ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍԻԼ, ՍՈՐՎԻԼ ԵՒ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ԱԶԳԻ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻ ԵՒ ԳԱԼԻՔԻ ՄԱՐՏՆ Է – Յակոբ Պալեան
02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յ. Պալեան
Պարտուածի եւ պարտութիւնը ընդունածի վարք է հայերէնէ հրաժարումը, կ’ըսուի՝ վասն պատշաճեցման, յառաջդիմութեան հետ քայլ պահելու, յաջողելու: Ինչե՜ր լսած եմ հայ մարդոցմէ, որոնք առանց ամչնալու յայտարարած են, որ հայերէնը «փոր չի կշտացներ», գտած են, որ «հայ դպրոցը հասութաբեր չէ», էսթէպլիշմընթի աստղ մը մարգարէի իմաստութեամբ յայտարարած էր, որ «դպրոց հիմնել ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած էր»: Այս ըսողները հայկական գաղութներու օտարման (aliénation) պատճառ եղած են, շարունակելով հայ կեանքի մէջ դիրք հետապնդել, ինչպէս Հայաստան սովորութիւն է ըսել՝ «աթոռ զբաղեցնել»:
Այս վարքագիծը կրողները պատասխանատու են հայկական համայնքներու լուռ մաշումին: Յաճախ կը լսեմ, որ սփիւռքի այս կամ այն համայնքը յիսուն, հարիւր եւ բազմահարիւր հազար անդամ ունի: Միաժամանակ կը խօսուի ձուլման եւ այլասերման մասին: Ձուլուածները եւ այլասերածներու հայկական ենթադրեալ հազարներու ո՞ր տոկոսը կը կազմեն անոնց: Ո՞ւր կը տեսնենք այդ հազարներու ներկայութիւնը, ո՞ր տոմարներու մէջ, ո՞ր աշխատանքներու մէջ, ինչպէ՞ս ներկայ են: Համանքներու անունները տալ դժգոհութիւն կը յառաջացնէ, քանի որ ինքնահաստատում փնտռող էսթէպլիղմընթներուն համար համայնքներու ուռճացուած թիւերը կարեւորութեան եւ ուժի յենարան են:
Նոյն էսթէպլիշմընթները, անոնք բազմաթիւ են, բազմաթիւ են նաեւ նոյն համայնքներուն մէջ, հրաժարած են հայախօսութենէ, այդ ձեւով ալ չեն ստացած հայ գիրով եւ գրականութեամբ մեզի հասած հոգեկան-մշակութային ժառանգութիւնը, ինչ որ կը կոչենք հայութիւն՝ նկարագիր չէ եղած: Այսօր, մեր հաղորդակցական միջոցները, ժողովները, հանդիսութիւնները, մեծաւ մասամբ օտարաբարբառ են: Ոմանք շնորհ ընելու համար կը գործածեն քանի մը հայերէն բառեր, կամ «գրիչ»ի գրել կու տան իրենց խօսք, այդ խօսքը կը գրուի լատինատառ եւ բեմերէն կը հնչէ: Այս բոլորին գումարը պիտի ըլլայ այն, որ պիտի տեւեն օտարաբարբառ համայնքներ, յաճախ՝ կրօնահամայնքային:
Հարազատ հայ ղեկավարութիւնը, սփիւռք(ներ), հիմա պէտք է ըսել՝ նաեւ Հայաստան, թէ անդիմագիծ դարձող հայկական ծագումով հաւաքականութիւնները ինչպէ՞ս պիտի մնան որպէս հայ ազգ: Ի հարկէ միշտ եղած են եւ դեռ պիտի ըլլան հոսանքին դէմ կանգնող գիտակից եւ ազգային բարոյականութեան հետեւող փոքրամասնութիւններ, շաբաթավերջին վեց մանուկներու հայերէն սորվեցնելու ճիգ ընողներ: Բացառութիւններ՝ որոնք ընդհանուր նահանջը եւ ապա՝ կորուստը կը բացատրեն, անբաւարար են թումբ կանգնելու:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ինչ ալ ըլլան օտարման տարերային ուժով եւ ընդունուած պայմանները, հայ ազգի ԻՐԱՒ ղեկավարութիւնը պարտականութիւն պէտք է համարէ ընել այնպէս, որ իւրաքանչիւր հայածնունդ հայերէն սորվի եւ իր հայրերու մշակոյթը ժառանգէ: Յաճախ պէտք է մտածել թիւերու լեզուով. Լոս Անճելըս, Ֆրանսա, Մոնթէվիտէօ, Ռիօ, Սիտնի, նոյնիսկ միջինարեւելեան հայ վարժարաններուն մէջ հայածնունդներու ո՞ր տոկոսը կը գտնուի, դեռ չեմ խօսիր այն բազմամարդ գաղութներու մասին, ուր հայկական վարժարաններ չկան:
Անկեղծութեամբ պէտք ընդունիլ, ինքնաքննադատութեան գնով, որ ազգովին, հայերէնի պաշտպանութեան, հայերէնի ուսուցման եւ հայախօսութեան համազգային-համահայկական ո՛չ ռազմավարութիւն եւ ո՛չ ալ մարտավարութիւն ունինք: Կղզիացած ցարդ տոկացող բայց տեւաբար սեղմուող շրջանակներ կան:
Յաճախ ընսուեցաւ, կրկնուեցաւ եւ կը կրկնուի, որ դարավերջին աշխարհի մէջ խօսուող լեզուներու կէսէն աւելին պիտի անհետանայ: Այսինքն՝6000էն 3000ը:
Մեծ գիտնական, իմաստուն, նախարար եւ վարժապետ ըլլալ պայման չէ, հարց տալու ու հասկնալ փորձելու, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս լեզու մը կ’անհետանայ: Լեզու մը անզգալաբար կ’անհետանայ, նոյնիսկ քաղաքական-մշակութային ուղղակի ճնշումի բացակայութեան, երբ փոխանցումը տեղի չ‘ունենար:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) այս փոխանցումը տեղի կ’ունենա՞յ: Ըստ աշխարհագրական շրջաններու եւ համայնքներու, այս մասին ինչ որ կ’ըսենք միայն ենթակայական է, հիմնուած փորձի եւ ծանօթութեան վրայ: Թիւեր եւ տոկոսներ չկան: Կան տպաւորութիւններ, որոնք մէկ համայնքէ միւսը առաւել կամ նուազ ահազանգային են:
Եթէ կարելի ըլլար հարցախոյզ մը կատարել այս կամ այն համայնքին մէջ, 15էն 20 տարեկաններու մօտ, տեսնելու համար, թէ անոնց ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը հաղորդակցական լեզու է, նաեւ՝ հաղորդութեան լեզու, այսինքն՝ մշակոյթի, իրատես կը դառնայինք, եւ հայերէն խօսելու, սորվելու, սորվեցնելու հարցը համազգային եւ քաղաքական օրակարգ կը դարձնէինք: Եթէ 15էն 20 տարեկաններու սերունդին, այսօ՛ր, այդ փոխանցումը չի կատարուիր, չենք յաջողիր կատարել, ի՞նչ պիտի ըլլայ պատկերը անոր յաջորդելիք սերունդին:
Հայերէնը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ տեւել երբ դադրի մայրենի լեզու ըլլալէ, չփոխանցուի մօր կաթին հետ: Թէ երէցները եւ միջին սերունդը հայերէն կը խօսին, խաբկանք պէտք չէ ստեղծէ: Լեզու մը չանհետանալու համար պէտք է փոխանցուի:
Փոխանցումը տեղի չ’ունենար, եթէ լեզուն կեանքի լեզու չէ: Այսինքն չի բաւեր ուսուցանել, նոյնիսկ դպրոցներու մէջ դասաժամեր ունենալ, աւելցնել: Եթէ լեզուն առօրեայի լեզու չէ, կեանք արտայայտող բառերը հայերէն չեն, խոհանոցէն, հագուստէն, զբօսէն, ճարտարագիտութենէն մինչեւ գիտութիւն, լեզուն կը նահանջէ, կը փոխարինուի: Այս ձեւով է, որ սփիւռք(ներ)ը կը դադրի հայախօս եւ հայագիր ըլլալէ: Երբ հայերէնի մէջ կը խուժեն օտար բառերը, հարկ կ’ըլլայ յիշել Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը. հայերէնը կը դառնայ հաց պանիրի հայերէն:
Հայաստան կը կարծեն լուծած ըլլալ հարցը, հայերէնը «ճոխացնելով» անհամար ասդիէն-անդիէն որսացուած առօրեայի, գիտութեան, ճարտարագիտութեան, ընկերային գիտութիւններու եւ քաղաքականութեան վերաբերեալ հազարաւոր օտար բառերով, այդ բառերը սովորական դարձած են, եւ ոմանք նոյնիսկ կ’ըսեն, որ այդ ձեւով լեզուն կը յառաջդիմէ: Այս «ճոխացման» վրայ կը գումարուին թարգմանածոյ շարահիւսութիւնները, այսինքն, կը սկսինք ռուսերէն, ամերիկերէն, թրքերէն կամ արաբերէն մտածել եւ հայերէն գրել:
Ո՞ւր կանգ կ’առնէ կարծեցեալ յառաջդիմութիւնը եւ ե՞րբ կրնանք ըսել, որ լեզուն անհետացման ընթացքի մէջ է, կամ՝ անհետացած է:
Ազգովին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ի՞նչ պէտք է ընել, որ սերունդներուն փոխանցուի հայերէնը, եւ մանաւանդ ի՞նչ պէտք է ընել որ հայերէնը դառնայ կեանքի լեզու, նոր սերունդները օտար կաթսաներու մէջ չփնտռեն իրենց սնունդը, հայերէնը խօսին եւ գրեն հայերէն բառերով եւ հայերէնի շարահիւսութեամբ:
Ուրեմն հայերէն խօսիլ, սորվիլ, սորվեցնել կ’ենթադրեն անոր կեանքի լեզուի վերածումը, դպրոցներու մէջ, մամուլի եւ գրականութեան մէջ, հեռատեսիլէն եւ ձայանասփիւռէն, քաղաքական կեանքի մէջ, ելոյթներու ընթացքին, գրել եւ խօսիլ հայերէն բառերով: Ո՛չ աւելի գիտուն կ’ըլլանք ո՛չ ալ աւելի ճիշդ բաներ կ’ըսենք օտար բառեր եւ եզրեր թխելով հայերէնի մէջ: Ճիշդ է, սովորութիւն եւ մշակոյթ դարձած է օտար եզրերու գործածութիւնը, քիչ մըն ալ գիտոսիկութիւն, բանգիտութիւն: Եթէ կը խորհինք, որ հայերէն բառը չի հասկցուիր լսողին կողմէ, փակագիծի մէջ կարելի է յիշել օտար բառը: Այս կ’ըլլայ դաստիարակիչ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի փոխանցման, այս կը պահանջէ գիտակից ազգային-քաղաքական վերաբերում: Օտարաբարբառ դարձած թերթերը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, վկայութիւնն են նահանջի մը: Անցեալին անոնք կը ծառայէին օտարին ներկայացնելու մեր մշակոյթը եւ մեր դատը: Այսօր այդ աշխատանքը սոսկ ներազգային քարոզչութեան կը ծառայէ, այն միամիտ ենթադրութեամբ, որ ծագումով հայ դարձածներուն կամ այդ ճամբուն վրայ գտնուողներուն հայկականութիւն պիտի փոխանցէ: Անվաղորդայն ըլլալու ճիգ, քանի որ այդ ձեւով ըսուածը եւ գրուածը փոխանցում չէ, այլ՝ ծանօթութիւն:
Լեզուի փոխանցումը պէտք է ընել, այս կը կազմակերպուի ոչ թէ նահանջելով: Միթէ՞ կրկին եւ կրկին պէտք է յիշեցնել ֆրանսացի իմաստասէր Լէնոն Պրէօնշվիկի խօսքը, որ «բառերու ժառանգութիւնը գաղափարներու ժառանգութիւն է»:
Իսկ գաղափարները հարազատութեամբ փոխանցելու համար հարազատ լեզուի փոխանցումը էական է, բայց նաեւ ինքնութիւն, որոնք միասնաբար կեանք կու տան ազգային քաղաքականութեան, տոկալու եւ տեւելու կամքին, իրաւունքի հետապնդման եւ մարդու արժանապատիւ յանձնառու հպարտութեան:
Պարտուողականութեան հետեւանք գործնապաշտական կիսամիջոցները պէտք չէ շփոթել նպատակի հետ:
Հայերէնի հայացումը որպէս կեանքի լեզու եւ անոր փոխանցումը ազգին համար, ներսը եւ դուրսը, գոյութենական ճշմարիտ օրակարգ պէտք է ըլլան, ըլլային:
Ի՞նչ պէտք էր ընել որ չենք ըրած: Ի՞նչ պէտք է ընել: Պիտի կարենա՞նք մեր լեզուատիրական եւ մշակութային յեղափոխութիւնը ընել:
Թէ պիտի ըսենք, որ գնացքը անցած գացած է:
Պարտուած մը օր մը ըսաւ, որ «Կաղանդ Պապային դեռ հաւատացող կա՞յ»:
Հարցումին պէտք է պատասխանեն ցուցադրականով (շաու, show) գոհացող ընտրանիները, էսթէպլիշմընթը, ներսը եւ դուրսը:
hairenikweekly.com/2021/11/01/49018