Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Դիւանագիտական Ջանքերը»
01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: <<Պայտըն Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը>><<Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ>>
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ երէկ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տան կայքը` ներկայացնելով հանդիպումին վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Պայտըն ընդգծած է կառուցողական յարաբերութիւններ պահպանելու, համագործակցութեան ոլորտները ընդլայնելու եւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները արդիւնաւէտօրէն կառավարելու իր ցանկութիւնը:
Ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը, կարիքաւոր աֆղաններուն մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը, Լիպիոյ ընտրութիւնները, արեւելեան Միջերկրականի մէջ կացութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ դիւանագիտական ջանքերը:
Նախագահ Պայտըն վերահաստատած է պաշտպանական գործընկերութիւնը եւ Թուրքիոյ` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից կարեւորութիւնը, սակայն նշած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնելու շուրջ մտահոգութիւնը:
Ան նաեւ ընդգծած է ամուր ժողովրդավարական կառոյցներու, մարդու իրաւունքներու յարգման եւ օրէնքի գերակայութեան կարեւորութիւնը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար:
Նշենք, որ ամերիկացի պաշտօնակատար մը շաբաթ օր լրագրողներուն յայտնած էր, որ Պայտըն Էրտողանին պիտի յայտնէ, որ պէտք է խուսափիլ «հապճեպ քայլէ», որ կրնայ յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս պատճառել:
«Անատոլու» հաղորդեց, որ Պայտըն եւ Էրտողան համաձայնած են հաստատելու գործիքակազմ մը` ամրապնդելու եւ բարելաւելու համար ՕԹԱՆ-ի երկու դաշնակիցներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
1:10 ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
Ըստ անանուն թրքական պաշտօնատարի մը, երկու նախագահներուն միջեւ հանդիպումի մթնոլորտը «շատ դրական» էր:
Երէկ աւելի ուշ Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները տակաւին զէնք կը ստանան Միացեալ Նահանգներէն, եւ մենք կը ցաւինք ատոր համար»:
«Պայտընին մեր ցաւը յայտնեցի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներէն ստացած աջակցութեան նկատմամբ: Կը կարծեմ, որ այդ գործողութիւնը, որ մինչեւ հիմա շարունակուեցաւ, հետագային այս ձեւով պիտի չշարունակուի»:
aztagdaily.com/archives/527632