Իրաքի Վարչապետին Դէմ Ականուած Անօդաչու Թռչող Սարքով Մահափորձ
08 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի ապահովական «Կանաչ շրջան»-ին մէջ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի տան վրայ ականուած անօդաչու թռչող սարքով յարձակում տեղի ունեցաւ: Մահափորձին պատճառով անոր թիկնապահներէն վեցը վիրաւորուեցան, սակայն վարչապետը չվնասուեցաւ:
Քազիմի բոլորին կոչ ուղղեց հանդարտ մնալու եւ ինքնազսպումի դիմելու:
Վերջերս կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին պատճառով արձանագրուող անկարգութիններու պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած մահափորձը դատապարտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ արաբական երկիրներուն կողմէ:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ըստ ապահովական աղբիւրներուն, Տիգրիս գետին վրայ գտնուող Հանրապետութեան կամուրջին մօտէն շղթայազերծուած յարձակումին ընթացքին օգտագործուած են երեք անօդաչու թռչող սարքեր, որոնցմէ երկուքը կարելի եղած է վնասազերծել:
Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ոչ ոք ստանձնեց:
aztagdaily.com/archives/528423