Հրանդ Տինքի Փրփրացող Արիւնը Եւ «Բարի» Թուրանականին Սարսափը

LOUSAVOR AVEDIS 2
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հրանդ Տինքի ոճիրը, իր նմաններէն շատերու օրինակով
էրկէնէքոնէն ալ անդին է, աւելի խորունկ կառոյցի մը
ծրագիրով գործուած է…
Ֆեթհիյէ Չեթին
(Իրաւաբան, մարդկային իրաւանց պաշտպան
եւ թուրք յայտնի գրող)
19 յունուար 2007:

Ազնուասիրտ հայու եւ քաջարի հրապարագիրի նահատակութեան թուականն է: Արդի հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած յուշ  մը, ժամանակակից Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը բացայայտող սեւ արարք մը, մեր օրերու քաղաքակիրթ մարդկութեան ճակատին խարան մը, նորօրեայ ոճիր ու սպանդ մը ինքնին, որովհետեւ հայաշունչ Հրանդ Տինքի գլխուն արձակուած փանփուշտը ուղղուած էր նաեւ ամբողջ հայութեան սրտին ու կամքին, այլապէս ալ` պահանջատիրական ոգիին:

Փաստօրէն թուրք քաղաքացիութեամբ հպարտ Հրանդ Տինքի աշխարհահայեացքին դէմ թրքավարի ու բարբարոսի վերաբերումը յաւելեալ ապացոյց մըն է այն իրականութեան, թէ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին երկու տիպի քաղաքացիներ. էութեամբ ոճրամիտ ծինային յատկութեամբ օժտեալներ եւ տուեալ հողին վրայ ապրող «խառնածին» թուրքեր, որոնք հաւանաբար դարեր շարունակ ապրելով այդ հողատարածքին վրայ ժառանգած են թուրք քաղաքացիական յատկութիւններ, առանց միախառնուելու թրքութեան եւ անոր զազրելի էութեան հետ:

Այլ ըսած, Թուրքիոյ հողին վրայ հասակ են առած երկու տեսակի մարդկային տեսակի ծիլեր, մէկը` շառաւիղն ու ամբողջական յետնորդը թուրք ցեղապաշտ, այլամերժ եւ մարդատեաց մտայնութեան, միւսը` դարաւոր ստրկութեան մէջ ապրած բազմաթիւ ազգութիւններու ժառանգ ու յետնորդ սերունդներու, որոնք թէեւ կը նոյնանան արդի քաղաքացիի ըմբռնումներով, սակայն կը տարբերին թուրանական իրենց ծինային յատկութիւններու գոյառումով:

Պիտի ուզենք ըսել եւ բարձրագոռ, թէ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին  թուրանականներ եւ թուրք քաղաքացիի (պարտադրաբար) պատմուճան հանդերձած հաւաքականութիւններ (քիւրտ, ասորի, արաբ, ալեուի, զազա եւ այլք), որոնք համեմատական թիւով կը գոյատեւեն իբրեւ թուրք քաղաքացիներ եւ կը շարունակեն իրենց նպաստը բերել արդի Թուրքիոյ զարգացման եւ յառաջդիմութեան:

Արդ, գաղտնիք մը չէ, որ թրքութիւնը կը շարունակէ իր հայաջինջ ծրագիրներու որոճացումը: Սակայն թաքուն եւ «ստորերկրեայ» կը մնան ցեղասպանի այն բոլոր սադայել մտածումները, որոնք կրնան դժոխքի վերածել հայութեան կեանքն ու հայրենիքը, եթէ երբեք նման պատեհ առիթներ իրենց «ընծայուին»: Ըսուածին լաւագոյն եւ վաւերական ապացոյցը` Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական կացութիւնն է, որով կլանուած է թուրանական ոճրամիտ ու վայրագ միտքը, եւ որուն շօշափելի արտայայտութիւնները մենք կը տեսնենք Սուրիոյ տարածքին արձանագրուած համայնաքանդ պատերազմով:
Յայտնապէս, քաղաքական մտքի իրապաշտութեամբ մը հարկ է ընդգծել, որ համաշխարհային ահ ու սարսափի, սպանդի եւ քանդումի տարածման իր վարքագիծով ծանօթ թրքութիւնը (իր խորունկ պետական կառոյցով), ինքն է, որ սպաննեց հայազգի խիզախ լրագրողն ու մտաւորականը, որ կը ջանար ամէն քայլափոխի եղբայրութիւն քարոզել եւ մերձեցման գաղափարներ սերմանել նախ` նոյնինքն թուրք ժողովուրդին միջեւ եւ ապա` հայութեան հետ:

