
Ռուսական Արջին Հայկական Պարը գաղտնի – գործակալութիւններու միջեւ գործակցութեան ծիրին մէջ տրուած որոշումներ, Հայաստան հասած է Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու իր գագաթնակէտին
28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ա. Ա.
Երեք կարեւոր իրադարձութիւններ հայաստանեան եւ սփիւռքեան քաղաքական թէ այլ շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն ներկայ բնոյթին վրայ եւ զանոնք մղեցին նախատեսութիւնններ կատարելու` ապագայ հաւանական զարգացումներուն մասին:
Նախ Մոսկուայի մէջ կայացած` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններու պետերուն ժողովին մասին: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնն ալ բնականաբար մասնակցեցաւ այդ հանդիպման, որուն ընթացքին, ըստ ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու, քննարկուեցան Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ գործակցութեան հարցերը` ԱՊՀ-ի ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման հեռանկարներով: Հանդիպման մասնակիցները ապա համաձայն գտնուեցան բաւական ուշագրաւ ձեւակերպման մը, թէ ժողովրդավարութեան ամրապնդման քողին տակ արեւմտեան գաղտնի գործակալութիւններ կը ջանան ապակայունացնել Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ պետութիւնները: Այդ պետութիւններուն շարքին նաեւ` Հայաստանի ներքին կայունութիւնը:
Այս ձեւակերպման հրապարակումէն անմիջապէս ետք քաղաքական մեկնաբաններ եւ փորձագէտներ յղում կատարեցին Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին, ուր նշուած է, որ Հայաստան ռազմավարական երկխօսութիւն եւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ: Երեք ամիս առաջ ալ ընդունելով Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվիէ Վարհէն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտած էր, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի տրամադրուած երկուքուկէս միլիառ եւրոն կը համարուի եւրոպական արժէքներու ներդրում մը` Հայաստանի մէջ: Թէ որքանո՛վ համահունչ են Փաշինեանի այս խօսքերը Մոսկուայի մէջ կայացած համաձայնութիւններուն հետ մեծ հարցական մըն է, որովհետեւ յայտարարութիւնը կը նշէ, որ ժողովրդավարութեան ամրապնդման քողին տակ արեւմտեան պետութիւններու գաղտնի գործակալութիւններ կը ջանան ապակայունացնել Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ պետութիւնները, ներառեալ` Հայաստանը, որուն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը համաձայն գտնուած է այս ձեւակերպման:
Քաղաքական հարցերու փորձագէտներ բաւական տարօրինակ համարեցին այս հակասութիւնը` վարչապետին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ: Ըստ անոնց, ԱԱԾ-ի տնօրէնը պէտք էր, որ ձեռնպահ մնար եւ չմիանար հանդիպումէն բխած համաձայնութեան, որովհետեւ Փաշինեան ամբողջովին այլ պատկերացում ունի Հայաստանի նկատմամբ արեւմտեան պետութիւններու քաղաքականութեան եւ ծրագրերուն մասին: Փորձագէտներ նաեւ համոզում յայտնեցին, որ ԱԱԾ-ի տնօրէնը Մոսկուայի մէջ չէր կրնար մերժել յայտարարութիւնը, պարզապէս որովհետեւ ներկայիս Հայաստան չափազանց կախեալ է Քրեմլինէն:
Երկրորդ խնդիրը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ ռուսական դպրոցներու բացման: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խօսելով արտասահման ապրող ռուսերու եօթներորդ համաշխարհային քոնկրեսին ընթացքին, յայտարարեց, որ` «Ներկայիս ռուսական դպրոցներու բացման ծրագրեր կը գործադրուին Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի մէջ: Իսկ Երեւանի իշխանութիւնները հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի համար նոյն ծրագրին գործադրութեան վերաբերեալ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին այս յայտարարութիւնը ոչ մէկ մեկնաբանութեան արժանացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ, որուն բանբերը հաստատեց, որ նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն չունի:
«Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցներու վերաբացման» նախաձեռնութեան անդամներէն` Արմէն Յովհաննիսեանի համաձայն, Ռուսիա կը ձգտի ընդարձակելու գաղութային իր քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ: «Ռուսիա օգտուելով մեր պարտութենէն` եւ տկարութենէն, կը ջանայ առաւելութիւններ ձեռք ձգել», ըսաւ ան:
«Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցներու վերաբացման» նախաձեռնութեան աշխուժ անդամներէն է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, կրթութեան նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, որ ներկայիս լռութիւն կը պահէ այս հարցին շուրջ:
Պէտք է նշել, որ այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը գործեն ռուսական հինգ դպրոցներ, ուր կը յաճախեն Հայաստան տեղակայուած ռուսական ուժերու անդամներու երեխաները: Նաեւ պէտք է ի մտի ունենալ, որ արցախեան երկրորդ պատերազմին պատճառով ռուս խաղաղապահներու Արցախ տեղակայումէն ամիսներ ետք, այս տարուան մարտին Արցախի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ ռուսերէնի պաշտօնական կարգավիճակի օրէնքի նախագիծին:
Ռուսիոյ հետ առնչութիւնները, սակայն, միայն ռուսական դպրոցներու բացման շուրջ բարձրացած աղմուկով չսահմանափակուեցան: Լաւրովի յայտարարութեան օրը նաեւ յստակ դարձաւ, որ տասնհինգ հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ թեմ հիմնելու աննախընթաց որոշում տրուած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Սինոտին կողմէ, համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպումէն երկու օր ետք:
Մայր Աթոռի տեղակատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան նշեց, որ տասներեք հոկտեմբերի հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը քննարկած է Հայաստանի մէջ ռուսական թեմ ստեղծելու խնդիրը: «Նոյն յաջողութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ունի թեմեր, եւ ոչ մէկ խոչընդոտ կայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմաց: Հայ առաքելական եկեղեցին կ՛ողջունէ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հայաստանեան թեմին բացումը», աւելցուց ան` նշելով, որ այս որոշումը տրուած է հաւանաբար Արցախի մէջ գործող ռուս խաղաղապահ ուժերը նկատի ունենալով:
Ռուս ուղղափառ եկեղեցին նոյնիսկ ցարական Ռուսիոյ ժամանակ Հայաստանի մէջ թեմ չէ ունեցած, այլ գործած են ծխական համայնքներ: Փորձագէտներ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Սինոտին այս որոշումին ետին կը տեսնեն նաեւ քաղաքական դրդապատճառներ, որոնց լոյսին տակ ալ կը նշուի, որ ներկայիս Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու Հայաստանի իրավիճակը հասած է իր բարձրագոյն մակարդակին: Ասիկա կը պայմանաւորուի արցախեան երկրորդ պատերազմին պարտութեամբ:
Ոչ մէկ պետութիւն հարիւր առ հարիւր անկախ է: Բոլոր երկիրներն ալ ռազմաքաղաքական, առեւտրատնտեսական թէ մշակութային ու այլ մարզերու մէջ գործակցութեան միջոցով իրարու հետ ունին կապեր եւ առնչութիւններ: Սակայն մեծ տարբերութիւն կայ կապերու եւ կախեալ ըլլալուն միջեւ: Ներկայիս կան որոշ եւ պատճառաբանուած մտահոգութիւններ, որ Հայաստան մեծապէս կախեալ է Ռուսիայէն: Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու տեղակայում, հայոց բանակի վերակառուցման խնդիր,գաղտնի գործակալութիւններու միջեւ գործակցութեան ծիրին մէջ տրուած որոշումներ, ռուսական դպրոցներու բացում, Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հայաստանեան թեմի ստեղծում: Ասոնք գլխաւոր քայլերն են, որոնք կը մղեն նշելու, որ արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հայաստան հասած է Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու իր գագաթնակէտին:
www.aztagdaily.com/archives/527155





