ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Է

Խմբագրական
Yeran KOUYOUMJIAN
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Ազգը գոյութիւն կ’ունենայ եւ կը յարատեւէ պատմութեան մէջ, առաջին հերթին, շնորհիւ իր լեզուին, որ մարմնաւորումն է անոր մտածողութեան, աշխարհայեացքին, հոգեկերտուածքին, ազգային իր ինքնագիտակցութեան: Հայրենազուրկ ժողովուրդներ, շատ անգամ, դարեր շարունակ կրցեր են պահել-պահպանել իրենց ազգային ինքնութիւնը, կենսունակ պահելով իրենց լեզուն: Ահա թէ ինչու Եղեռնէն մազապուրծ արեւմտահայ տարագիր բեկորները, գաղութահայ իրենց կեանքի առանցքը դարձուցին արեւմտահայ լեզուի պահպանման գերխնդիրը, հիմնելով հայեցի կրթութեան վառարաններ՝ հայ դպրոցներ, աշխարհի չորս ծագերուն, հո՛ն ուր հանգրուանեցին անոնք: Հայ դպրոցը գերազանցօրէն դարձաւ մշակութապահպանման, լեզուապահպանման դարբնոց, ազգի փրկութեան գերագոյն երաշխիք: Կորուստէն ետքը հողին, որ ամբողջական պարունակն էր հայ կեանքին, լեզուի պահպանումը կը մնար միակ երաշխիքը տարագիր եւ «փոշի ազգ» դարձած ազգի բեկորներուն հայօրէն պահպանումին եւ հայօրէն կերտումին համար:

Արդարեւ, արեւմտահայերէնը բռնագրաւեալ մեր հայրենիքի՝ Արեւմտահայաստանի ոգեղէն բովանդակութիւնն է, մեր ներքին Հայաստանը, քանզի հայրենիքը լոկ հող ու քար չէ, այլ մանաւանդ՝ անոր ոգեղէն մթնոլորտը ցոլացնող, զայն շնչաւորող մշակոյթ ու լեզու է գերազանցօրէն…: Լեզու մը՝ այս, զոր յղկեր ու կատարելագործեր են մեր գրողներն ու բանաստեղծները, խմբագիրներն ու հրապարակախօսները, երգի ու տաղի, թատրոնի ու արուեստի, ինչպէս եւ այլ ոլորտի նուիրեալները, զայն հասցնելով իր բիւրեղեայ փայլին: Լեզու՝ որուն մէջ կ’ապրին ու կը շնչեն արեւմտահայ գրականութեան մեր հսկաները՝ Վարուժանն ու Սիամանթոն, Դուրեանն ու Մեծարենցը, Սեւակն ու Թէքէեանը, Զօհրապն ու Եսայեանը, Օշականն ու Մնձուրին, Պարոնեանն ու Համաստեղը եւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնք զայն յղկեր ու մշակեր են, հասցնելով իր ներկայ շքեղ գեղեցկութեան:

Արեւմտահայ գրական անդաստանը շարունակած է ծաղկիլ շնորհիւ սփիւռքահայ վարժարաններու յարկին տակ հոգեմտաւոր սնունդ ստացած, հայօրէն պատրաստուած յաջորդական սերունդներու գրական ճիգերուն: Այսպէս, լոյսին ընծայուած են եւ դեռեւս կ’ընծայուին հայ գիր ու դպրութեան, հայ մամուլի հազարաւոր հրատարակութիւններ, որպէս լոյսի շողեր՝ հայ ինքնութիւնն ու հայ ինքնագիտակցութիւնը վառ ու ճառագուն պահող, արեւմտահայերէնի հնչիւնները աշխարհացրիւ հայութեան հասցնող ղօղանջներ:

Լեզուն, արեւմտահայերէնը, անով ստեղծուած հայ բառն ու բանը, դարձան հոգեւոր հայրենիք՝ օտար երդիքներու տակ տուայտող արեւմտահայութեան բեկորներուն եւ անոնց ժառանգներուն: Ազգային ոգի՛, արեան կա՛նչ, հայրենեաց ձա՛յն հարազատ:

Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, հողային մեր Պահանջատիրութիւնը՝ լոզունգէ անդին իմաստ կը զգենու, առաջին հերթին, եթէ մենք տէրն ենք անոր ոգեղէն բովանդակութեան, արեւմտահայերէնին, անով ստեղծուած գիր-գրականութեան, մշակոյթին: Իսկ տէր ըլլալը կ’ենթադրէ լրջագոյն պատասխանատուութիւն, յանձնառութիւն, ամէնօրեայ կազմակերպուած, տքնաջան աշխատանք, նուիրում…: Այլապէս, փուճ խօսք եւ կեղծաւորութիւն պիտի ըլլար հոլովել շարունակ Հայ դատ, Արեւմտահայաստանը ազատագրելու դատ, եթէ յանձնառու չենք հողին իմաստ ու բովանդակութիւն տուող լեզուին կենսունակ պահպանման…

Լեզուն ուղղախօսութիւն եւ ուղղագրութիւն է, անտարակոյս, որոնք՝ մեր օրերուն յատկապէս, տակաւ կ’աղճատուին, կը խաթարուին՝ համաշխարհայնացման լափլիզող, ամենակուլ հոսանքին դիմաց: Որքա՛ն օտար բառեր, օտար հնչիւններ, օտար շարադասութիւններ կ’աղաւաղեն զայն, երբեմն զայն ամբողջովին անճանաչելի դարձնելու չափ: Իսկ լատինատառ հայերէնի զանգուածային օգտագործումը համացանցի տարածքին կը սպառնայ քայլ առ քայլ վերացնել հայերէն տառերու կենսունակ օգտագործումը:

Արեւմտահայերէնը ներկայիս հիմնապէս կը տուժէ ի մասնաւորի հայ դպրոցներու տակաւ նուազող քանակի եւ որակի տխուր իրականութեան հետեւանքով սփիւռքահայ գաղթօճախներուն մէջ, ինչ որ ունի առարկայական եւ ենթակայական լուրջ պատճառներ: Միւս կողմէ, մինչ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս, արեւմտահայերէնը ունի «պետական կարգավիճակ», առօրեայ իրականութեան մէջ, սակայն, պատկերը այլ է՝ պետական հոգատարութեան տեսակէտէն եւ հասարակական գիտակցութեան մէջ: Կա՞յ որեւէ հոգածութիւն պետութեան կողմէ ի պաշտպանութիւն եւ ի քաջալերութիւն արեւմտահայերէնին: Գոյութիւն ունի՞ արեւմտահայերէնի կանոնաւոր դասաւանդում դպրոցներէն ներս: Ի՞նչ ընդհանուր վերաբերմունք կայ արեւմտահայերէնին նկատմամբ մեր երկրէն ներս: Աղքատ ազգականի՞ կարգավիճակի մօտեցում: Պատասխանը յայտնի է բոլորին: Գրականագէտ, գրաբարագէտ, բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեան, իր՝ «Արեւմտահայերէնը ապրող, բազմասնուող եւ կենսատու լեզու» խորագրեալ բովանդակալից յօդուածին մէջ, այնքան դիպուկ կերպով կը գրէ. «…. այսօր հրատապ խնդիրներ են երկու լեզուների երկխօսութիւնը, հայրենիքից դուրս արեւմտահայերէնի հիմնաւոր ամրացումը, ի հեճուկս առարկայական պատճառների՝ նրա պահպանումը որպէս աշխարհասփիւռ արեւմտահայի մտածողութեան լեզու եւ նրա ազգային ինքնագիտակցութեան խօսուն վկայ»:

Երկու լեզուներու երկխօսութեան ուղղութեամբ, դրական գործնական քայլ պիտի ըլլար, անտարակոյս, միասնական ուղղագրութեան որդեգրումը: Գրական երկու լեզուներու՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբեր ուղղագրութիւնը խոր խրամատ կը ստեղծէ, արդարեւ, երկու լեզուներու եւ զայն կրողներու միջեւ, անհարկի դժուարութիւններ կը ստեղծէ Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութեանց մէջ, ինչ որ այս հարցը անհրաժեշտօրէն կը դարձնէ մշակութային օրակարգի հիմնախնդիր, եթէ իրապէս հետամուտ ենք՝ այնքան հոլովուած, «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսի կենսագործման:

Կայ սակայն աւելին: Այնքան շատ կը խօսինք եւ կը գրենք համահայկական ոգիի ինքնաճանաչումին մասին, համահայկական ինքնագիտակցութեան մասին, համահայկական տեսլականի մասին, ինչ որ վստահաբար կ’ենթադրէ երկու լեզուաճիւղերու հաւասարազօր եւ համարժէք ընդունելութեան, զարգացման մօտեցում եւ հնարաւորութիւն: Այս հիմնախնդիրը, լեզուի խնդիրը, էատարրն է ազգային, համահայկական գաղափարախօսութեան եւ կ’ենթադրէ մասնաւորաբար պետական յանձնառութիւն, յանուն մէկ եւ ամբողջական հայութեան տեսլականի իրագործման, եթէ անկեղծ ենք համազգային մեր հաւատամքին ու նախանձախնդրութեան մէջ: Ազգահաւաքին եւ հողահաւաքին:

Լեզուի նկատմամբ պետական հոգածութիւնը անհրաժեշտաբար պարտի ընդգրկել թէ՛ արեւելահայերէնը, թէ՛ ալ արեւմտահայերէնը, առաջինին վերադարձնելով իր չեղծուած, հարազատ ուղղագրութիւնը, ինչ որ զայն պիտի կամրջէր անցեալի բազմադարեան գրականութեան, ազդակ դառնար օտարաբանութիւններու եւ խորթաբանութիւններու կտրուկ նուազման եւ պիտի էապէս դիւրացնէր Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ կապերը. իսկ երկրորդին՝ պահպանելու համար ազգային մշակոյթի այն անփոխարինելի հարստութիւնը որ բռնախլուած Արեւմտահայաստանի ոգեղէն բովանդակութիւնն է, վառ պահելու տարագիր մեր ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութիւնը, ինչպէս եւ նոր որակ փոխանցելու համազգային մեր տեսլականին՝ հայահաւաքի եւ հողահաւաքի:

Սա համազգային, մշակութային-քաղաքական հրատապ գերխնդիր է, ազգային զարթօնքի հիմքերու հիմքը, եթէ «ազգ» հասկացութեամբ մենք կը հասկնանք գերազանցօրէն հայոց մշակոյթը եւ անոր հիմնական առանցքը, որ հայոց լեզուն է իր երկու ճիւղերով:

Հայոց լեզուի կենսունակ պահպանումն է որ կը պայմանաւորէ, գերազանցօրէն, ազգային պետականութեան յարատեւումը, մեր Պահանջատիրութեան արդիւնաբեր երթը, ազգի ու հայոց երկրի լինելութիւնը:

Ան հիմնական էատարրն է ազգային մեր գաղափարախօսութեան:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (54) Յունուար 2016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail