
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Պոսթընի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» շաբաթաթերթի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
Պոլսոյ զբօսաշրջիկին համար աննկատելի չէ այս «Թըրքիշ Կրաֆիթի»ն…: Իսկ լուսանկարիչի ոսպնեակի ետին՝ ձիւնածածկ սիւներուն տակ, պատահմամբ ցցուող այս գրութիւնը իր խոր իմաստը ունի:
Շատ պիտի գրուի այս երկու բառին՝ «Ազափ Էրմենիէ», այսինքն տանջուած ու ստրուկ հային մասին:
Սակայն, նոյնինքն այդ «կրաֆիթի»ին գրչի ետին գտնուող անձը, կամ խմբակը ստրկացած մտայնութեան տէր հիւանդներ են: …Լուրջ հիւանդներ, որոնք իրենց իսկ սահմանափակ եւ ստրկամիտ մտայնութեան զոհն են:
Այդ ցեղապաշտ գրութիւնը արձանագրուած է Յունուար 19-ին, որ …հասկցողին շատ բարեւ՝ Հրանդ Տինքի մահուան 9-րդ տարելիցին առթիւ կատարուած է եւ այդ ալ Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող «Գալֆայեան» հայկական դպրոցի ցանկապատին վրայ:
Թէեւ տանջուած ենք, սակայն երբեք ստրուկ չե’նք…: Եւ այդ մէկը քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ տարածքին բնակող ու շնջող ոեւէ էակ:
Ստրուկ չէ՛ Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած ոեւէ փոքրամասնութիւն, ըլլա՛յ հայ, քիւրտ, ասորի, ալեւի, յոյն, թիւրքմէն…:
Դեռ քանի մը օր առաջ, ծագումով հայ երեսփոխաններ, ամենայն յանդգնութեամբ արծարծած էին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս:
Անոնք հպարտօրէն շեշտեցին, թէ իրենք ծագումով հայեր են եւ եկած են պաշտպանելու իրենց իրաւունքներն ու տէր կանգնելու՝ արմատներուն:
Յառաջադէմ թուրքերու շօշափելի թիւ մը համակարծիք է եւ փոքրամասնութիւններու թիկունք կանգնելով կը յայտնէ.- «Ստրունք չե՛ն եւ չե՛նք»:
Նոյնիսկ, կրնան միեւնոյն ձեւով կը մտածել…հարիւր տարի առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մտայղացած ղեկավարութեան շառաւիղէն սեռած տեղացիներ:
Այդ «կրաֆիթի»ի ետին կանգնողը վոհմակ մըն է…«Գորշ Գայլեր»ու, նաեւ այդ ծայրայեղ ազգայնամոլ-կրօնամոլներու կողքին կանգնող, «Արդարութենէ եւ Բարգաւաճումէ» շատ հեռու, սուլթանութիւն երազող՝ նախագահ Էրտողան եւ իր հլու կամակատար վարչամեքենան:
Նոյնինք ստրկացած եւ սնանկացած արարք մըն է պատահածը, որ բոլորովին անվայել եւ անյարիր կը նկատուի:
Միջազգային օրէնքներու հետ քայլ պահելով եւ տարիներ շարունակ պայքարելէ ետք, յառաջադէմ պետութիւններ եւ ոչևկառավարական հիմնարկներ արգիլած են ստրկութիւնը: Ստրկութիւնը արգիլող եւ թեր քուէարկող վերջին երկիրը…Ափրիկէի Սահարա անապատին խորքերը թաքնուած Մաւրիտանիան էր:
Եւ երեւակայել հեռաւոր Նաուքշոթի (Մաւրիտանիոյ մայրաքաղաքը) մէջ ստրկութիւնը արգիլուած է, իսկ զանազան մշակոյթներու եւ ցամաքամասներ կամրջող պատմութիւն կերտած քաղաք՝ Պոլսոյ մէջ, ցայսօր ստրկութիւն քարոզող նմանօրինակ գրութիւններ պարզապէս ահազանգ կը հնչեցնեն:
Այս պարագային, միակ ստրուկը, այն անձն է որ այս ստրկամիտ մտայնութեան տէր է եւ նմանօրինակ գաղափարաբանութիւն կը քարոզէ:
Պարզ ու ջինջ…ստրուկ չե՛նք եւ պիտի չըլլա՛նք:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





