«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. «Սեւրով Հաստատուած Հայաստանի Սահմաններուն Մէջ Այսօր Կ՛ապրի Իր Ինքնութեան Գիտակից Հայ Զանգուած». Դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ:
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան հինգշաբթի, 25 նոյեմբերի երեկոյեան դասախօսեց «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսութեան նիւթն էր «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները այսօր»:
Դասախօսը նիւթը տեղաւորեց վերջին 115 տարուան ժամանակամիջոցին մէջ, ապա հանգրուանային կտրուածքներով խօսեցաւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչակարգերու կիրարկած քաղաքականութեան մասին: Այդ քաղաքականութիւնը յատկանշուած է իսլամացման եւ թրքացման ուղղութիւններով:
Ազգային տարբեր խմբաւորումները թուրք համարելով, փաստօրէն, Թուրքիան, յատկապէս Քեմալական վարչակարգով ըստ էութեան կիրարկեց խտրական քաղաքականութիւն: Նախ իսլամացնել ոչ իսլամները, ապա թրքացնել զանոնք. իսլամացման եւ թրքացման այս քաղաքականութեան ազդակներն էին կրթութիւնը, մշակոյթը, գիտութիւնն ու քարոզչութիւնը. միջոցները` լատինական այբուբենի որդեգրումը, նոր յօրինուած, վերաշարադրուած պատմութիւնը, նոր դասագիրքերու հրատարակութիւնը, թրքութեան քարոզչութիւնը, «թրքական ասպետականութեան» տարածումն ու անոր համապատասխան հաւաքական երդումի տեսարանները:
Այս շրջածիրին մէջ թուրք պետութիւնը անուանափոխեց հայկական 10.000 բնակավայրեր, իսկ խտրականութեան առումով պետական պաշտօնեայ կրնային ըլլալ միայն ազգութեամբ թուրքերը:
Բռնաճնշումային քաղաքականութիւնը տեղի տուաւ ժողովրդագրական պատկերի արմատական փոփոխութիւններու: Արտահոսքն ու գաւառներէն դէպի Պոլիս գաղթը նկատառելի թիւերով արձանագրուեցան: Հսկայական տարբերութիւն կար հարկերու վճարման համար ճշդուած տոկոսներուն միջեւ, թուրքին հարկը հինգ տոկոս էր, յոյնինը` 150, հրեայինը` 179, մինչ հայունը` 232: Չվճարողը «կը գործուղուէր» հանքային բանուորական ջոկատներ:
Կը թուէր, որ «տէմոքրաթ»-ներու օրերուն բռնաճնշումները թեթեւցած են ըստ էութեան, սակայն խտրական քաղաքականութիւնը մնաց նոյնը` թրքացնելու նպատակը գերադասելով: Այս փուլին ազգային փոքրամասնութիւններու մէջ երեւցան Թուրքիոյ շահերուն սպասարկող անհատներ: Անձնագիրներու մէջ հաստատուեցաւ ազգութիւնը բնորոշ ծածկագիրի դրութիւնը:
Դոկտ. Ալվրցեան` Հրանդ Տինքի սպանութեան արարքին հետեւանքները վերլուծելով, ընդգծեց ինքնութեան գիտակցումի զանգուածային շարժումի երեւոյթը: Ան մանրամասն տուեալներով եւ թիւերով ներկայացուց կրօնափոխ եղած հայերու պարագան` կատարելով դասակարգումներ: Ազգային եւ կրօնական բաղադրիչները անջատելով, ան խօսեցաւ ծագումով հայ այն անձերուն մասին, որոնք անցեալը մոռնալու եւ իրողութիւնը ընդունելու հոգեբանութեամբ են, անոնք, որոնք կը շարունակեն իրենց աւանդութիւններն ու ազգագրական սովորութիւնները եւ անոնք, որոնք քրիստոնէութեան դարձի քայլեր կ՛առնեն: Այս բոլորին հանրագումարը ներկայացնելով` Հայկազուն Ալվրցեան ըսաւ, որ մենք դէմ յանդիման ենք 5 միլիոն հաշուող ծագումով հայ (ներառեալ ծպտեալ) զանգուածի, որուն մէկ կարեւոր հատուածը կ՛ապրի Սեւրի սահմանագծումով ծանօթ Հայաստանի սահմաններուն մէջ, իսկ Սեւրի սինտրոմը Անգարան կը մղէ թրքացման ամէնէն ճնշիչ քաղաքականութիւնը վարել Սեւրի տարածքներուն վրայ:
Գիտահետազօտական օրինաչափութիւններ ներառած դասախօսութեան հետեւեցաւ հետաքրքրական քննարկում` «Ազդակ»-ի լսարանականներուն մասնակցութեամբ:
aztagdaily.com/archives/530327