Եւ այս հասկացողութեամբ պէտք է ընդունիլ իրականութիւն մը անսեթեւեթ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրողն ու գործադրողը, ազգ մը ամբողջ տեղահանողն ու անապատներ քշողը, Արեւմտահայաստանը բռնագրաւողն ու մարդկութեան դէմ գործած ոճիրի ուրացողը նոյն թուրանական ցեղն է, որ կը շարունակէ իր աւերները գործել` վասն բարբարոս ու սեւ երազներու իրականցաման:

Արդ, պիտի ներեն մեզի բոլոր անոնք, որոնք ամէն քայլափոխի կը նկրտին եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն թրքութիւնը ներկայացնելու իբրեւ «նոր» թուրքի դիմագիծ ունեցող հասարակութիւն, այլապէս ալ «բարի» վարուց վկայագիր մը տալու խորամանկութեամբ տարուած, կ՛ուզեն «համոզիչ» ձեւով մեզի կլլեցնել տալ գազանաբարոյ թուրքին «նոր» դիմագիծը:
Սա մեր կողմէ յերիւրանք չէ մարդու տեսակին հանդէպ, ո՛չ ալ ցեղապաշտ եւ այլամերժ մօտեցում ժողովուրդներու նկատմամբ, այլ անիկա փաստարկուած ճշմարտութիւն մըն է, հեռու զգացական եւ յուզական մտմտուքներէ ու ցանկութիւններէ: Այս առումով, հայութիւնը լաւ գիտէ, որ ցեղապաշտ թուրանականն ու Թուրքիոյ քաղաքացին նոյն կերպարները չեն, ոչ ալ կը կրեն միեւնոյն որակական յատկութիւնները: Անոնք կը տարբերին իրարմէ իրենց անցեալով ու ներկայով, կազմաւորումով եւ ապագայակերտի բարեմասնութիւններով:

Թէ ինչո՛ւ կը շեշտենք նման հասկացողութիւն, պարզապէս կրկին անգամ յիշեցնելու, թէ Թուրքիոյ տարածքին թէ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ ապրող թուրք քաղաքացիներու նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել համապատասխան վերաբերում եւ որդեգրել հայանպաստ քաղաքական վարքագիծեր, աշխատիլ ու պատրաստուիլ ապագայ ռազմավարութիւններու կենսագործման:

Արդարեւ, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատաիրաւական ամբողջ հոլովոյթին հետեւող համեստ ընթերցողն անգամ նկատած է, եւ կը շարունակէ  անդրադառնալ, թէ ամէն անգամ որ դատական գործընթացին մէջ ի յայտ կու գան նորովի տուեալներ եւ առարկայական փաստեր, յանցաւորներու բացայայտման թէ ոճիրի թղթածրարին հետ առնչութիւն ունեցողներու, նոյնիսկ Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ հաստատուած վկայութեամբ մը, արդէն թաքուն ուժերու եւ կամ «խորունկ պետական կառոյցի» մարդոց միջամտութիւնը ի զօրու կը դառնայ դատական համակարգի բարձրագոյն ոլորտներու շրջանակներէ ներս, առանց դոյզն սահմանափակումի եւ արգելքի:

Այլ խօսքով, Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններու եւ ոչ- թուրանական ծագում ունեցող դատախազներու դատաիրաւական լուրջ ապացոյցներն ու ձեռքբերումները, ըստ երեւոյթին,  կը բախին նոյն ոճրամիտ ու թաքուն «կառոյց»-ի բուռն հակազդեցութիւններուն, պարզապէս շեղելու համար ամբողջ թղթածրարի ընթացքը:

Այլապէս ինչպէս ըմբռնել, մէկ ամսուան ընթացքին, ընդհանուր դատախազութեան պատրաստած մեղադրանքի մը հրապարակումէն  (17.12.2015) ետք, արդէն 13.1.2016-ին, տուեալ գործին մէջ հետաքննիչ դատախազի մը տեղափոխումը այլ պաշտօնի:
Ըսել ուզուածը այն, թէ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին թուրք բարեմիտ ու արդարադատ քաղաքացիներ, նոյնիսկ պետական բարձր պաշտօններ նուաճած, որոնք կը փորձեն բարելաւել արդի Թուրքիոյ դիմագիծը յաչս աշխարհին (եւ որմէ կ՛ուզէ օգտուիլ ցեղապաշտ թուրքը), սակայն հարկ է ընդմիշտ հաստատել, թէ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն գործել ու գոյատեւել ցեղապաշտ թուրանականներ, որոնք կը վարեն պետական բարձր պաշտօններ եւ կը տնօրինեն «խորունկ կառոյցի» մը սադայելամիտ ծրագիրները:

Ահա թէ ինչո՛ւ, հայութիւնը իր պետականութեամբ պարտաւոր է տիրութիւն ընել Հրանդ Տինքեան դատաիրաւական թղթածրարին եւ սարսափի մէջ պահել «բարի» ու «մարդասէր» թուրանականները:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail