աշխուժացման առընթեր հետզհետէ Սէուտական Արաբիան որոնեց Թուրքիոյ դէմ խաղաթուղթեր: Ուղենշային էին Սէուտական Արաբիոյ լրատուամիջոցներուն թէ այնտեղ կայք հաստատած վերլուծական կեդրոններուն հրապարակած Ցեղասպանութեան նիւթը շօշափող եւ ջարդը, սպանդը իսլամական կրօնին հակադրող եւ հետեւաբար Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութիւնը դատապարտող նիւթերը:
Երեւոյթը աննախընթաց էր:
Այս շրջագիծին մէջ էր, երբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան Լիբանանի մէջ գործող Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին տուած այցելութեան հետեւեցաւ սէուտցի դեսպանին այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած մատուռ: Աւելի ուշ, Ռիատը պաշտօնական հրամանագիրով արգիլեց թրքական ապրանքատեսակներու մուտքը իր երկիր:
Ուղերձները յստակ էին: Խախտած էին շեշտակիօրէն Ռիատի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները` հիմնականին մէջ հետեւեալ ուղղութիւններով.
ա) Արաբական աշխարհին եւ յատկապէս սիւննի զանգուածին վրայ ազդեցութեան մրցապայքարին մէջ Անգարան սկսած էր յաւակնոտ քայլեր առնել եւ սպառնալ Ռիատին:
բ) Սուրիական պատերազմի որոշ փուլերուն, գետնի վրայ հակամարտող ուժերու ազդեցութեան առումով սուր կերպով զգալի էր թրքական եւ սէուտական հովանաւորութիւններուն միջեւ հակասութիւնը:
գ) Անգարա – Թեհրան մարտավարական համակարգումները` տարածաշրջանին մէջ, ըստ էութեան ուղղուած էին Ռիատի դէմ:
Այս ուղղութիւնները հիմնական ուրուագիծեր են: Կային ցնցիչ միջադէպեր եւ անոնցմէ բխող հետեւանքներ, ինչպէս լրագրող Խաշոքճիի միջադէպը, եւ այդ բոլորին մէջ Անգարա-Ռիատ պարանաձգութեան երկար շղթայի հերթական օղակները. թէ՛ Երեւանին ուղղուած շնորհաւորագիրները եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան մասին կատարուած բարձրաձայնումները Ռիատի կողմէ, ներառած են քաղաքական առումով վերը նշուած հանգամանքները:
Հիմա կեդրոնանանք Հարաւային Կովկասի մէջ Անգարայի առած մեծ քայլին վրայ: Սէուտական Արաբիան պիտի չողջունէր այդ քայլը` հեռանկարային դրուածքով տեսնելով թուրանական անգարայակեդրոն նոր իսլամական բեւեռի մը ձեւաւորման քաղաքական նպատակը: Բայց այստեղ կար նաեւ Իրանի սահմանային կարգավիճակը փոխելու իրականութիւնը, որ սկզբունքով պիտի բխէր Սէուտական Արաբիոյ շահերէն:
Այս բոլորին առնչակցութեան շարժառիթները Իրանի գործօնի յարաբերակցութեամբ դիտարկելը իրատեսական է: Եւ աւելորդ չէ նշել, որ ո՛չ միայն հռետորաբանական-յայտարարողական, այլ նաեւ բանակցային առումով լարուածութեան մեղմացման տանող նոր գործընթաց սկսած է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ:
Այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումներով պէտք չէ բացառել Ռիատ – Երեւան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացի մեկնարկը:
«Ա.»
www.aztagdaily.com/archives/527174
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ. «Ապագայ Ներդրումային Նախաձեռնութիւն» 5-րդ Համաժողովի Մասնակցութիւն
28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ` չորեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիա տուած այցելութենէն ետք աշխատանքային կարճատեւ այցելութիւն կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ապու Տապիի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ պետական նախարար, հայ-էմիրաթական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Ահմետ Ալի Սայեղի կողմէ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիոյ մէջ այցելեց «Ապագայ ներդրումային նախաձեռնութիւն» 5-րդ համաժողով:
Համաժողովին մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, կառավարութիւններու անդամներ, յայտնի անդրազգային եւ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներ ու գործարարներ:
Նախագահ Սարգսեան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ Պըն Սալմանի հետ ներկայ եղաւ համաժողովի բացման արարողութեան: Անոնք զրուցեցին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան եւ անոնց ապագային մասին:
Նշուեցաւ, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական հարուստ առնչութիւնները լաւ հիմք են ապագային միտուած միջպետական յարաբերութիւններ կառուցելու:
www.aztagdaily.com/archives/527192





