Ուաշինկթըն Հայաստանը Հրաւիրած Է Մասնակցելու «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Ժողովին

Ուաշինկթըն Հայաստանը Հրաւիրած Է Մասնակցելու «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Ժողովին

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանը հրաւիրած է մասնակցելու 9-10 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովին:

Ամերիկեան Politico թերթին կողմէ հրապարակուած է հրաւիրուած երկիրներուն ամբողջական ցանկը, որմէ ի յայտ կը դառնայ, որ Հայաստանի դրացիներէն միայն Վրաստանը հրաւիրուած է, իսկ հրաւիրեալներուն մէջ չկան Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Ռուսիան:

Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ առցանց եւ պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներէն բացի, անոր պիտի մասնակցին նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու, բարեգործական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

asbarez.am/406591/ուաշինկթըն-հայաստանը-հրաւիրած-է-մասն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail