Համբիկ Սասունեանը Հա՛յ Ազատամարտիկ Է, Եւ Ո՛չ Թէ Միայն Հատուածի Մը Պարծանքը – ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Համբիկ Սասունեանը Հա՛յ Ազատամարտիկ Է, Եւ Ո՛չ Թէ Միայն Հատուածի Մը Պարծանքը – ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Համբիկ Սասունեանի նման հայ արդարադատ մարտիկներու տեսակը ինքնասիրութենէ չի տառապիր: Նմաններուն անձնուրացութիւնը պիտի չարտօնէր իրենց, որ պճնանքի եւ նարսիսականութեան վերածէին ամէն մէկ կենաց, ամէն մէկ լուսանկար, ամէն մէկ լորձնաշուրթն դիմատետրեան գովասանք:

Անոնք հաստատապէս կը գիտակցին, որ իրենք անքակտելի ամրակուռ շղթային երեւելի այն մարտունակ օղակն են, որոնք «Նեմէսիս»-ը ընդունեցին որպէս դաստիարակիչ օրինակ, եւ Հայ դատի համար պայքարի ամէն եղանակ ու գործելաոճ դարձաւ կենսական նշանաձող: Հետեւաբար տարօրինակ չէ այն տարերային խնդութիւնը, զոր կ՛ապրինք ամէնուրէք` հերոսներ ներբողելով եւ գովքը հիւսելով անոնց սխրագործութեան: Ասիկա արդիւնք է գերհրճուածութեան, երկա՜ր տարիներու սպասումի եւ կարօտախտի ցայտաղբիւրի ուժեղ ժայթքումին` կազմելով անբասիր սրտակցութեան մը խօսուն պատկեր: Ճիշդ ասոր համար է, որ Համբիկին արարքին օրը տակաւին չծնած այսօրուան սերունդը նոյն խանդով ու ոգեւորութեամբ ամուր գրկեց զինք` որպէս իր էութեան հարազատ մասնիկը:

Պատի՛ւ բոլորին` պատկերազարդ կաւիճէ մատիտով հերոս մարմնաւորող փոքրիկին, դողդոջուն մատներով զօրակցական նամակ գրող պատանի-պարմանուհիին, իր լումայով սատարող բարերարին, պաշտպան կամաւոր յանձնախումբերուն եւ փաստաբաններուն ազնիւ ճիգերուն ու անխտիր բոլոր հայորդիներուն, որոնք 38 տարիներ անդուլ եւ հետեւողական յարաբերական առօրեայ գործ տարին` քաղաքական բանտարկեալ Սասունեանի ազատ արձակման համար:

Գալով «վարկ շահելու» դիտարկման աժան փորձերուն, անոնք մեր ներքին ճակատը պառակտելու հաշուոյն հնչող անտեղի զգօնութեան յորդորներ են միայն: Վերջին հաշուով ամէն հայորդի իր գիտցած ձեւով ու հասունութեան մակարդակով կ՛արտայայտէ իր խնդութեան զգացումները` չափաւոր կամ զեղուն պատկերներով: Վարկ շահողը համայն ազգն է եւ պատիւը կը պատկանի անտարակոյս բոլոր արի մարտնչողներուն, որոնք զուլալ ջուրով ոռոգեցին «Ծիրանի ծառը»: Իսկ «տպաւորութիւն ձգելու շահարկումները» անյարիր են գաղափարական արմատներէ սնանած հայուն, որ գիտէ ի պահանջել հարկին ցուցաբերել սառնասրտութիւն ու խոհականութիւն, իսկ ի հարկին ծառանալ` յանուն գաղափարի անաղարտութեան:

Աջ ու ահեակէն հնչած թելադրաքներու հասցէատէրերը թող խնայեն իրենց յորդորները, եւ բոլոր` անոնց, որոնք հանդէս կու գան «խոնարհ հոգածութեամբ վարուելու» Համբիկի օրինակին հետ, պիտի յարենք, որ հայ հասարակութեան գիտակից զանգուածը` իր առողջ բնազդով շատ լաւ գիտէ` ո՛վ ի՞նչ է, եւ յարդը ցորենէն լաւ գիտէ զանազանել: Հետեւաբար Համբիկի ազատ արձակման վերնագիրին տակ այսպէս ըսուած, շահարկումները սեփական կեանքի գնով ճամբայ կտրողներուն վարքը չեն: Պէտք է յստակ դիտարկենք, որ միակ մտահոգուողները դրածոներն են, որոնք կը մերժեն դրական որեւէ յառաջխաղացք եւ իրենց ժխտական վարքով ուղղակի ջուր կը լեցնեն Թուրքիոյ անհանգստութեան ջաղացքին: «Քաւոր Պետրոս»-ի հետնորդներ, հայանուն քաղաքական փերեզակներ են ու ազգի տզրուկներ: Անոնց համար, որոնք նախատիպարն են Վեստ Սարգիսին, ո՛չ ազգը, ո՛չ հայրենիքը, ո՛չ ալ բարոյական արժէք գոյութիւն ունին: Այս օրերու խաչագողներու տրամաչափի մակարդը, այդ օրինակներուն մէջ կ՛ապրի ու կ՛ուրճանայ` դառնալով հողատու եւ հայրենիքի դաւաճան:

Հայրենի հողին ջերմութիւնը չվայելելով ոտքերնուն տակ, սփիւռքեան հարթիչ յորձանուտին մէջ, պաղ մայթերու վրայ «բուքին-բորանին եւ մութ գիշերին» հասակ առած Համբիկի սերունդին իրանը նուազագոյնը պէտք է հայրենասիրական անկեղծ ջերմութեամբ ամրօրէն փաթթել, եթէ նոյնի՛սկ ա՜յն հարազատութիւնը, որ մենք կը փորձենք ապրիլ` պանծացնելու իրենց բազուկներու սխրագործութիւնը, միջազգային քաղաքակիրթ հանրութեան արժեհամակարգին համար «քաղաքական անյարիր քայլ» կը դասուի:

Համբիկ իր խուցին մէջ առանձին չէր եւ «դուրսի խենթերուն» անձնդիր նեցուկով, արդարութեան ոդիսականը հալածող յարալէզներու յորդարատ լորձունքներով քակտեցին քաղաքական բռնազբօսիկ շղթան, խոհականութեամբ իր պայծառ աւարտին հասցնելով շատ նուրբ կացութիւն մը, ի հեճուկս թրքական ՄԻԹ-ի հետեւողական արգելակիչ սադրանքներուն:

Աւելի՛ն. նողկանք կ՛ապրինք` ականտեսը ըլլալով զանգուածի մը, երբ հայ մարդիկ կը համարձակին ըսելու` «Թքած ունենք Համբիկ Սասունեանի կորսուած կեանքի վրայ»: Վահագն Դաւթեան նմանները նզովելու իրաւունքը ունի, երբ կ՛ըսէ.

«Ողջ լինես, Գուսա՛ն,
Որ քո շանթակերպ, ճշմարիտ խօսքով
Շանթես յաւիտեան այդ Վեստ Սարգիսին
Ու մնացեալին… Մեղա, տէր, մեղա…»:

Համբիկներու երեւոյթը արգասիքն է 70-80 թուականներու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԱՑՈՒՄ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՄ-ին, որուն սաղմնատունէն ծնունդ առաւ գաղափարական մարտիկներու փաղանգ մը` յանձն առնելով գրիչով, ցուցական աքթերով փշրել լռութեան շղթան, ստեղծելով Հայ դատի պահանջատիրութեան իրաւացիութեան շուրջ միջազգային հանրային կարծիքի ուշագրաւ հետաքրքրութիւն: Աւելի ուշ այդ հետաքրքրութեան առանցքը միս ու ոսկոր ստացաւ եւ իրաւական զանազան դրսեւորումներով եկաւ հաստատելու հայ ժողովուրդին հանդէպ շղթայազերծուած մշակութային ու ֆիզիքական ցեղասպանութեան արհաւիրքի տարողութիւնը, որուն միակ պատասխանատուն թրքական պետութիւնն է:

Այսպէս, իրերայաջորդ օտարազգի կառավարութիւններ, պետութիւններ եւ քաղաքական ու միջազգային ականաւոր անձնաւորութիւններ` իմա թուրք հասարակական գործիչներ, հերձելով ուրացումի քողը, ընթացք տուին պատմական անհերքելի իրողութեան: Մնաց թրքական պետութիւնը, որ իր կարգին հրաժարելով ուրացման քաղաքականութենէն` քաջութիւնը պէտք է ունենայ առերեսուելու պատմական պահին եւ ճշմարտութեան հետ, եւ որպէս ժառանգորդը երիտթուրքերու գահին, ընդունի հայ ժողովուրդի իրաւունքներու անժամանցելիութիւնը` հաստատելով արդար վնասուց հատուցման ճանապարհի քարտէս` հայապատկան հայրենի հողերու վերադարձով: Միայն այն ատեն նաե՛ւ պիտի հանգչին Լիզպոնի նահատակներուն աճիւնները եւ ոգին` բոլոր անյայտ մեծ փաղանգի գաղափարական մարտիկներուն, որոնք ծաւալեցին նորօրեայ ասպետականութիւն` դրոշմելով նոր ժամանակներու աներկբայ արդարահատոյցը: Անոնց գաղափարական արժանաւոր արիութիւնը միայն այդ ձեւով պիտի յագենայ եւ բաւարարութիւն ստանայ:

Հոս թէեւ ճիշդ չէ յիշատակել Ռամիլ Սաֆարով մարդասպանին օրինակը, մէկը, որ սոսկական ոճրագործ է, որ յանդգնեցաւ անպաշտպան ննջող հայ սպան վատաբար սպաննել: Այդ գձուձը բարացուցական արարքին որպէս հատուցում` արժանացաւ Ազրպէյճանի պետութեան հերոսի տիտղոսին, նիւթական վարձատրութեան եւ կառավարութեան հոգատարութեան, մինչ մեր քաղաքական բանտարկեալին զլացուեցաւ պետական «հանրային ողջագուրում», երբ նահատակ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի արիւնը տակաւին չորցած չէ:

Այսօր թրքական կառավարութիւնը անակնկալի եկած Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման լախտի հարուածէն` իր վրդովմունքը կ՛արձանագրէ, «սխալ» որակելով որոշումը եւ հաստատելով, որ ան «ահաբեկչութեան ի նպաստ զիջում համարուող վտանգ է» ու կը ծառայէ «ահաբեկչութեան քաղաքական նպատակներու»` մոռնալով, որ ինք յականէ անուանէ պետական ահաբեկչական շարժում հովանաւորող է ու հարեւան երկիրներու անդորրը խանգարող սադրիչ պետութիւն:

Համբիկին բանտային 38 տարուան պահուածքը, անոր աներեր համբերատարութիւնը եւ անկոտրում կամքը ներշնչման աղբիւր եւ ներուժ դարձան վտարանդի սերունդներուն, որոնք սասունեաններու օրինակը դարձուցին իրենց վէմը:

Թեհլիրեանները եւ անոնց հետնորդները կը յամենան մնալ ազգային հերոսներ եւ պէտք չէ սահմանել իրենց սխրագործութիւնը` հատուածի մը կամ սոսկ խմբակի մը արգասիքը ու պարծանքը:

Հասկցողներուն շա՜տ բարեւ:

Թորոնթօ, 2 Նոյեմբեր 2021

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail