Չաւուշօղլու. «Եթէ Հայաստանը Պատրաստ Է, Ապա Թուրքիան Եւս Պատրաստ Է»
18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում –
Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ Հայաստանի քայլերը կը նկատէ «ահաբեկչական յարձակում» եւ կը խոստանայ ստեղծուած վիճակին մէջ մինակ չձգել Ազրպէյճանը: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղած է` միացեալ քայլերու ձեռնարկելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար. «եթէ Հայաստանը պատրաստ է, ապա Թուրքիան եւս պատրաստ է: Երեւանի համար սադրանքները ձախողութիւններ պիտի ըլլան»:
Չաւուշօղլուի համաձայն, Անգարան կը զօրակցի շրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան եւ համագործակցութեան նոր էջի բացման:
«Երեւանը պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ ճանչնայ, որ անոնք Ազրպէյճանի տարածքներն են, որոնք ապօրինի կերպով բռնագրաւուած են Հայաստանի կողմէ», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
www.aztagdaily.com/archives/529562