Փեքինի Գերտէրութիւն Դառնալու Ծրագիրը (Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը) – ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
ՅՕ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Չինաստանի ներկայութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր բնոյթ ունի, քան այդ շրջանին մէջ` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներունը: Նախ եւ առաջ, Չինաստան մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներուն նման գերտէրութիւն մը չի նկատուիր, մանաւանդ որ Ուաշինկթընի նման ռազմական եւ ռազմավարական հսկայական կարողութիւններ չունի, եւ Փեքինի ներկայ յաջողութիւնները երկրի համախառն ներքին արդիւնքին (GDP) եւ տնտեսական արագ վերելքին վրայ կը կեդրոնանան:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Փեքին անմիջապէս մուտք գործեց Կեդրոնական Ասիա եւ տեղւոյն երկիրներուն հետ կարգաւորեց պետական սահմաններ ու լուծեց խորհրդային օրերուն Մոսկուայի հետ ժխտական յարաբերութիւններուն պատճառով ծագած խնդիրները: 15 յունիս 2001-ին Չինաստան, Ղազախստան, Խըրխըզստան, Տաճիկստան, Ուզպեքստան եւ Ռուսիա միասնաբար հաստատեցին Շանկհայի տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութիւնը: Այս բոլորին կողքին, Չինաստան տնտեսական իր ներդրումներով յաջողեցաւ զարգացնել Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները եւ ամրապնդել շրջանի նաւթային եւ մետաղային հարստութիւններուն վրայ իր շահաբաժինները: Ընդհանուր առմամբ, Չինաստանի տնտեսական ներդրումները դրական են շրջանին համար, որովհետեւ այդ ներդրումներուն շնորհիւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները կարողութիւնը ունեցան ենթակառուցուածքային, տնտեսական եւ առեւտրական մեծ յաջողութիւններ արձանագրել: Անկարելի է մոռնալ նաեւ «Ճանապարհ եւ գօտի» ենթակառուցուածքային ծրագիրին դերակատարութիւնը եւ Փեքինի գերտէրութիւն դարձնելու Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի ծրագիրները: Աւելի՛ն Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ իր ընտրութենէն 1 տարի ետք յաջորդաբար այցելեց Կեդրոնական Ասիոյ հինգ հանրապետութիւններէն չորսը եւ փորձեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը զարգացնել եւ ամրապնդել: Շի նման այցելութիւն մը կրկնեց նաեւ 2019-ին:
Ռազմական մարզին մէջ Չինաստան վերջերս ձգտեցաւ ամրապնդել զինուորական իր ներկայութիւնը: Օրինակի համար, չին զինուորներ տեղակայուեցան Տաճիկստանի սահմանին վրայ` զայն պաշտպանելու համար Աֆղանստանի հետ սահմանային հարցերէ: 2019-ին Չինաստանի, Տաճիկստանի, Խրխըզստանի եւ Ուզպեքստանի զինեալ ուժերը կատարեցին միացեալ ռազմափորձեր: Սակայն, ներկայ դրութեամբ, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Չինաստանի ներկայութիւնը հիմկանօրէն տնտեսական է, նկատի ունենալով, որ շրջանի ռազմական եւ ռազմավարական գերիշխանը տակաւին Փութինի Ռուսիան է:
Հարկ է նշել, որ Չինաստան-Կեդրոնական Ասիա յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ երբեք կարելի չէ դրական նկատել, որովհետեւ Կեդրոնական Ասիոյ ժողովուրդները դժգոհ են իրենց եղբայր ժողովուրդ նկատուող ույղուրներու հանդէպ Փեքինի քաղաքականութենէն: Այս մօտեցումը Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքացիներուն մէջ Փեքինի հանդէպ ժխտական որոշ մօտեցում եւ վստահութեան պակաս կը յառաջացնէ: Անցնող տարիներուն տեղի ունեցած հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ Չինաստանի քաղաքականութեան նկատմամբ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքացիներուն կարծիքը հետզհետէ աւելի ժխտական կը դառնայ:
Աւելի լայն միջազգային քաղաքականութիւն պարագային, Կեդրոնական Ասիան Չինաստանի համար հիմնական ճամբայ է դէպի Արեւմուտք, այսինքն` Եւրոպա: Աֆղանիստանէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու որոշումը կրնայ նաեւ նուազեցնել Կեդրոնական Ասիոյ ներկայ չնչին կարիքը` Չինաստանի ռազմական ներկայութեան կամ աջակցութեան: Օրինակի համար, Տաճիկստան հետագային կրնայ կարիքը չունենալ չին սահմանապահ զինուորներու: Միացեալ Նահանգներու աւելի աշխուժ տնտեսական ներկայութիւնը շրջանին մէջ կրնայ խանգարել Չինաստանի հաշիւները, որովհետեւ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւնները Փեքինի հետ իրենց յարաբերութիւնները մնայուն կերպով դրական կը ձգտին պահել` հիմնականօրէն տնտեսական կախեալութեան պատճառով:
«Քորոնա»-ի համաճարակը իր կարգին մեծապէս ազդեց շրջանին մէջ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան ու ներկայութեան վրայ: Ռուսիոյ առողջպահական համակարգը կարողութիւնը չունեցաւ դէմ դնել «Քորոնա» ժահրին եւ միաժամանակ օժանդակել մնացեալ բոլոր երկիրներուն: Միացեալ Նահանգները իրենց կարգին ամիսներ շարունակ տառապեցան ներքին հարցերէ եւ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն: Փեքին, այս միջոցին բազմաթիւ օժանդակութիւններ եւ օգնութիւններ յատկացուց Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւններուն եւ անոնց առողջապահական համեմատաբար տկար համակարգերը ոտքի պահեց:
Ներկայիս Կեդրոնական Ասիոյ մէջ գերտէրութիւններու պատկերը մեծ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի: Հետզհետէ տկարացող Ռուսիան կը փորձէ Չինաստանի հետ գործակցութեան նոր միջոցներ գտնել: Միացեալ Նահանգներ, իրենց կարգին, Աֆղանիստանի հարցէն ձերբազատելով, ներկայիս կարելիութիւնը ունին իրենց կեդրոնացումը ուղղել դէպի Կեդրոնական Ասիա: Ուաշինկթընի այս մտածումը որոշ չափով յստակ է Կեդրոնական Ասիոյ մէջ` մինչեւ 2025 տնտեսական ու ընկերային զարգացման ծրագիրներ եւ յարաբերութիւններու բարելաւումներ կատարելու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութենէն: Հաւանական է, որ Փեքին Ռուսիոյ հետ իր դրական յարաբերութիւնները օգտագործէ` Կեդրոնական Ասիոյ մէջ շահեր իրականացնելու եւ կարելի եղածին չափ Միացեալ Նահանգները շրջանէն դուրս պահելու:
Աղբիւրներ`
Caruso, P. (2020, August 3). China, Russia, United States Compete Over Central Asia’s Post-Pandemic Future. Foreign Policy. https://foreignpolicy.com/2020/08/03/covid-19-china-new-great-game-central-asia/
Denoon, D. (2016, August 4). The Strategic Significance of Central Asia. The World Financial Review. https://worldfinancialreview.com/the-strategic-significance-of-central-asia/
Sajjanhar, A. (2021, March 10). China-Central Asia relations: An uneasy co-existence. ORF. https://www.orfonline.org/expert-speak/china-central-asia-relations-an-uneasy-co-existence/
Umarov, T. (2021, January 29). Dangerous Liaisons: How China Is Taming Central Asiaâ s Elites. Carnegie Moscow Center. https://carnegiemoscow.org/commentary/83756
aztagdaily.com/archives/530618