
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 20 յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Հայ-ռուսական զինուորական արհեստագիտական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբ»-ի 10-րդ նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարած է, որ վերջին տարիներուն միացեալ հսկայական աշխատանք կատարուած է: «Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ մենք կը գտնուինք միասնական տնտեսական եւ անվտանգութեան միութիւններու մէջ: Յատկապէս անվտանգութեան համակարգը միասին կը կառուցենք եւ միասին կ՛աւելցնենք մեր զինուած ուժերու եւ մեր երկիրներու պաշտպանական ներուժը», ըսած է ան:
Նախարար Օհանեան նշած է, որ այս տարիներուն Ռուսիոյ կողմէ մեծ աշխատանք կատարուած է, եւ օգնութիւն ցուցաբերուած է Հայաստանին զինուորական համակարգի մատակարարման առումով: «Այժմ գոյութիւն ունի յստակ համաձայնագիրներ եւ իրաւական խարիսխ, որոնց միջոցով մենք կրնանք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք կարելիութիւն կը ստեղծենք մեր ձեռնարկատէրերուն, ընկերութիւններուն, հասարակութեան եւ տարբեր կազմակերպութիւններու համար, որպէսզի անոնք կարենան անմիջական կապ հաստատել, համագործակցութիւն ստեղծել, միացեալ ձեռնարկութիւններ ստեղծել», ըսած է նախարարը: Ան դիտել տուած է, որ ամէնէն կարեւորը անվտանգութեան ապահովումն է «յատկապէս Հայաստանի համար, որ կտրուած է ընդհանուր սահմաններէ, նոյնիսկ` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն եւ Ռուսիոյ ներքին գիներով ժամանակակից զէնք գնելու կարելիութենէն: Ատիկա Հարաւային Կովկասին մէջ զսպման համակարգ ստեղծելու կարելիութիւն կու տայ»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com





