Վրաստան Չի Փափաքիր Մասնակցիլ 3+3 Նախաձեռնութեան – Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի

Georgia’s Foreign Minister Davit Zalkalani

Վրաստան Չի Փափաքիր Մասնակցիլ 3+3 Նախաձեռնութեան – Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի

19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաստան չի փափաքիր մասնակցիլ 3+3 ձեւաչափի նախաձեռնութեան, 19 Նոյեմբերին յայտարարեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի` ելոյթ ունենալով երկրի խորհրդարանին մէջ:

«Ես այդ մասին յայտնած եմ նաեւ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութիւններուս ընթացքին», աւելցուց ան:

Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ առաջադրուած 3+3 նախաձեռնութեան նպատակն է՝ ի մի բերել Կովկասի երեք հանրապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան, լուծելու համար շրջանային հարցերը։

abarez.am/407996/վրաստան-չի-փափաքիր-մասնակցիլ-33-նախաձեռ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail