«Ուքրանիոյ Մօտ Ռուսական Ուժերու Նոր Կուտակում Մը Կը Մտահոգէ Ամերիկան Ու Եւրոպան» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

The 12th century St. Mary’s Armenian Church in the village of Tsakuri, in the Hadrut region of Artsakh, where Aliyev ordered the removal of Armenian medieval inscriptions

«Ուքրանիոյ Մօտ Ռուսական Ուժերու Նոր Կուտակում Մը Կը Մտահոգէ Ամերիկան Ու Եւրոպան» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական ուժերու նոր կուտակում մը մտահոգած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ պաշտօնատարներ, որոնք կը հետեւին Ռուսիոյ արեւմտեան շրջանին մէջ, իրենց պնդումով, սպառազինութեան եւ զինուորներու ոչ կանոնաւոր շարժումներուն:

Պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, որ ռուսական ուժերու շարժումները վերականգնած են այն մտավախութիւնները, որոնք յառաջացած էին անցեալ ապրիլին, երբ ուքրանական սահմաններուն մէջ տարիներէ ի վեր ռուսական ուժերու մեծագոյն կուտակումը միջազգային բողոքի ալիք բարձրացուցած էր:

Ուժերու կուտակում տեղի կ՛ունենայ այնպիսի պահու մը, երբ Քրեմլին Ուքրանիոյ նկատմամբ աւելի կարծր կեցուածք որդեգրած է: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զգուշացուցած էր, որ ուքրանական հողերուն վրայ ՕԹԱՆ-ի ենթակառոյցներու որեւէ ընդլայնում Մոսկուայի համար «կարմիր գիծ» է:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը նշէ, թէ յստակ չէ, թէ ռուսական ուժերը ուքրանական սահմանին մօտ ի՛նչ կ՛ընեն: Ընկերային ցանցերու վրայ վերջերս հրապարակուած տեսերիզներ ցոյց տուին ռուսական զինուորական գնացքներ եւ շարասիւններ, որոնք մեծաքանակ սպառազինութիւն, ներառեալ հրասայլեր ու հրթիռներ կը տեղափոխեն Ռուսիոյ հարաւ եւ արեւմուտք:

Վըրճինիայի մէջ գտնուող ոչ շահաւէտ «Սի.Էն.Էյ.» վերլուծական խմբաւորման մէջ ռուսական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Քոֆմըն օրաթերթին յայտնած է. «Ռազմափորձ չէ: Ինչպէս նաեւ չի թուիր մարզում ըլլալ: Բան մը կը պատահի»:

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ պաշտօնատարները այդ շարժումները սկսած են նկատել վերջին շաբաթներուն, երբ Ռուսիան սեպտեմբերի կիսուն աւարտած է Պիելոռուսիոյ հետ «Զապատ 2021» կոչուող ռազմափորձը:

www.aztagdaily.com/archives/527631

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail