Թուրքիան Առաջին Երկիրն Էր, որ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՝ 1918 Թուականին

armenian-genocide SASSOUNIAN
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Հայոց Ցեղասպանութիւնը հազուադէպ կը քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, եւ աւելի հազուադէպ են անոր ճանաչմանն ուղղուած յայտարարութիւնները:

2016 Յունուար 14-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ վերջերս ընտրուած երեք հայ պատգամաւորներէն երկուքը իրենց խորհրդարանական ելոյթներուն մէջ համարձակեցան բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քեմալիստական «Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութեան» (CHP) ներկայացուցիչ Սելինա Տողանը խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Քանի որ այս հարցը կը վերաբերի ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ, հետեւաբար անիկա պէտք է բարձրացնել Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, եւ ոչ թէ այլ խորհրդարաններու:

Հակառակ պարագային, ամէն տարի Ապրիլ 24-ին, մենք պիտի շարունակենք արդէն սովորական դարձած յայտարարութիւններ ընել եւ պիտի շտապենք մեր մտքէն հանել այս թեման: Ես համոզուած եմ, որ մեզմէ ոչ մէկը շահագրգռուած է ատով: Պիտի ուզէի ձեզ յիշեցնել, որ 2015-ին Էրզրումի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ Թուրքիոյ վարչապետը յստակ յայտարարեց, որ տեղահանութիւնը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ»:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ քրտամէտ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող Կարօ Փայլանը, որ նոյնպէս խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. «Հարիւր տարի առաջ պետական որոշումով հայ ժողովուրդը արմատախիլ եղաւ եւ բնաջնջուեցաւ: Իմ ընտանիքը` մեծ հայրս եւ անոր ընտանիքը, նոյնպէս տուժեց այս իրադարձութիւններէն: Մեծ հայրս որբացաւ` կորսնցնելով ծնողները: Ես որբերու եւ սուրի մնացորդներու սերունդէն եմ եւ կ՝ապրիմ այս երկրին մէջ: Իմ ցեղը ջարդուած է»:

Փայլանի ելոյթին ժամանակ խորհրդարանի որոշ պատգամաւորներ բղաւելով իրենց դժգոհութիւնը կ՝արտայայտէին:  Ծայրայեղ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) անդամ Պաքի Շիմշեքը նախազգուշացուց. «Մենք Թուրքիոյ Ազգային ժողովի մէջ ենք: Ո՛չ ոք կրնայ ըսել, որ ցեղասպանութիւն եղած է: Այդպիսի անկրթութիւնը անընդունելի է»:

Հակառակ անոր, որ ասիկա անսովոր քննարկում էր, սակայն առաջին անգամ չէր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հաստատող յայտարարութիւններ կը հնչէին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:  2014-ի Նոյեմբերին, HDP կուսակցութեան անդամ Սեպահաթ Թունճելը առաջարկեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծ մը: Թունճել կոչ ըրաւ նախագահ Էրտողանին խորհրդարան գալու` Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւնները ճանչնալու եւ ներողութիւն խնդրելու համար: Ըստ օրինագիծին` Էրտողանը պէտք է հրապարակաւ կրկնէր իր ներողութիւնը զանգուածային ոճրագործութիւններու վայրերէն մէկուն մէջ, եւ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս հռչակէր իբրեւ սուգի օր: Բացի այդ, խորհրդարանը պէտք է ձեւաւորէր Ճշմարտութիւն յանձնաժողով եւ բանար պետական արխիւներուն մէջ պահուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կ՝առնչուէին այս զանգուածային ոճրագործութիւններուն: Վերջապէս, օրինագիծը կ՝առաջարկէր բարոյական եւ նիւթական փոխհատուցում տալ զոհերու ժառանգներուն: Զարմանալի չէ, որ Թունճելի օրինագիծը շատ արագ պահուեցաւ, որպէսզի այլեւս երբեք լոյս աշխարհ չգայ…

Ինչպէս յայտնած էի աւելի քան մէկ տարի առաջ, Թունճելի առաջարկը առաջին անգամ չէր, որ բանաձեւ կը ներկայացուէր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: 1918-ի Նոյեմբեր 4-ին նորակազմ Օսմանեան թրքական խորհրդարանը հանգամանօրէն քննարկեց երիտթուրքական կառավարութեան կողմէն իրականացած ոճրագործութիւնները, որմէ յետոյ առաջարկ ներկայացուեցաւ, ուր կ՝ըսուէր. «Մէկ միլիոն մարդ, ներառեալ նոյնիսկ կանայք եւ փոքրիկներ, որոնք այլ մեղք չունէին, բացի հայ ազգին պատկանիլը, կոտորուեցան եւ բնաջնջուեցան»: Ի պատասխան, ներքին գործոց նախարար Ալի Ֆեթհի Օքեարը յայտարարեց. «Կառավարութիւնը մտադիր է շտկել մինչեւ հիմա տեղի ունեցած իւրաքանչիւր անարդարութիւն, եւ ինչքան միջոցները թոյլ տան, հնարաւոր դարձնել աքսորուածներուն վերադարձը իրենց տուները, եւ ինչքան  հնարաւոր է փոխհատուցել անոնց կրած նիւթական վնասները»:

Այս առաջարկին իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ պատգամաւորական քննչական յանձնաժողով` հաւաքելու համար բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որոնք կը  նկարագրէին այն անձերուն գործողութիւնները, որոնք պատասխանատու էին այն ժամանակուան բնութագրումով «հայկական տեղահանութիւններ եւ կոտորածներ» կազմակերպելուն համար: Ապացոյցները փոխանցուեցան Թուրքիոյ ռազմական դատարան եւ մեղաւոր ճանչցուած անձերը կախեցին կամ դատապարտեցին երկարատեւ ազատազրկման:

Ի լրումն այս պատգամաւորական առաջարկին` մենք պէտք է յիշենք նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Քեմալ Աթաթուրքի խօսքերը, որոնք «Լոս Անճելըս էքզամիներ» թերթը մէջբերած էր 1926-ի Օգոստոս 1-ին. «Նախկին Երիտթուրքերու կուսակցութեան այս վիժուածքները պէտք է պատասխան տան մեր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակներու կեանքին համար, որոնց զանգուածաբար դաժանօրէն քշեցին իրենց տուներէն եւ կոտորեցին»:

1918-ի պատգամաւորական առաջարկը, թրքական ռազմական դատարններու դատավճիռները եւ նախագահ Քեմալ Աթաթուրքի մեղադրական խօսքերը բաւարար են Թուրքիան համարելու առաջին երկիրը, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը…
Հետեւաբար, Թուրքիոյ կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետամուտ ըլլալու փոխարէն, հայերը պէտք է հատուցում պահանջէն իրենց բոլոր կորուստներուն համար, ինչպէս 98 տարի առաջ խոստացած էր ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի Օքեարը…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail