Երրորդ Օրն Ըլլալով Բողոքի Ցոյցեր` Երեւանի Մէջ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Երէկ` երեքշաբթի, 23 նոյեմբերին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ 3-րդ օրն ըլլալով տեղի ունեցան անհնազանդութեան եւ բողոքի ցոյցեր: Անոնց նպատակն է կանխել սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին փաստաթուղթի ստորագրումը եւ թոյլ չտալ միջանցք տրամադրել թշնամիին:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կը պահանջեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները լիարժէքօրէն զինեն առաջնագիծը եւ պաշտպանեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Նշենք, որ բողոքի ցոյցի նախաձեռնողն է «Ազատագրական շարժում» խումբը:
Սաղաթէլեան. «Մենք Պատրաստ Ենք Աջակցելու Ցուցարարներուն Եւ Կը Կիսենք Անոնց Պահանջները»
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
«Մենք մեր նախկին յայտարարութիւններուն հաւատարիմ ենք, ըսած ենք, որ պատրաստ ենք աջակցելու, կը կիսենք անոնց պահանջները», «ՄետիաՀապ»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը` պատասխանելով այս օրերուն իշխանութիւններուն դէմ ցոյցեր կազմակերպող ուժերուն նկատմամբ «Հայաստան» դաշինքի կեցուածքին մասին հարցումին:
Ըստ Սաղաթէլեանի, բոլոր այն առողջ ուժերը, որոնք կը պայքարին յանուն Հայաստանի, այդ կարգին` նաեւ այսօրուան իշխանութիւններուն դէմ, իրենք պատրաստ են ե՛ւ գործակցութեան, ե՛ւ անոնց աջակցելու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խմբակցութեան մէջ միասնական որոշում կա՞յ, պիտի մասնակցի՞ն այս պահուն (երէկ` 23 նոյեմբեր 2021-ին, «Ա.») տեղի ունեցող ցոյցին, Սաղաթէլեան ըսաւ.
«Մեր համակիրներէն, նաեւ խմբակցութեան պատգամաւորներէն, այսօր ժամը 14-ին մասնակցած են ցոյցին, նաեւ հիմա ներկայ են»:
Անդրադառնալով աջակիցներ հաւաքագրելու իրենց նախաձեռնութեան` Սաղաթէլեան նշեց. «Այսօրուընէ մեր գրասենեակներուն մէջ պիտի սկսինք կամաւորագրել քաղաքացիներ, որոնք կ՛ուզեն դառնալ դիմադրութեան մասնակից: Սակայն միայն այդպիսով չ՛աւարտիր մեր աշխատանքը: Հինգշաբթի խորհրդարանին մէջ պիտի կազմակերպենք լսումներ, որոնց պիտի հրաւիրենք նաեւ արտախորհրդարանական ուժեր, այդ կարգին` այս պահուն ցոյց ընող գործընկերները, եւ առիթ պիտի տրուի խորհրդարանի ամպիոնէն կարծիք յայտնելու»:
www.aztagdaily.com/archives/530052