Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Յատուկ Ջոկատայինները Աւարտած Են Միացեալ Ռազմափորձերը
01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 –
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի յատուկ ջոկատայինները աւարտած են «Քլոզ Քուարթըր Պեթըլ 2021» միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին գրած է «Կրիք Սիթի Թայմզ» կայքը:
Միացեալ ռազմափորձերուն նպատակը յատուկ նշանակութեան միաւորուած ուժերու մարտունակութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան բարձրացումն էր մարտական պայմաններու մէջ: Դասընթացքը ներառած է արագ արձագանգման մարտական հրաձգութիւն, շարժող թիրախներու ոչնչացում, գիշերային ու քաղաքային մարտեր, բնակելի թաղամասերու մէջ մահացածներու եւ վիրաւորներու հետ աշխատանքներ:
«Նման ռազմափորձեր Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմանի համագործակցութեան ծրագիրի հետ միասին, կ՛արտացոլեն երեք երկիրներու զինուած ուժերու հիանալի համագործակցութիւնը», յայտարարած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
aztagdaily.com/archives/530800