Հերքելով Եգիպտոս-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Բանակցութիւններու Լուրերը. «Թուրքիան Կը Խախտէ Եգիպտոսի Կայունութիւնը» Կ՛ըսէ Շուքրի

samih choukryՍամիհ Շուքրի
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շուքրի եգիպտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան մեղադրած է իր երկրի ներքին գործերուն միջամտելուն մէջ` հերքելով այն լուրերը, թէ Եգիպտոս վերականգնած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու բանակցութիւնները:

Շուքրի ըսած է. «Թուրքիան չի հետեւիր այլ երկիրներու ներքին գործերուն չմիջամտելու միջազգային կանոններուն: Թուրքիան մեր ներքին ահաբեկիչներուն հետ համագործակցելու միջոցով Եգիպտոսի կայունութիւնը խախտելուն ուղղուած հաւաքներ կը կատարէ: Այդ հարցին մէջ մենք բազմիցս զգուշացուցած ենք Անգարան, սակայն, այդ երկրին հետ որեւէ բանակցային հոլովոյթ գոյութիւն չունի»:

Ան ըսած է, որ թէեւ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ խնդիրներով հաւաքներուն մէջ հանդիպած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, սակայն իրենք փոխադարձ յարաբերութիւններուն առնչուած հարցեր չեն քննարկած:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail