Ուաշինկթընի Հայեացքները Կ՛ուղղուին Արեւելք Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը – ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

The United States has condemned the demolition of the historic St. Toros Armenian Church in Turkey

Ուաշինկթընի Հայեացքները Կ՛ուղղուին Արեւելք Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը – ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Անցնող 30 տարիներուն Կեդրոնական Ասիոյ մէջ տեղի ունեցան աշխարհաքաղաքական զանազան փոփոխութիւններ: Այս փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք` շրջանի նորանկախ հանրապետութիւնները հանդիսացան Միացեալ Նահանգներու «ժողովրդավարութեան արտածում» քաղաքականութեան համար լաւագոյն դաշտերէն մէկը: 1990-ականներուն Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի տարածաշրջան մուտք գործէ եւ իր քաղաքական ու գաղափարական մտածողութիւնը արմատացնէ տեղւոյն ժողովուրդներու մտայնութեան եւ ապրելակերպին մէջ: 2001-էն ետք, Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Ուաշինկթըն յաւելեալ կերպով կարիքը ունենայ Քապուլի հիւսիսը գտնուող երկիրներուն: Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները, իրենց կարգին, Արեւմուտքին հետ սերտ գործակցութեան եւ վստահութեան յարաբերութիւններ մշակեցին:

Սակայն ներկայ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է: Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները հետզհետէ կը լքեն Արեւմուտքը եւ կ՛ուղղուին դէպի Արեւելք, այսինքն` Չինաստան: Ծանօթ է, որ Թիւրքմենիստանի, Ղազախստանի, Տաճիկստանի, Ուզպեքստանի եւ Խըրխըզստանի նման մենատիրական վարչակարգեր ունեցող երկիրներու մէջ ամերիկեան ժողովրդավարական արժէքները ձախողեցան: Բազմաթիւ քաղաքագէտներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ հետզհետէ նահանջ արձանագրեց, նկատի ունենալով, որ շրջանին հետ իրենց յարաբերութիւնները հիմնականօրէն կեդրոնացան միմիայն Ուաշինկթընի եւ երբեք տեղւոյն ժողովուրդներու շահերուն վրայ: Միւս կողմէ` Չինաստան եւ Ռուսիա կարողացան հաւասարակշռել իրենց եւ շրջանի ժողովուրդներու շահերը ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Աւելի՛ն. Փեքին եւ Մոսկուա նաեւ օգտուեցան շրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն հետ իրենց ունեցած պատմական կապերէն:


Նկարին մէջ ձախէն աջ` Խըրխըզստանի նախկին ԱԳՆ Էրլան Ապտըլայեւ, Թիւրքմենստանի ԱԳՆ Ռաշիտ Մերետով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճոն Քերի, Ուզպեքստանի արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլազիզ Քոմիլով, Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Էրլան Իտրիսով եւ Տաճիկստանի արտաքին գործոց նախարար Սիրոժիտտին Մուհրիտտին, 3 օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցած C5+1 դիւանագիտական տարեկան վեհաժողովին:

Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու վարչակարգը մտադիր է շարունակել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իր ներկայութեան ամրապնդումը: Մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը կեդրոնացած էր Սուրիոյ, Եմէնի, Ուքրանիոյ, Իրանի եւ այլ երկիրներու հետ իր հարցերուն վրայ: Յատկանշական է, որ 1992-2014, դէպի Կեդրոնական Ասիոյ հինգ երկիրները Միացեալ Նահանգներու ռազմական օժանդակութիւնները կազմեցին 6,8 միլիառ տոլար: 2015¬ին, նախագահ Պարաք Օպամայի շրջանին հաստատուեցաւ C5+1 դիւանագիտական կառոյցը, որ ամէն տարի վեհաժողովի մը միջոցով կը համախմբէ Միացեալ Նահանգներու եւ Կեդրոնական Ասիոյ հինգ հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները: Բնականաբար նման աշխատանքի մը նպատակն է ամրապնդել կողմերուն միջեւ առկայ դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

Միջազգային քաղաքական մակարդակով Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն դուրս մնալու եւ շրջանը Ռուսիոյ եւ Չինաստանին յանձնելու, նկատի ունենալով, որ նախագահ Թրամփի հաստատած «Ամերիկան առաջ» քաղաքականութեան մէջ Չինաստանի խնդիրը գրեթէ ամբողջութեամբ որդեգրուեցաւ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ: Աւելի՛ն. նախագահ Պայտըն նաեւ բարձրացուց Մոսկուա-Ուաշինկթըն լարուածութեան մակարդակը: Այս եւ նման խնդիրներու վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Իրանի ներկայութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներուն համար խոր մտահոգութիւն է: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ոչ միայն շրջանին մէջ որոշ ներկայութիւն մը ունենալու, այլեւ` այդ երկիրներու շիա փոքրամասնութիւններուն տնտեսական եւ մշակութային օժանդակութիւններ փոխանցելով ու կարգ մը պարագաներու նաեւ զանոնք զինելով:

Բազմաթիւ փորձագէտներու համաձայն, յառաջիկայ տարիներուն, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը պիտի կեդրոնանայ հետագայ վարչակարգերու արտաքին քաղաքական ուղղուածութեան փոփոխութեան, փտածութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարներուն, տնտեսական մարտահրաւէրներուն եւ իսլամական ծայրայեղ խմբաւորումներու աճման խնդիրներուն վրայ: Հետեւաբար այս բոլոր մարզերուն մէջ Միացեալ Նահանգները կրնան եւ կը փափաքին դերակատարութիւն ունենալ, նկատի ունենալով, որ Ուաշինկթընի տնտեսական աշխուժ ներկայութիւնը կարելիութիւնը ունի դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ, ընդհանուր առմամբ, Եւրոպա չինական յաւելեալ թափանցումը արգելակելու:

Միւս կողմէ` այլ քաղաքագէտներ եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի մասնագէտներ իրենց կարգին դժուար կը նկատեն Միացեալ Նահանգներու մուտքը դէպի տարածաշրջան, նկատի ունենալով, որ անցնող տարիներուն Միացեալ Նահանգներու տնտեսական եւ նիւթական օժանդակութիւնները նուազեցան, որուն դիմաց, բարձրացան Փեքինին կատարած նման յատկացումները:

Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Ասիա յաւելեալ թափանցումը ծրագիրներու հաւանական արդիւնքը տակաւին յստակ չէ: Տասնամեակներու ընթացքին Ուաշինկթընի կողմէ միջին կարեւորութեան նկատուող այս շրջանը կրնայ յառաջիկայ տարիներուն դառնալ 21-րդ դարու Ուաշինկթըն-Փեքին նոր պաղ պատերազմի մրցակցութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկը:

———

Աղբիւրներ`

Denoon, D. (2016, August 4). The Strategic Significance of Central Asia. The World Financial Review. https://worldfinancialreview.com/the-strategic-significance-of-central-asia/

Rumer, E., Sokolsky, R., & Stronski, P. (2016, January 25). U.S. Policy Toward Central Asia 3.0. Carnegie Endowment for International Peace. https://carnegieendowment.org/2016/01/25/u.s.-policy-toward-central-asia-3.0-pub-62556

United States Strategy for Central Asia 2019–2025: Advancing Sovereignty and Economic Prosperity. (2020, December 1). United States Department of State. https://www.state.gov/united-states-strategy-for-central-asia-2019-2025-advancing-sovereignty-and-economic-prosperity/

Ziegler, C. E. (2010). Civil society, political stability, and state power in Central Asia: cooperation and contestation. Democratization, 17(5), 795–825. https://doi.org/10.1080/13510347.2010.501172

www.aztagdaily.com/archives/527572

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail