Ազրպէյճանական Կողմի Կրակոցներուն Հետեւանքով՝ Մէկ Զոհ, Երեք Վիրաւոր

Ազրպէյճանական Կողմի Կրակոցներուն Հետեւանքով՝ Մէկ Զոհ, Երեք Վիրաւոր

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՐՑԱԽ:

Նոյեմբեր 8-ին՝ ժամը 15։00-ին, Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի մուտքի մօտակայ խաչմերուկին մօտ՝ ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակած է ջրամատակարարման խողովակներու վրայ շինարարական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով տուժած է 4 քաղաքացիական անձ, որոնցմէ մէկը՝ 22-ամեայ Ե․Մ-ն, մահացած է, երեքին (41-ամեայ Ս․Ա, 31-ամեայ Մ․Գ․, 43-ամեայ Դ․Գ․) կը ցուցաբերուի բժշկական օգնութիւն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի Facebook-ի էջէն։

Ըստ աղբիւրին՝ բժիշկները տուժածներուն վիճակը կը գնահատեն միջին ծանր։ Իրաւապահ մարմիններուն կողմէ կ՝իրականացուին համապատասխան աշխատանքներ՝ դէպքին հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ, որուն պատճառով, Ստեփանեանի տեղեկութիւններով, Ստեփանակերտ-Բերձոր ճանապարհահատուածի Շուշիի հատուածին վրայ երթևեկութիւնը կարճ ժամանակով դադրեցուած է։

«Արձանագրուած միջադէպը հայ ժողովուրդին հանդէպ ազրպէյճանական կողմի հայատեաց, ցեղասպան ու ֆաշիստական վարքագիծի հերթական ապացոյցն է, որուն մասին եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ի վեր բազմիցս յայտարարած ենք։

«Ազրպէյճանական կամայականութիւններուն ու անպատժելիութեան պէտք է վերջ դրուի, որ հնարաւոր է Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ազրպէյճանական կողմի նման յանցաւոր գործողութիւններու ուսումնասիրութեան եւ մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու համար յստակ մեքենականութիւններու ներդրումով»,- ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։

yerakouyn.com/2021/11/08/ազրպէյճանական-կողմի-կրակոցներուն-հե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail