Վեցեակի Շինծու Եւ Դաւադիր Հարթակը. «Հայրենիք»

Վեցեակի Շինծու Եւ Դաւադիր Հարթակը. «Հայրենիք»

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Խմբագրական

«Ստելը երբեք չի կրնար մեզ փրկել այլ սուտէ մը»:
Վացլաւ Հաւէլ (1936-2011, Չեխոսլովաքիոյ վերջին նախագահը, մտաւորական, գրագէտ)

Վերջին քանի մը օրերուն, կովկասեան բարձրաւանդակին առնչուող նոր եզրոյթ մը սկսած է տարածուիլ, շնորհիւ Անգարայի գործօն դերակատարութեան։ Վեցեակի՝ 3+3 հարթակի մասին նոր յանկերգ մը ունի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան: Յանկերգին մէջ կը պնդէ, որ այս ծրագիրին շուրջ բազմիցս քննարկում եւ զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին՝ «եղբայր» Իլհամ Ալիեւի հետ։

Յետ-44-օրեայ պատերազմի զարգացումներուն մօտէն հետեւողին համար յստակ է, թէ մատնանշուած՝ վեցեակի երկիրներն են Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ռուսիան, Իրանը, Վրաստանն ու Հայաստանը։ Ըստ Էրտողանի, եթէ այս վեց երկիրները սերտ գործակցութիւն ցուցաբերեն, ստեղծուած պիտի ըլլայ խաղաղութեան հարթակ մը, մինչդեռ հայկական դիտանկիւնէն, անիկա նոր դաւ մըն է ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի։

Մէջբերենք նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի մէկ արտայայտութիւնը, թէ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը հետզհետէ աւելի լրջօրէն կը քննարկուի եւ թէ՝ Անգարան Երեւանէն դրական շօշափելի քայլերու մասին ստոյգ տեղեկութիւններ ստացած է, փոխադարձաբար դրական որոշումներ տրուած են՝ ի պատասխան Երեւանի դրական քայլերուն։

Հոս տեղին է հարց տալ, թէ «դրական քայլեր» ըսելով, ի՞նչ ի մտի ունի կամ կը յայտնաբերէ Չաւուշօղլուն։

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերու բացայայտ ձաբռտուքնե՞րը, ըստ որոնց՝ Հայաստան Ատրպէյճանէն կը սպասէ դրական մօտեցում, եւ պատրաստ է սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքին:

Հոս միջանկեալ տեղին յիշեցում-հաստատում մը. Մայիս 12-էն ի վեր, ազերիական բանակը Հայաստանի գերիշխան Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ, Վերին Շորժա եւ Կութ գիւղերու, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի սահմանային տարածքներէն ներս լայն թափանցումներ կատարած է, արդէն այդ շրջաններուն մէջ կ’ամրանայ, իբրեւ թէ անոնք ըլլային Ատրպէյճանի մէկ մասը. չմոռնանք նաեւ Գորիս-Կապան մայր ճամբուն մէկ երկար հատուածին խլումը, ուր «մաքսատուն» ալ հաստատուած է, իրանեան բեռնատարներէ ետք, հայկական ինքնաշարժներ կը կանգնեցուին…:

Եւ ահա, այս իրական ու ազգային կորուստներ մատնող ենթապատկերին առջեւ է որ Երեւանի բանբերը եղող պաշտօնատարը կը խօսի աւելի առջեւ երթալու մասին, ըսելով, որ կարելի է յառաջ շարժիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին մէջ, իր կարգին յանկերգելով, թէ «Աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, որ սկսինք այդ աշխատանքները, որովհետեւ ե՛ւ մենք, ե՛ւ թրքական կողմը նշած ենք, որ կան դրական ազդակներ, եւ կրնանք սկսիլ յարաբերութիւններու կարգաւորումին»:

Բաց աչքերով դիտողին համար դժուար չէ տեսնել, թէ «Անտառի օրէնք»-ներու վրայ հիմնուած է Էրտողանի այս յերիւրանքը՝ վեցեակի մտայղացումը. անիկա հրապարակ կը նետուի այն պահուն, երբ ԵԱՀԿ-Ի Մինսքի խմբակը վերստին գործի լծուած է՝ ստանձնելու հիմնահարցի լուծման գործընթացը։ Հարցը կը բարդանայ, երբ աչքի առջեւ բերենք, որ 3+3-ի տարազը սկսած է արձագանգներ գտնել կարգ մը հզօր միջնորդներու մօտ, իսկ Հայաստան կարծէք թէ դատապարտուած է, իբրեւ անղեկ շիւղ մը, երթալու հոսանքն ի վար…

Աւելին: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ դիտումնաւոր քայլ մըն էր այն, որ նոյն օրերուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերով նորանշանակ փոխտեղակալ Էրիքա Օլսըն, շրջանային համագործակցութիւնը խթանելու եւ երկկողմանի հարցեր քննարկելու նպատակով, այցելած էր տարածաշրջան՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան։ Օլսըն նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած էր հարաւկովկասեան շրջանի ամերիկեան դեսպանատուներու ղեկավարներու ընդհանուր ժողովին:

Զուգահեռաբար, Էրտողան, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպման պահուն, ամենայն ինքնավստահութեամբ քարոզ մը կարդացած էր վեցեակի հարթակի իր մտայղացման մասին, աւելցնելով եւ հաւաստիացնելով, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւն ալ, ծանօթ՝ իբրեւ իր հլու կամակատարը, սրտբացօրէն եւ ամենայն անկեղծութեամբ տրամադրուած է շարունակելու վեցեակի հարթակի դրական քայլերը:

…Նոյեմբեր 9-10-ի պարտութեան «հռչակագիր»-ին առաջին տարելիցի օրերուն, միայն ու միայն ժողովուրդին կը մնայ աչքերը լայն բանալ, վերջ տալ պատրանքներով տարուելու «երթ»-ին, իրատես ըլլալ եւ ոտքի կանգնիլ, մերժել յաւելեալ կործանման տանող ընթացքը, կասեցնել եւ շրջել զայն, ձեռնարկել փրկութեան ու վերականգնումի ԳՈՐԾին:

yerakouyn.com/2021/11/05/վեցեակի-շինծու-եւ-դաւադիր-հարթակը-հա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail