Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերսկսելու Չլուծուած Հարցերու Համապարփակ Լուծման Համար Բանակցութիւնները

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերսկսելու Չլուծուած Հարցերու Համապարփակ Լուծման Համար Բանակցութիւնները

18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ կացութեան լարուածութեան նկատմամբ եւ կողմերուն կոչ ուղղած է` վերսկսելու չլուծուած հարցերու համապարփակ լուծման համար բանակցութիւններուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին կը նշուի միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան յայտարարութեան մէջ:

«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` վերսկսելու բանակցութիւններուն չլուծուած խնդիրներու համապարփակ լուծման հասնելու համար, ներառեալ` սահմանազատման հարցին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը ընդգծած է նաեւ իր յանձնառութիւնը «լարուածութեան յաղթահարման համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ աշխատելուն» եւ աջակցութիւն յայտնած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` 15 նոյեմբերի յայտարարութեան:

«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորելու, ետ քաշելու զինուորական ուժերը եւ կատարելու իրենց ստանձնած պարտականութիւնները», կ՛ընդգծուի Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ:

www.aztagdaily.com/archives/529549

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail