Պուլկարիան Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Զօրք Կուտակած Է
03 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պուլկարիան 350 զինուոր տեղակայած է Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ, որպէսզի ոստիկաններուն օգնեն զսպելու համար անօրինական գաղթականներու աճող հոսքը: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին «ՊիԹի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է երկրի պաշտպանութեան նախարար Կէորկի Փանայոթով:
«Զինուորները այսօր եկած են պուլկար-թրքական սահման` աջակցելու սահմանապահներուն», ըսած է նախարարը:
Փանայոթով նաեւ ընդգծած է, որ սահմանին վրայ կը գտնուի 40 միաւոր սպառազինութիւն:
Կը նշուի, որ այս տարուան ընթացքին Պուլկարիոյ սահմանը ապօրինի կերպով կտրած է աւելի քան 6500 մարդ, ինչ որ 2020 թուականի 9 ամսուան ընթացքին երկիր մուտք գործած անօրինական ներգաղթեալներու թիւէն երեք անգամ աւելի է:
aztagdaily.com/archives/527890