Ազրպէյճանը Կը Խախտէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պատմականութիւնն ու Ամբողջականութիւնը

Azerbaijan Violates the History and Integrity of Artsakh Cultural Heritage

Ազրպէյճանը Կը Խախտէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պատմականութիւնն ու Ամբողջականութիւնը

12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

«ԱՊԱՌԱԺ»-ի տեղեկութիւններով՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.

44-օրեայ պատերազմէն ետք՝ Արցախի Տիգրանակերտը եւս անցաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Եւ ազրպէյճանցի հեռուստալրագրող Seadet Memmedova-ի youtube-ի ալիքին վրայ, 2021 Հոկտեմբեր 31-ին տեղադրուած տեսաձայնագրութեան մէջ առանձնակի հպարտութեամբ կը ներկայացուի, որ Տիգրանակերտի արքայական աղբիւրներու պուրակը վերածուած է խորովածանոցի։

Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբին կողմէ պեղուած ջրաւազանի կողքին՝ ազրպէյճանցիները կառուցած են կռապատ հարթակ եւ տեղադրած են խորոված պատրաստելու սարքեր, որոնցմէ մէկը՝ նոյնինքն պեղուած ջրաւազանի եզրին։ Խորհրդային տարիներուն ազրպէյճանցիները ճաշարանի վերածած էին 18-րդ դարու կէսերուն աղբիւրներուն մօտ կառուցուած ամրոցը: Այնպէս որ պատմա-մշակութային միջավայրը խորովածանոց դարձնելու փորձը հին աւանդոյթ է:

Նկատենք, որ 2010-էն ի վեր՝ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը, ամրոցին մէջ տեղադրուած էր Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը, իսկ արքայական աղբիւրներու պուրակին տարածքը բարեկարգուած էր ու կը ծառայէր իբրեւ մշակութային ձեռնարկներու հարթակ:

Մեր արձագանգը

Տիգրանակերտի արքայական պուրակը խորովածանոցի վերածելով՝ Ազրպէյճանը կը խախտէ մշակութային ժառանգութեան պատմականութիւնը, ամբողջականութիւնը, կը զրկէ ժառանգութեան իր իսկութեան համարժէք գործառոյթով սերունդներուն անխաթար փոխանցուելու հնարաւորութենէն, որ դէմ է ժառանգութեան պահպանութեան միջազգայնօրէն ընդունուած շարք մը սկզբունքներուն, որոնք կը բխին UNESCO-ի «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան» համաձայնագրէն, 1994-ի Ճաբոնի մէջ ընդունուած մշակութային ժառանգութեան իսկութեան վերաբերեալ Նարայի փաստաթուղթէն, ինչպէս նաեւ ԻԿՕՄՕՍ-ի կողմէ 2017-ին Նիւ Տելհիի մէջ ընդունուած փաստաթուղթէն եւ այլ միջազգային կառոյցներու փաստաթուղթերէն:

Բացի այդ, ըստ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954-ի համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին եւ ըստ լրացուցիչ՝ 1999-ի երկրորդ արձանագրութեան 9-րդ յօդուածի գ. կէտին՝ կ՝արգիլուի մշակութային արժէքի որեւէ վերափոխում, ինչպէս նաեւ անոր օգտագործման ձեւի փոփոխութիւնը, որոնք նպատակ ունին թաքցնելու կամ ոչնչացնելու մշակութային, պատմական կամ գիտական վկայութիւնները:

Խաթարելով ժառանգութեան իրական աւանդոյթը՝ Ազրպէյճանը կը խախտէ նաեւ 2001 թ. «Մշակութային բազմազանութեան պաշտպանութեան մասին» եւ 2005 թ. «Մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին» համաձայնագրերու դրոյթները, որոնց անդամ է։ Մշակութային ժառանգութեան գործառոյթի փոփոխման գործողութիւնը կը խախտէ նաեւ UNESCO-ի՝ 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համաձայնագիր»-ի դրոյթները, որուն 11-րդ յօդուածով պետութիւնները պարտաւոր են յարգելու ժառանգութեան ոչ նիւթական արժէքները՝ անկախ անոնց ծագումէն ու գործառոյթէն»։

Ազրպէյճանը Կը Խախտէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պատմականութիւնն ու Ամբողջականութիւնը
Ազրպէյճանը Կը Խախտէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պատմականութիւնն ու Ամբողջականութիւնը

yerakouyn.com/2021/11/12/ազրպէյճանը-կը-խախտէ-արցախի-մշակութայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail