«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կրնայ Քննարկել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ստեղծուած Կացութիւնը» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ֆրանսայի Դեսպանը
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ տակաւին հանդիպում չէ նախատեսած, սակայն Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կրնան այդ հարցը քննարկել: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, այս մասին լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Նիքոլա տը Ռիվիեր:
«Օրակարգի վրայ ոչինչ կայ: Սակայն տեսնենք: Մենք ատիկա կրնանք քննարկել», ըսած է ան:
aztagdaily.com/archives/529420