Միրզոյեան. «Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Մայիսէն Ներխուժած Են Եւ Կը Շարունակեն Մնալ Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքին Մէջ»
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի նախայարձակումէն ետք իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին կը մնայ լարուած, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը մայիսէն ներխուժած են եւ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:
Միրզոյեան պնդած է, որ Պաքուն կ՛ոտնահարէ վերջին պատերազմէն ետք` 9 նոյեմբեր 2020-ին ստանձնած պարտաւորութիւնները` բախումները դադրեցնելու, գերիները ազատ արձակելու մասով:
«Որեւէ բացատրութիւն չի կրնար արդարացնել այս բռնի գործողութիւնները», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` յոյս յայտնելով, որ անցեալ շաբաթ Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պայմաններ կը ստեղծեն իրավիճակի լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
www.aztagdaily.com/archives/531032