Քրեմլին Կը Հերքէ Ուքրանիոյ Սահմանին Վրայ Ռուսական Ուժերու Տեղակայման Լուրերը

The only and inviolable step is the chess, which will be followed by the indisputable finger - victory

Քրեմլին Կը Հերքէ Ուքրանիոյ Սահմանին Վրայ Ռուսական Ուժերու Տեղակայման Լուրերը

03 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ ամերիկեան օրաթերթի մը հրապարակած այն պնդումը, թէ Ռուսիան ուքրանական սահմանին վրայ զինուորական ստորաբաժանումներ ու մեքենաներ տեղակայած է, «չեղեալ է եւ արժանի չէ մեկնաբանութեան ու ժամանակի վատնումի»:

«Այդ հրապարակումներուն որակը նոյնիսկ արժանի չէ մեկնաբանութեան, եւ ընդհանրապէս անոնց պէտք չէ կարեւորութիւն ընծայել», աւելցուց Փեսքով:

«Դուք անձամբ տեսաք, որ խօսքը Ուքրանիոյ հետ սահմանին մասին է, սակայն (լուսանկարներ) կը ցուցադրեն Պիելոռուսիոյ հետ սահմանին վերաբերեալ», ըսաւ ան` նշելով, որ այն, ինչ որ օրաթերթը հրապարակեց, «չեղեալ է եւ արժանի չէ անոր բովանդակութեան ծանօթանալու համար ժամանակ վատնելու»:

«Մեր բանակի կարգ մը զինուորական սարքերն ու ստորաբաժանումները Ռուսիոյ հողերուն ճամբով փոխադրելը մեր գործն է», աւելցուց ան` նշելով. «Ռուսիան ոչ ոքի սպառնաց եւ չի սպառնար, եւ ոչ ոքի վտանգ կը ներկայացնէ»:

«Ռուսիան ՕԹԱՆ-ի եւ շարք մը այլ պետութիւններու թշնամական ծաւալապաշտական հակամարտութիւններու լոյսին տակ քայլեր որդեգրած է եւ պիտի շարունակէ որդեգրել` երաշխաւորելու համար իր անվտանգութիւնը», յայտնեց Քրեմլինի բանբերը:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը նախապէս հրապարակած է արբանեակներու կողմէ առնուած լուսանկարներ, որոնք, ըստ օրաթերթին, ցոյց կու տան Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ գտնուող ռուսական ուժեր: Այդ առնչութեամբ լուր հրապարակած էր նաեւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը:

aztagdaily.com/archives/527886

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail