Ուշագրաւ Քայլով Մը. Սուրիոյ Խորհրդարանը Պահանջեց Ալեքսանտրէթի Վերադարձը Սուրիական Իշխանութեան
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 –
Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ ուշագրաւ քայլով մը արծարծեց Ալեքսանտրէթի (Իսքենտերուն) նահանգին վերամիացման պահանջը` նշելով, որ անիկա սուրիական տարածքին մաս կը կազմէ: Երբեմնի հոգեւոր նստավայր դարձած Անտիոքը օսմանեան իշխանութեան շրջանին մաս կազմած էր թրքական տիրակալութեան: 1939-ին, Ֆրանսայի հետ կնքուած համաձայնագիրով արաբական ուժերու կողմէ ազատագրուած Ալեքսանտրէթը փոխանցուեցաւ Թուրքիոյ, որ զայն փութաց Հաթայ կոչել` թրքացման իր քաղաքականութեան ծիրին մէջ:
Կը նախատեսուի, որ սուրիական այս պահանջը, որ Թուրքիոյ հետ կնքուած Ատանայի համաձայնագիրէն ի վեր գրեթէ «մոռցուած» թղթածրար դարձած էր, սուրիական նոր, բայց հին պահանջի լոյսին տակ որոշ զգայնութիւններու տեղի տայ եւ լարուածութիւն ստեղծէ առանց այդ ալ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տիրող «պաղ» յարաբերութեանց մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/530938