Ռուսիան Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Յաւելեալ 25 Հալածիչներ Տեղակայած Է
03 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թրքական բանակի` Սուրիոյ հիւսիսը քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ նոր լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու նախապատրաստման մասին լուրերու լոյսին տակ, Ռուսիան կ՛ընդլայնէ շրջանին մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը: Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Ռուսիան Սուրիա ուղարկած է յաւելեալ քսան կործանիչ:
Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումով, Թուրքիոյ հետ սահմանէն ընդամէնը 4 քիլոմեթր հեռու գտնուող Գամիշլիի օդուժի ռազմակայան ուղարկուած են 4 «ՄիԿ-29» հալածիչ, 5 «Սու-35» հալածիչ եւ 12 «Սու-34» հալածիչ: Նախապէս ռազմակայանին մէջ տեղակայուած էին ռուսական չորս նոր «Սու-35» հալածիչներ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Գամիշլիի օդուժի ռազմակայանին մէջ նկատուած է առնուազն երկու «Քա-52» հարուածային ուղղաթիռ: Բոլոր օդանաւերը ռուսական ռազմակայաններ ուղարկուած են Իրանի եւ Իրաքի օդային տարածքով: Ռուսիոյ օդուժի հրամանատարութիւնը չի մեկնաբաներ յաւելեալ հալածիչներ Սուրիա ուղարկելը:
Այլ աղբիւրներու համաձայն, ուժեղացուած է նաեւ Թուրքիոյ սահմանակից Այն Իսա գիւղին մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայանը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ ռուսերը ռազմակայանը լքած են սուրիական ընդդիմութեան` Սուրիոյ ազգային բանակի զինեալներու հարուածներէն ետք: Սակայն, դատելով նոր պատկերներէն, ռազմակայանին մէջ ռուսերուն ներկայութիւնը կը մնայ, եւ լրացուցիչ աշխատանքներ կը տարուին զայն ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Ռուսական օդուժը նաեւ բազմիցս օդային հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող` Սուրիոյ ազգային բանակ կոչուող թրքամէտ զինեալներու դիրքերուն: Հարուածները հասցուած են նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ: Այսպէս` անցեալ շաբաթ օր առնուազն 25 օդային հարուած հասցուած է:
Յիշեցնենք, որ ըստ թրքական աղբիւրներուն, Սուրիոյ հիւսիսը որեւէ պահու 35 հազար թուրք զինուորներու եւ Սուրիոյ ազգային բանակի մասնակցութեամբ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ կրնան շղթայազերծուիլ:
aztagdaily.com/archives/527887