Համբիկ Սասունեան Ազատ Է Եւ Կը Գտնուի Հայաստան

Համբիկ Սասունեան Ազատ Է Եւ Կը Գտնուի Հայաստան

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Համբիկ Սասունեան:

Հայ ժողովուրդին ուղղուած իր հետեւեալ պատգամին մէջ, Համբիկ Սասունեան յայտարարեց, որ ինք կը գտնուի Հայաստան: Կարդալ՝ ստորեւ.

Սիրելիʹ հայրենակիցներ,

Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի՝ Հայաստանէն։

Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց, պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողին վրայ, խմելու հայրենի ջուրը, շնչելու օդը եւ զգալու ընտանեկան ջերմութիւնը։

Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մնայուն կերպով քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում ունեցած է իմ դժուարագոյն օրերուս։

Խորին շնորհակալութիւններս կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց, որոնք նամակցած են, այցելած են եւ ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ։

Վերջապէս հասած եմ տուն…

Սիրով՝
Համբիկ Սասունեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail