Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարները Հանգամանալից Անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ` հինգշաբթի, 2 դեկտեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ Սթոքհոլմ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին հետ:
Էնթընի Պլինքըն ողջունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան վերականգնումը:
«Մենք կը յորդորենք կողմերը` յառաջընթաց արձանագրել մարդասիրական, նաեւ գերիներու, ականազերծման, անհետ կորսուածներու հարցերուն մէջ, հետաքննելով մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ենթադրեալ խախտումները` պատասխանատուութեան ենթարկելով մեղաւորները: Յոյսով եմ, որ մենք բոլորս, որոնց կարգին նաեւ Ռուսիան, կրնանք աշխատիլ միասին, որպէսզի յառաջընթացը շարունակական ըլլայ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով սահմանազատման եւ սահմանագծման վերաբերող հարցերուն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն լուծելու այսպիսի կարեւոր հարցեր, որոնց մէջ են սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը, տնտեսական ու հաղորդակցութեան կապերու վերականգնումը, եւ շարունակելու աշխատանքը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին ներքեւ` յանուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական ու խաղաղ լուծման»:
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր: Այս պարունակին մէջ Արարատ Միրզոյեան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ազրպէյճանական զինուած ուժերու ներթափանցման եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ վերջերս կատարուած յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:
Հանդիպումին հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդասիրական հրատապ լուծում պահանջող հարցերուն կարգին կարեւոր նկատուեցաւ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը:
Անոնք շեշտեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ տագնապի համապարփակ եւ տեւական լուծման ուղղուած խաղաղ հոլովոյթի լիարժէք վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ համանախագահ երկրի դերը:
www.aztagdaily.com/archives/531035