Այժմեան Թուրքիոյ ԱԱԽ Յայտարարութիւնը Կ՝անդրադառնայ Հայաստանին եւ Յունաստանին
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: <Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում>
Նախօրէին գումարուած Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նիստը տեւած է 3 ժամ եւ աւարտած յայտարարութեան ընդունումով։ Տարածուած գրաւոր յայտարարութեան մէջ, ի թիւս այլ հարցերու, անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին եւ Յունաստանին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu ajansi-ն։
Կը նշուի, որ Հայաստանը իրեն երկարած «խաղաղութեան ձեռքը» պէտք է կարեւոր համարէ իբրեւ հնարաւորութիւն հրադադարը լիովին պահպանելու եւ համագործակցութեան մէջ ներգրաւուելու համար։ Հարեւաններուն միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Անգարան կողմ է միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի պահպանման։
Իսկ Յունաստանի վերաբերեալ կը նշուի, որ վերջինս իբրեւ թէ կը դրսեւորէ կոպիտ խօսք եւ վարք, չի կատարեր բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահանջները եւ կը խախտէ միջազգային համաձայնագրերէն բխող պարտաւորութիւնները։ Այդ ամէնը Անգարան կը դիտարկէ իբրեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան վրայ բացասաբար ազդող գործոններ։
yerakouyn.com/2021/11/26/թուրքիոյ-աախ-յայտարարութիւնը-կ՝անդր/