24 Տարի Առաջ Այս Օրը, Ազատագրուած Է Ստեփանակերտի Արուարձան Կրկժանը

artsakh marks grgjan
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Այսօր` Յունուար 20-ին, կը լրանայ Կրկժանի ազատագրման 24-րդ տարեդարձը:

Յունուար 19-ի լոյս 20-ին ղարաբաղեան ստորաբաժանումները ձեռնամուխ  եղած են ռազմական յենակէտի ոչնչացման գործողութեան եւ ընդամէնը հաշուած ժամերու ընթացքին, թշնամին դուրս մղած իրենց գրաւած դիրքէն:

Կրկժանի թաղապետ, ազատամարտիկ Վլատիմիր Մուսայէլեան Artsakhpress.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին նշած է, որ ատրպէյճանցիները թուաքանակով կը գերազանցէին հայ ազատամարտիկներուն:
Artsakh marks
«Այդ հրաշունչ օրերուն մեր տունն ու օճախը  կ’ազատագրէինք ու կը պաշտպանէինք, որովհետեւ, մենք երթալու ուրիշ տեղ չունէինք, իսկ ատրպէյճանցիները, որ էութեամբ գող ու վախկոտ են, ամէն գինով կ’ուզէին տիրանալ մեր հայրէնի հողին: Ազերիները թաղամասին մէջ արդէն հասցուցած էին շուրջ 18 տուն հրդեհել ու թալանել: Այդ տուները մենք յետագային վերանորոգած եւ շէնցուցած ենք»,- ըսած է Վ. Մուսայէլեան եւ ընդգծած,- «Մեր հայրենի օճախները պաշտպանելու նպատակն է, որ մեզի ուժ ու կորով տուած է, մղած անձնազոհութեան»:

Ազատամարտիկի խօսքով` կրկժանցիները մասնակցած են նաեւ այլ մարտական գործողութիւններու, պատահական չէ , որ Արցախեան գոյապայքարի ընթացքին Կրկժան թաղամասը տուած է շուրջ 20 զոհ:

«Կրկժանի ազատագրման 24-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ իրականացած է մեր երազանքը. Թաղամասին մէջ Արցախեան ազատամարտին զոհուածներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող կանգնեցուած է»,- գոհունակութեամբ նշած է Վ. Մուսայէլեան:

Նշենք, որ 1991 թուականին Կրկժանը Ատրպէյճանի կողմէ վերածուած էր կրակակէտի, ուրկէ պարբերաբար կը գնդակոծուէր Ստեփանակերտը: Կրկժանի կրակակէտերու ճնշման գործողութիւնը սկսաւ 1991 թուականի Դեկտեմբեր 26-ին: Արուարձանը ազատագրուեցաւ 1992 թուականի Յունուար 20-ին: Ռազմական մասնագէտները այդ գործողութիւնը կը համարեն ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի ամենամեծ յաջողութիւններէն մէկը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail