Եթէ Մեղրիով անցնելիք ուղիները չմնան հայկական վերահսկողութեան տակ, համաթուրանականութեան երազն է, որ պիտի իրականանայ թուրքերուն համար․ «Հայրենիք»

Եթէ Մեղրիով անցնելիք ուղիները չմնան հայկական վերահսկողութեան տակ, համաթուրանականութեան երազն է, որ պիտի իրականանայ թուրքերուն համար․ «Հայրենիք»

06 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսական աղբիւրներ չեն քողարկեր այն իրողութիւնը, թէ արդէն իսկ պատրաստուած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ նշուած եւ բանաձեւուած են նման միջանցքի մը բանեցման պայմանները։Սակայն խնդիրը գլխաւորաբար կը վերաբերի հայկական կողմին։

Երեւան ի վերջոյ ի՞նչ պիտի տրամադրէ։ Ի՞նչ կը պահանջեն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք կը պնդեն, թէ Զանգեզուրի միջանցքի մասին է խօսքը։ Եթէ այդպէս է, ապա Երեւանի իշխանութիւնները պիտի համաձայնի՞ն, որ Հայաստանի հսկողութենէն դուրս միջանցք բացուի Նախիջեւանէն մինչեւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները, թէ՞ պիտի համաձայնին միայն ապահով ճանապարհային անցման հնարաւորութեան մը՝ Հայկական զօրքերու հսկողութեամբ։ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է Հայաստանը Արցախի կապող Լաչինի միջանցքի մասին, ուր ատրպէյճանցիները հսկողութիւն պիտի չկատարեն։Այլ խօսքով՝ հայ վարորդները իրենց բեռնատարները պիտի քշեն ու կտրեն Լաչինի անցքը եւ Արցախ մտնեն։

Այսինքն՝ ոչ վիզայի պէտք պիտի ունենան, ոչ ալ մաքսայինը պիտի ստուգէ անոնց բեռնատարները։Եթէ ատրպէյճանցիներուն եւ թուրքերուն պահանջին գոհացում տրուի, Լաչինի անցքին դիմաց Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է բացուի՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Հոս է, որ խնդիրները կը ծագին։ Եթէ այս միջանցքը բացուի, ապա թուրք եւ ատրպէյճանցի վարորդները Հայաստանի տարածք պիտի մտնեն առա՞նց վիզայի։ Մեղրին պիտի կտրեն ու անցնին՝ առա՞նց մաքսայինի ստուգումներու։Ասիկա լուրջ խնդիր է, որովհետեւ Մեղրին պիտի վերածուի դէպի Կեդրոնական Ասիա Թուրքիոյ դարպասին, որ ուն վերաբերեալ Արցախեան երկրորդ պատերազմին օրերուն, տասը հոկտեմբեր 2020ին Անգարայի իշխանութիւններուն մօտիկ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին կայքէջին վրայ տեղադրուեցաւ բաւական մտահոգիչ տեսերիզ մը, որ օրին համարժէք ուշադրութեան առարկայ չդարձաւ եւ մնաց թրքական վերլուծումներու եւ ենթադրութիւններու ծիրին մէջ։

Սակայն Ահմէտ Ֆատիլ Էրարսլան իր «Turk Kapinin Anahtari Bizim» խորագրուած տեսերիզին մէջ յստակօրէն կը նշէր,որ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն հետ ցամաքային կապ ունենալու բանալին Նախիջեւանն է, որ ի վերջոյ պիտի կապուի Ատրպէյճանի՝ հասնելով Կեդրոնական Ասիա։

Օրին այս թեմային մասին նոյնիսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խօսեցաւ եւ յայտարարեց, որ Ռուսիա ոչ մէկ վտանգ եւ անպատեհութիւն կը տեսնէ թրքախօս եւ թրքացեղ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ կապերուն մէջ։

Բայց Ահմէտ Էրարսլան կ՛ակնարկէր համաթուրանականութեան, որուն դէմ ցցուած միակ խոչընդոտը Հայաստանն էր, այլ խօսքով՝ Մեղրին։

Համաթուրանականութեան աշխարհագրական տարածքը, ըստ թուրքերուն, կը սկսի Եգէական ծովէն եւ կը հասնի մինչեւ Չինաստանի Ույղուրներու շրջանները՝ ընդգրկելով Կիպրոսի Հիւսիսային բաժինը, Թուրքիան, Նախիջեւանը, Ատրպէյճանը, Ղազախստանը, Թուրքմենիստանը, Ուզպեքիստանը, Տաճիկիստանը եւ Խըրխըզիստանը, նաեւ Չինաստանի այն շրջանները, ուր թրքացեղ ույղուրները կ՛ապրին։

Թուրքերը նաեւ ի մտի ունին այն տարածքները, որոնք Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող այն ինքնավար հանրապետութիւններն են, որոնց բնակչութիւնները թրքացեղ են։

Վիթխարի տարածքներու մասին է խօսքը եւ Ռուսիոյ արտաքին դիւանագիտութեան պետը Արցախեան պատերազմին օրերուն ակնարկեց այս խնդրին, երբ խօլ մրցակցութիւնը, պատերազմական ահաւոր զարգացումները եւ յատկապէս թուրքեւատրպէյճանական ճակատին շղթայազերծած ահաւոր պատերազմը թոյլ չէին տար, որ համաթուրանականութեան ձգտումներուն իսկական վտանգը իր ամբողջ տարողութեամբ ընկալուի։

Այսօր, երբ սեղանի վրայ է Մեղրիի խնդիրը, հայկական կողմը իր դիւանագիտական, յարաբերական, ապահովական, քաղաքական եւ միւս բոլոր կարելիութիւնները պէտք է գործի լծէ, որպէսզի չափազանց վտանգաւոր վիճակէ դուրս բերէ Հայաստանը։

Եթէ Մեղրիով անցնելիք երկաթուղին եւ փոխադրութեան միւս ուղիները չմնան հայկական վերահսկողութեան տակ, համաթուրանականութեան երազն է, որ պիտի իրականանայ թուրքերուն համար։ Նոյնիսկ եթէ այդ ուղիներուն ռուսերը հսկեն։

Ա.Ա. Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

aravot.am/2021/11/06/1227344/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail