Մեծ Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Օրինագիծը
04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը պիտի քննարկուի Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի յանձնախումբը։
Նոյեմբեր 9-ին, Համայնքներու պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծին առաջին ընթերցումը։
Օրինագիծը պիտի ներկայացուի պահպանողական պատգամաւոր Թիմ Լաֆթոնի կողմէ։
«Եթէ օրինագիծը անցնի այս փուլը, Մեծ Բրիտանիան մէկ քայլ աւելի մօտ պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման»,- կ՝ընդգծէ Հայ Դատի յանձնախումբը։
yerakouyn.com/2021/11/04/մեծ-բրիտանիոյ-խորհրդարանը-պիտի-քննար/