Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Գնահատէ Արցախի Տագնապի Լուծման Մէջ ԵԱՀԿի Դերը
01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա օգտակար կը նկատէ ԵԱՀԿի դերը Մերձտնեսթրի եւ Արցախի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ: Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընդառաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Մենք կը կարծենք, թէ որեւէ հակամարտեան կարգաւորում պէտք է իրականացուի քաղաքական եւ դիւանագիտական խաղաղ մեթոտներով, սահմանուած ձեւաչափերու շրջագիծին մէջ հակամարտող կողմերու անմիջական մասնակցութեամբ եւ շահերը նկատի ունենալով», կը յայտնէ նախարարութիւնը։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւս դիտել տուաւ, որ Ռուսիա կը շարունակէ իր ուշադրութեան կիզակէտին պահել տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, որոնց կարգին՝ Արցախի հարցի լուծման ուղղուած ջանքերը:
«Ռուսիա յստակ ներդրում պիտի ունենայ այսպիսի ճգնաժամերու լուծման մէջ: Խօսքը ահաբեկիչներուն յաղթելու եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութեան խթանման վերաբերող մեր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի հարցերուն կայուն լուծումներ գտնելու առումով մեր առանցքային դերակատարութեան մասին է», ըսաւ Լաւրով։
asbarez.am/408497/ռուսիոյ-արտաքին-գործոց-նախարարութիւ/