Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը` Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին առիթով
19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ» խորագիրով հատորը, 16-րդն է կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչան հիմնադրամ»-ի շարքին:
Բովանդակութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ գիտական աշխատասիրութիւն` նկատի ունենալով օգտագործուած աղբիւրներու հարուստ ցանկը, յատկապէս` արխիւային եւ փաստաթղթային բաժինը բնականաբար այդ ցանկին ներառուած են տպագիր յուշագրութիւններ, ժամանակակիցներու վկայութիւններ եւ հրապարակումներ, ինչպէս նաեւ` հայալեզու եւ օտարալեզու տարբեր բնոյթի հրատարկութիւններ, յօդուածներ:Այս բոլորը համալրած են սփիւռքահայ պարբերական մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Աղբիւրները կը նկատուին համակողմանի, ինչ որ բովանդակութեան կ՛ապահովէ յաւելեալ առարկայականութիւն` ոչ միայն գիտականութեան չափանիշները պահպանելու` այլ նաեւ, փաստացի իրողութիւնները լոյսին բերելու նախանձախնդրութիւնը առաջադրելով:
Առաջին հայեացքով եւ բնական մղումով հատորին խորագիրը կ՛ուրուագծէ կարեւոր հարցադրումը: Ուսումնասիրութեան նկատի ունեցած ժամանակահատուածը 1920-1930 տասնամեակն է: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումի եւ Խորհրդային Հայաստանի հաստատման անմիջականութիւնը բնականաբար գաղափարական սուր պայքարի առաջին թարմ փուլն է: Կողմերու մեկնաբանութիւնները հակոտնեայ են, փոխմեղադրանքները` սուր եւ այդ բոլորին մէջ իրադարձութիւններուն գնահատական տալը` այս պատճառներով բաւական բարդ:
Ահա այստեղ է, որ աշխատած է Ստեփանեանի պատմական իրադարձութիւններուն տրուող քաղաքական գնահատականի վերլուծողական ոսպնեակը: Օգնութեան հասած են արխիւային եւ փաստաթղթային նիւթերը, որոնք յուշագրական գրականութեան առումով զտիչի դեր ունեցած են որոշակի առումով: Այստեղ կայ հիմնական այլ դժուար լուծելի խնդիր: Ընտրուած ժամանակահատուածի արխիւներն ու փաստաթուղթերը Խորհրդային Հայաստանի պետական նիւթերուն մաս են ընդհանրապէս եւ, հետեւաբար, պարզ է նաեւ այդ նիւթերուն ընդհանուր ուղղուածութիւնը:
Հոս եւս Խաչատուր Ստեփանեան որդեգրած է դէպի առարկայականութիւն առաջնորդող գիտական ուղի: Համեմատական մեթոտաբանութիւնը արխիւային ու փաստաթղթային նիւթերուն եւ յուշագրական գրականութեան ու մամուլի հրապարակումներուն միջեւ ընթերցողի դատին կը յանձնէ բուն եղելութիւնը, այդ եղելութեան հետեւանքներուն բացասական եւ ժխտական կողմերը:
Այս օրերուն հատորին ընթերցումը չի կրնար այժմէական առանցքներ չգծել ընթերցողի մտապատկերին մէջ:
«Զանգեզուրի խորհրդայնացումը սփիւռքահայ գործիչների գնահատմամբ» ենթախորագրին տակ Ստեփանեան կը գրէ. «Յայտնի է, որ Ազրպէյճանի պոլշեւիկ ղեկավարները շարունակում էին մուսաւաթականների վարած քաղաքականութիւնը Զանգեզուրի նկատմամբ: Փանթուրքիզմի ծրագրերն իրականցնելու համար նրանք ցանկանում էին տիրանալ Զանգեզուրին, Արցախին եւ Նախիջեւանին: Գարեգին Նժդեհը նոյնպէս անդրադառնում է այս խնդրին` գրելով, որ Խորհրդային Ազրպէյճանի յեղկոմի նախագահ Նարիմանովը փորձում էր իրականացնել մուսաւաթականների ծրագիրը: Նա պատահական չի համարում, որ իր յաջողութիւններն ամէնից շատ նեարդայնացնում էին Նարիմանովին, որ ապրում էր Զանգեզուրը Ազրպէյճանին կցելու յոյսով»:
Այժմէական զուգահեռը միանգամայն կը հասնի այս օրերուն առաջ մղուող «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին, որ փաստօրէն արդէն իբրեւ նոր կէտ մաս կը կազմէ Անգարայի վերափոխուած նախապայմաններուն: Ստեփանեան այս հատուածը ներառելով` կը խօսի այդ օրերուն սփիւռքի մամուլին մէջ իբրեւ համաթրքական ծրագիրի իրականացման կարեւոր միջոց Զանգեզուրի գործօնին մասին: Նոյնն է ծրագիրը այսօր եւս: Ապաշրջափակումը իւրովի կ՛ընկալուի թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի կողմէ, որոնք միջանցքի գաղափարը առաջ մղելով` կ՛առաջադրեն կառուցել համաթուրանական, համաթրքական կամուրջը Հայաստանի վրայով:
Համաթուրանական յառաջախաղացքը կասեցուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտող մայիսեան հերոսամարտերուն. այդ կամուրջի կառուցման երկրորդ փորձը կասեցուեցաւ Լեռնահայաստանի գոյամարտով: Հիմա, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, վերստին ծրագիրը կ՛արծարծուի այս անգամ նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտով: Տարածաշրջանի ապաշրջափակման համաձայնութեան տակ, ըստ էութեան, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը փորձեն իրականացնել դարաւոր ծրագիրը` Նախիջեւանն ու Ազրպէյճանը ցամաքով կամրջելու:
Քաղաքական այսօրուան շահարկումները հակափաստարկելու առումով նոյնքան այժմէական կը հնչեն հետեւեալ տողերը. «Խորհրդահայ պատմագրութիւնը Երեւանի համաձայնագիրը որակել է որպէս դաշնակցական կառավարութեան կապիտուլացիա (Անձնատուութիւն, Ա.): Իսկ յետխորհրդային շրջանում կարեւորում է համաձայնգրի նշանակութիւնն արտաքին քաղաքական տեսակէտից , քանի որ դեկտեմբերի 2-ի համաձայնագրով Խորհրդային Ռուսաստանը եւ Հայաստանը դառնում էին դաշնակիցներ»:
Այստեղ երկրորդական է խորհրդային պատմագրութեան կամ քաղաքական մտքի տուած մեկնաբանութիւններուն հակասութիւնը:
Եթէ զուգահեռ տեսնենք նոյնիսկ այդ օրերու քեմալական Թուրքիոյ եւ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ միջեւ կայացած համաձայնական պայմաններուն եւ այսօրուան Փութին-Էրտողան մարտավարական մերձեցումներուն միջեւ, ապա կապիտուլացիա կամ յանձնուողական եզրի օգտագործումը որեւէ ձեւով տեղին չէ, ինչպէս կը հիմնաւորէ Ստեփանեան իր հետագայ փաստարկներուն մէջ:
Թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ տուայտող հայրենիքի ղեկավարութիւնը գիտցաւ իշխանութիւնը խաղաղ ճանապարհով պոլշեւիկներուն յանձնել` առանց մարդկային հազարաւոր կորուստներու, առանց նոր տարածքներ յանձնելու: Աւելի՛ն. տեղի չունեցան սահմանային ոտնձգութիւններ եւ անարգել գերեվարումներ կամ հակառակորդի զինուորական նոր դիրքաւորումներ: Պատերազմը կանխելու ու հայրենիքը փրկելու եւ նոր զոհեր չունենալու քաղաքական դիրքորոշումն էր, որ ցուցաբերեց հայրենի ղեկավարութիւնը այդ օրերուն:
Եւ որքան ալ,ինչպէս կը հաստատէ Խաչատուր Ստեփանեան, որ այս խաղաղ յանձնումի փաստը տարբեր գնահատականներու արժանացաւ սփիւռքահայ հասարակական քաղաքական մտքին կողմէ, այնուամենայնիւ,փաստը կը մնայ փաստ, որ հայրենիքը փրկուեցաւ. փրկուեցա՛ւ նոյնինքն պետականութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտողներուն կողմէ:
Ի տարբերութիւն այսօրուան յանձնուողականութեան, որ դաշնակիցի նկատմամբ գրգռիչ ելոյթներով, Արցախը Հայաստան է եւ վերջ յայտարարութեամբ բանակցային գործընթացի ելքերը փակելով, բանակը հեղինակազրկելով` պատրաստեց ենթահողը արդէն իսկ ծրագրուած պատերազմին:
Շարունակենք զուգահեռները` միշտ նկատի ունենալով քաղաքական շահարկումները, որոնք դէպի անցեալ ապակողմնորոշող ելոյթներով կը յատկանշուին նոյնիսկ Ազգային ժողովին մէջ:
Այս օրերուն շատ կը մէջբերուի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը` լուսարձակի տակ բերելու համար այն թեզը, որ օրուան իշխանութիւնը Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը ստորագրելով` զիջեցաւ հայրենի տարածքին գրեթէ կէսը:
Ստեփանեան կը յիշեցնէ, որ հայ պաշտօնական պատմագրութիւնը կը գտնէ, որ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը անօրինական էր, միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն որեւէ նշանակութիւն չունէր, քանի որ պայմանագիրը ստորագրած էր մինչ այդ դեկտեմբեր 2-ի Երեւանի համաձայնագրով հրաժարական տուած եւ իշխանութիւնը փոխանցած կառավարութեան պատուիրակութիւնը: Տակաւին. նոր կառավարութիւնը կը մերժէր նախորդ իշխանութեան պարտաւորութիւնները ստանձնել:
Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրին անօրինական ըլլալը միայն հայ քաղաքական կողմէն չէր: Փաստօրէն նոյն Թուրքիան Մոսկուայի եւ հետագային Կարսի պայմանագիրներով ուզեց ստորագրել փաստաթուղթ ինչպէս անդրկովկասեան միւս հանրապետութիւններուն, նաե՛ւ` Հայաստանի հետ տարածքներու եւ սահմաններու փոխճանաչողականութիւնը ամրագրող:
Շարունակենք դիտարկել խնդրին այժմէականութիւնը եւ նշենք, որ թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ Կարսի պայմանագիրները ունին բազմաթիւ հակասող դրոյթներ` միջազգային օրէնքին համեմատ, որոնք կրնան անվաւեր հռչակել երկու համաձայնագիրները եւս:
Ալեքսանդրապոլի անօրինականութեան համոզուելով` Թուրքիան պէտք զգացած է Մոսկուային ու Կարսին եւ նոյն հետեւողութեամբ հիմա անհրաժեշտութիւնը կը զգայ նախապայմաններով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու: Այդ նախապայմաններէն գլխաւորը Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն է: Փաստօրէն չեն բաւարարուած նաեւ Մոսկուայով ու Կարսով. չէին բաւարարուած նաեւ ցիւրիխեան նախաստորագրութիւններու օրերուն, երբ ամէն գնով կ՛ուզէին այդ իրաւադրոյթը եւս ներառել տխրահռչակ արձանագրութիւններուն մէջ:
Այս դիտարկումները հրամայական ունին իրենց մէջ: Չընդառաջել Անգարայի վերափոխուած նախապայմաններուն, վտանգ տեսնել միջանցքին, պարտադրուող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն, թէ 3+3 ձեւաչափով առաջադրուող անվտանգային հարթակին մէջ. վտանգ` երկկողմ պայմանաւորուածութիւններով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու այսօրուան սահմանները ճանչնալով մեր պատմական իրաւունքներէն զիջելու:
Շարունակենք նկատել հատորին մէջ տեսանելի այժմէական զուգահեռները:
Խաչատուր Ստեփանեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ Անդրդաշնութեան եւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ Հայաստանի կարգավիճակի մասին Համօ Օհանջանեանի տեսակէտը:Օհանջանեան հարցականի տակ կ՛առնէ հայրենիքին մէջ տիրող ազատութիւնն ու անկախութիւնը: «Ունի՞նք մենք ազատ կեանք եւ անկախութիւն, որով միայն կրնան ապահովուիլ մեր բովանդակ գոյութիւնը` ֆիզիքական թէ բարոյական: Բառով, խօսքով, այո՛: Քանի որ Հայաստան մէկ անդամը կը կազմէ Կովկասի Խորհրդային Համադաշնակցութեան. ճիշդ է ասիկա արտաքնապէս, ըստ երեւոյթին, բայց չխաբենք մեզ: Գիտենք, թէ իրականին մէջ Հայաստանը անկախ չէ եւ հայկական անկախութիւնը գոյութիւն չունի ներկայ պայմաններուն մէջ»:
Այսօր սուր կերպով նոյն հարցը կը դրուի անկախ Հայաստանի կարգավիճակին մասին: Կը դրուի մեր ինքնիշխանութեան, գերիշխանութեան խնդիրը, յատկապէս` 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Մինչեւ պատերազմը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէր պահել Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալու հանգամանքը: Պատերազմէն ետք բազմաթիւ սահմանային միջադէպեր փոխանցեցին այն համոզումը, որ մեր զինեալ ուժերը չեն վերահսկեր նոյնիսկ Հայաստանի սահմաններու անվտանգային իրավիճակը: Գերիշխանութիւնը ամէն բանէ առաջ սահմաններու անսասանութիւն եւ անխորտակելիութիւն կ՛ենթադրէ: Պարզ է նաեւ, որ այսօր, ներկայ պայմաններուն մէջ ո՛չ միջանցքը, ո՛չ ապաշրջափակումը, ոչ սահմանագծումն ու սահմանազատումը կամ ալ աշխարհաքաղաքական նոր հարթակները հայկական օրակարգեր են. մեր փոխարէն` կը բանակցին ուրիշներ: Կարծէք` Օհանջանեան ներկայ պայմանները կը բնութագրէ, երբ հարցականի տակ կ՛առնէ մեր անկախութիւնը:
Եւ վերջապէս, մեզի համար` ամենաայժմէական զուգահեռը: Առաջին անկախ հանրապետութիւնը կերտող եւ սփիւռքացած հայ քաղաքական մտքի ներկայացուցիչներու արժեւորումները հատորի բովանդակութեան ներառուած են իրենց մտածումներով` յուշագրութիւններով ու վերլուծումներով հայրենիքի խորհրդայնացման առաջին տասնամեակի վերաբերող իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Անոնք ոչ միայն սփիւռքահայ, այլ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման ամենամեծ նպաստը բերած մարդիկն են: Ստեփանեան իրաւամբ կ՛արձանագրէ, որ սփիւռքահայ հասարակական քաղաքական միտքը, ի տարբերութիւն խորհրդահայ մամուլի պատմագիտութեան եւ հասարակական քաղաքական շրջանակներու, անհամեմատ մեծ ազատութիւն ունեցած է Հայաստանի խորհրդայնացումը գնահատելու:
Մենք քիչ առաջ խօսեցանք շուրջ հարիւր տարուան ժամանակահատուածի տարբերութեամբ իրադարձութիւններու մասին եւ զուգահեռներ փորձեցինք գծել ներհայկական պայմաններու եւ համանման աշխարհաքաղաքական գործընթացներու միջեւ:
Եթէ Ա. Հանրապետութեան իշխանաւորները ազգային քաղաքական հմտութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցան ամենաթէժ պայմաններուն մէջ անարիւն ելքեր ապահովելու, այս առումով, այսօրուան իշխանութիւնը չյաջողեցաւ իւրացնել պատմական կարեւոր այդ դասերը:
Արձանագրենք նաեւ, որ այսօր սփիւռքի մէջ եւս չկան ճակատագրական իրադարձութիւններու ճիշդ քաղաքական գնահատական տուող եւ քաղաքական մտածողութիւն ձեւաւորող նախորդ վերլուծական մտքի ժառանգորդները:
Այս ոլորտին մէջ տարբեր պատճառներով չէ աշխատած սերնդափոխութիւնը: Խաչատուր Ստեփանեան նշած է սփիւռքահայ մամուլի շուրջ 50 ներկայացուցիչ, որոնց էջերուն մէջ արտացոլուած է սփիւռքահայ քաղաքական միտքը: Փակուող թերթերուն հետ անհետացած են նաեւ քաղաքական քննական միտք ստեղծող անունները:
Խաչատուր Ստեփանեան շնորհակալ աշխատանք տարած է կարեւոր այս ժամանակահատուածին ուղղութեամբ, սփիւռքահայ քաղաքական մտածողական դաշտը ներկայացնելու, քաղաքականացուած մօտեցումները ընդգծելու եւ զանոնք արխիւային-սկզբնաղբիւրային նիւթերու ձեռք զարնելով` այդ բոլորէն իրողութիւնն ու առարկայականութիւնը քաղելու:
Անոր ընդգծումները ուսանելի շատ դասեր ունին այսօրուան քաղաքական կեանքը ստանձնողներուն համար. բայց նաեւ մեզի` այդ գործընթացներուն քաղաքական ընթերցումները կատարելու, ճիշդ եզրակացութիւններու յանգելու եւ հայ քաղաքական մտքի նոր արտադրութիւններ ապահովելու աշխատանքին լծուելու:
Հայ քաղաքական մտքի բացած ակօսներէն պէտք է քալեն պետական քաղաքականութիւն մշակողներն ու կիրարկողները` ազգային-քաղաքական ճիշդ վարքագիծ իրականցնելու համար:
Նման վարքագիծ վարելու համար Խաչատուր Ստեփանեանի աշխատասիրութիւնը կարեւոր ուղեցոյց է անպայման:
* Արտասանուած խօսք՝ գիրքի գինեձօնին
www.aztagdaily.com/archives/529623