Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցան Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Արարողութիւններ

Dink_ounedsav
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ «Հրանդի ընկերներ» երէկ Պոլսոյ մէջ կատարած են յիշատակի արարողութիւններ: Ծաղիկներ դրուած են այն վայրը, ուր 9 տարի առաջ 19 յունուարին սպաննուեցաւ պոլսահայ լրագրողը: Թուրքիոյ ժամանակացոյցով ժամը 14:30-ին տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ հայազգի երեսփոխաններ Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողան:

Շէնքին վրայ փակցուած էր «Ախբարի՜կ, կարօտով, զայրոյթով, յամառօրէն այստեղ ենք» գրութեամբ ցուցանակ մը:

Ոստիկանութիւնը հսկողութեան կէտեր սահմանեց «Ռամատա» պանդոկի եւ Մատոյի դիմաց: Յիշատակի արարողութեան մասնակցիլ ուզողները արարողութեան վայր կրցան անցնիլ միայն այս կէտերուն վրայ իրականացուող ստուգումէն ետք:
Առաւօտեան ժամերուն յիշատակի արարողութեան յատկացուած տարածքէն մարդիկ հեռացուած էին` ռումբի որոնման աշխատանքներու պատճառաբանութեամբ:

Յիշատակի արարողութեան մասնակից խումբերը Թաքսիմէն քալեցին դէպի «Սեպաթ» շէնք:

«Հրանդի ընկերներ»-ու յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Այստեղ ենք` կարօտով: Կը կարօտնանք Հրանդ Տինքին, որ ամէն մարդու, ամէն լեզուի, հաւատքի, ամէն խօսքի հաւասար կը վերաբերէր: Այստեղ ենք` զայրոյթով: Հրանդ Տինքը մեզմէ խլող, երեխաները մարդասպան դարձնող խաւարը արդէն 9 տարի է` կը շարունակէ մարդասպաններ ծնիլ: Այդ խաւարը տարածուած է երկրին շուրջ եւ ամէն օր նոր մահագոյժ կը տարածէ: Կը ճանչնանք, գիտենք: Մեր զայրոյթը կանգուն է, կատարուածները` մեր մտքին մէջ: Այստեղ ենք` յամառօրէն»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail